ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Շուէտահայ Ազգային Գործիչ Արշակ Գաւաֆեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/Gavafyan.jpg)
Յուլիս 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Շուէտի հայկական միութիւններու դաշնութեան նախագահ, Հայ դատի Շուէտի համադրող կեդրոնի ղեկավար Արշակ Գաւաֆեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարարը բարձր գնահատեց Հայ դատի կեդրոնի եւ հայկական միութիւններու դաշնութեան կողմէ Շուէտի պետական-կառավարական մարմիններուն հետ ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ տարուող հետեւողական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Արցախեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն իրականացուած բողոքի տարաբնոյթ ցոյցերը:
Անդրադառնալով համայնքին առնչուող խնդիրներուն` Հրանոյշ Յակոբեան յորդորեց ուշադրութիւնը բեւեռել յատկապէս երիտասարդ սերունդին հասարակական կեանքին ներգրաւելու եւ առաջ մղելու, նախարարութեան ամառնային ծրագիրներուն աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն ապահովելու եւ ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը բարձրացնող այլ հնարաւորութիւններու ստեղծման վրայ:
Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շուէտահայ համայնքէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի ձեռնարկները պատշաճ իրականացնելու նպատակով` Հայաստանի մշակութային գործիչներու ներկայութիւնը ապահովելու հնարաւորութիւններուն հետ կապուած հարցեր: