«Արուեստ-Խաղ» Գիրքը` Հայ Երեխաներու Գեղագիտական Ճաշակի Ձեւաւորող

Նորարարական արուեստագիտութիւններու մեծ յառաջընթաց ունեցող եւ արագ քայլերով զարգացող մեր ժամանակներուն հետաքրքիր ու աննախադէպ ձեռնարկներով  հանդէս կու գան հայ երիտասարդները, որուն վառ ապացոյցը երեք հրաշալի հայուհիներու` մասնագիտութեամբ լեզուաբան Լիա Մխիթարեանի, գրաֆիկական ձեւաւորողներ Լիլիթ Ստեփանեանի եւ համաշխարհային գրականութեան մասնագէտ Գայեանէ Այվազեանի ստեղծած «Արուեստ-խաղ» գիրքն է, որուն առիթով ալ «Հայերն այսօր»-ի համար զրուցեցի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուած արուեստասէր, տաղանդաւոր, նպատակասլաց հայուհիներուն հետ: Մեր զրոյցի ընթացքին աղջիկները հանգամանօրէն ներկայացուցին իրենց համագործակցութեան առաջին քայլերը, մտայղացման ծրագիրի մեկնարկն ու աշխատանքային գործունէութեան սկիզբն ու ընթացքը:

Լիա՛, ըսէք, խնդրեմ, ի՞նչ է ձեր նախաձեռնութեան բուն նպատակը:

– Նախ` ըսեմ, որ 2012 թուականին մենք ստեղծեցինք «Էյուա» արուեստներու հիմնադրամը (EYVA arts foudation), որուն նպատակը Հայաստանի մէջ արուեստի զարգացման նպաստելն է եւ դուրսը հայ արուեստը ներկայացնելն ու տարածելը: Համահիմնադիրները ես ու Լիլիթն ենք, յետոյ մեզի միացաւ Գայեանէն, որուն հետ, մինչեւ հիմնադրամի ստեղծումը, աշխատած էինք: Մեր աշխատանքին մէջ ամէն մէկն ունի իր պարտականութիւնները, սակայն, ընդհանուր առմամբ, այն խմբական աշխատանք է: Հաշուի առնելով մեր երկրին մէջ մշակոյթի, արուեստի ոլորտին մէջ նման գիրքերու, հետաքրքիր նիւթերու, խաղերու եղած պակասը` ձեռնարկեցինք «Արուեստ–խաղ» գիրք ստեղծելը: Բնականաբար, մեր հիմնադրամի նպատակը նաեւ այս նախաձեռնութիւնը իրականացնելուն աջակցիլն էր:

Ին՞չ ծրագիրներ  կեանքի կոչած էք «Էյուա»-ի աջակցութեամբ:

-Մենք ունինք կրթական, ընկերային  շարք մը ծրագիրներ, իսկ համահայկական ծրագիրներ սկսանք 2015 թուականէն` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին. ստեղծեցինք «100 տարի-100 արուեստ» նախագիծն ու այն կեանքի կոչեցինք: Կայք ստեղծեցինք, ուր զետեղեցինք 1915-էն 2015 թուականներուն ապրած ու ստեղծագործած աշխարհի բոլոր հայ նկարիչներու` Ցեղասպանութեան թեմաներով եղած աշխատանքները, ստեղծեցինք առցանց ցուցակ. նկարիչները www 100 years 100 arts.com հասցէով կրնան մեզի հիմա ալ ուղարկել իրենց նկարները: Կայքն անընդհատ կը թարմացուի: Սա համահայկական  մեծ ծրագիրի մը մեկնարկ էր: Միւս ձեռնարկը մեր խաղի ստեղծումն էր, որուն մասին կրնանք ըսել, որ այն Հայաստանի մէջ արուեստ ուսուցանող առաջին խաղ-գիրքն է, որ շուտով կը վաճառուի նաեւ «Բիւրոկրատ» գրախանութին մէջ: Այն քարտային խաղ է, տպագրած ենք հազար օրինակէ, մեզի հովանաւորած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը, Երկրի Նախագահի դրամաշնորհային աջակցութիւնն ունեցանք, ծրագիրը կեանքի կոչելուն նպաստեց Եւրոմիութիւնը, ՄԱԿ-ի հայկական գրասենեակը, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամը, եւ այս նիւթական ու բարոյական աջակցութիւններուն շնորհիւ մենք կրցանք ոչ միայն ստեղծել խաղը, այլեւ` այդ խաղէն որոշակի քանակ նուիրաբերել մարզերուն, գիւղերուն մէջ ապրող երեխաներուն եւ հիւանդ երեխաներուն: Խաղի նոր թողարկումէն յետոյ կը նախատեսենք խմբաքանակ մըն ալ նուիրել սահմանամերձ շրջաններու, գիւղերու երեխաներուն: Գիրքը կը վաճառուի առցանց:

Հարցս ուղղեմ Լիլիթին` ո՞ր տարիքի երեխաները կրնան օգտուիլ ատկէ, մանրամասնէք, խնդրեմ, խաղի բնոյթը:

– Այն նախատեսուած է 5-է բարձր տարիքի երեխաներու, պատանիներու համար. ըսեմ, որ ծնողներուն ալ  խաղը շատ կը հետաքրքրէ. կարելի է ըսել, որ այն նաեւ ընտանեկան խաղ է: Իմաստալից, հետաքրքիր խաղ է, որ արուեստի հանդէպ գեղագիտական ճաշակ կը ձեւաւորէ, գիտելքներ կու տայ երեխաներուն` հայ արուեստի, մեր աշխարհաճանաչ նկարիչներու մասին: Այս խաղ-գիրքը կը ներառէ 12 հայ նկարիչներ (Յակոբ Յովնաթանեան, Յովհաննէս Այվազովսկի, Գէորգ Բաշինջաղեան, Վարդգէս Սուրէնեանց, Մարտիրոս Սարեան, Երուանդ Քոչար, Յարութիւն Կալենց, Յակոբ Յակոբեան, Սերգէյ Փարաջանով, Գրիգոր Խանջեան, Մինաս Աւետիսեան,Աշոտ Յովհաննիսեան) առաւել յայտնի ստեղծագործութիւնները պատկերող խաղաքարտեր` երեխաներու հետ թէ՛ խմբային, թէ՛ անհատական խաղեր կազմակերպելու համար, ինչպէս նաեւ` ուշագրաւ տեղեկութիւններ պարունակող պատկերաւոր գրքոյկ: Խաղն ուղղակի կոչած ենք` «Արուեստ»:

Գայեանէ՛, Դուք ի՞նչ կրնաք ըսել «Արուեստ-խաղ» գիրքին մասին, ի՞նչ հեռանկարներ ունի այն, հասանելի՞ է արդեօք Սփիւռք ապրող հայ երեխաներուն:

–Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ պէտք է ըսեմ, որ մեր ստեղծած խաղն իր պատուաւոր տեղը գտած է Ամերիկայի հայկական թանգարանին, Նիւ Եորքի յայտնի (MOMA) ժամանակակից արուեստներու թանգարանի գրադարանին մէջ: Այն պարզապէս խաղ չէ, նաեւ գեղագիտական իւրօրինակ ճամբորդութիւն, որ կը վերարժեւորէ ստեղծագործ ուսուցման ուղիները եւ մշակութային իւրօրինակ կամուրջ կը դառնայ երեխայի մտածողութեան եւ արուեստի միջեւ: Մենք կը ցանկանք, որ այն տարածում գտնէ նաեւ Սփիւռքի մէջ, ուստի որոշեցինք դիմել նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն եւ խորհրդակցիլ յարգարժան նախարարին հետ:

Նշեմ նաեւ, որ այս ծրագիրը կեանքի կոչելու հարցով մասնագիտական  մեծ խումբ մը աշխատած է` նկարիչներ, ձեւաւորողներ, գեղագիր, խմբագիր եւ այլ մասնագէտներ:

Լիա՛, որո՞ւն հետ  կարեւոր կը համարէք ձեր համագործակցութիւնը` խաղն իրացնելու համար, ովքե՞ր են ճիշդ հասցէատէրերը:

-Շատ կարեւոր կը համարենք համագործակցութիւնը թանգարաններու հետ. մեր ֆէյսպուքեան էջին վրայ կրնաք հանդիպիլ նման գրառումներու` «Արուեստ» խաղը կրնաք ձեռք բերել` այցելելով Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարան: Համագործակցած ենք Փարաջանովի թանգարանին հետ. կարեւոր է, որ մեր ցանկին մէջ ընդգրկուած նկարիչներուն թանգարանները կան Հայաստանի մէջ, եւ երեխաները կրնան այցելել: Երեխաները տուեալ նկարիչի գործերը կրնան տեսնել անոնց թանգարաններուն մէջ եւ այնտեղէն ձեռք բերել խաղը. սա միանգամէն  քանի մը կարեւոր քայլի խթանում է` երեխան կ’այցելէ մեծանուն նկարիչի թանգարան, կը հասկնայ թանգարանի բուն էութիւնը եւ  կը տեսնէ նկարներու բնօրինակները, կը գնէ խաղը: Այժմ կը համագործակցինք  «ԱՅԲ» դպրոցին հետ, նաեւ Էրեբունիի դպրոցներէն մէկը  որոշակի քանակ ձեռք բերած են. դեռ շատ ընելիքներ ունինք: Անհրաժեշտութեան պարագային մենք կերթանք  տուեալ դպրոց եւ ուսուցիչին, տուեալ պարագային` կերպարուեստի, կը  բացատրենք խաղի կանոնները, որպէսզի անոնք ալ ներկայացնեն երեխաներուն:

Այդ խաղի նախատիպը կա՞ր աշխարհի մէջ եւ ո՞ր երկրի օրինակը  ձեզի առաւել հետաքրքրած է:

 -Անշու՛շտ. զարգացած երկիրներու մէջ շատոնց կեանքի կոչուած են նման նախագիծեր: Մենք շատ երկար  ուսումնասիրած ենք եղած օրինակները, բազմաթիւ նիւթեր  գնած ենք, ձեռք բերած, ճամբորդած ենք տարբեր երկիրներով, դիտարկած նման խաղերու յաջողութիւնները: Ըսեմ, որ դուրսը երեխաներուն արուեստին աւելի շատ կը մօտեցնեն. այդ գաղափարը կը ցանկանք զարգացնել նաեւ մեր մօտ: Ուսումնասիրելով ուրիշ երկիրներու նման խաղերու ձեւաչափերը` մենք առանձին մասեր  վերցուցած ենք, սակայն հիմնականին մէջ մեր աշխատանքին մէջ սեփական մտայղացումները  օգտագործած ենք: Խաղ կայ, որ ամբողջութեամբ  մենք ստեղծած ենք, մշակած:

Լիլի՛թ, ձեզի կը ճանչնա՞ն Հայաստանի մէջ, մեր հասարակութեան լայն շերտերն արդեօք ծանօ՞թ են խաղին:

-Մեր ստեղծած խաղը մէկ ամսուան պատմութիւն ունի եւ բուռն կերպով կը քննարկուի. մասնագիտական ոլորտներուն մէջ մեզի, ի հարկէ, կը ճանչնան: Մենք կը ցանկանք, որ խաղը լայն տարածում գտնէ Սփիւռքի մէջ, որովհետեւ այն հայապահպանական զգալի նշանակութիւն ունի:

Ի՞նչը պիտի ըլլայ ձեր աշխատանքի շարունակութիւնը, Գայեանէ՛:

-Յետագային ալ պիտի շարունակենք անդրադառնալ միւս հայ նկարիչներուն, համաշխարհային նկարիչներուն, ճարտարապետութեան, հնարաւոր է` նաեւ երաժշտութեան ու երգարուեստին:

Իմ այն հարցին, թէ արդեօք աղջիկները գո՞հ են սեփական աշխատանքի արդիւնքներէն` երեքն ալ արձագանքեցին ժպիտներով, այնուհետեւ աւելցուցին, որ յաջորդ «Արուեստ-խաղ» գիրքը պիտի նուիրուի հայ քանդակագործներուն:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

 

Scroll Up