ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց «Ջահ» Հիմնադրամի Պատուիրակութիւնը
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Ջահ» հիմնադրամի հիմնադիր, հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սօս Սահակեանը, հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Մկոյեանը եւ ՀՀ վաստակաւոր ճարտարապետ Յովհաննէս Մութաֆեանը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը բարձր գնահատեց այն բազմաբեւեռ գործունէութիւնը, որ կ’իրականացնէ «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամը` ուղղուած Վրաստանի Սամցխէ-Ջաւախք եւ Քուէմօ-Քարթլի նահանգներու հայութեան հասարակական կեանքի տարբեր ոլորտներու զարգացման եւ հայ-վրացական համագործակցութեան սերտացման:
Ան մասնաւորապէս ըսաւ «Ջաւախքը մեր ամենակազմակերպուած, միասնական ու օրինակելի համայնքներից է, որը սերտօրէն համագործակցում է Սփիւռքի նախարարութեան հետ, ակտիւօրէն է մասնակցում մեր բոլոր ծրագրերին ու ձեռնարկներին: Կարծում եմ` «Ջահ»-ի ստեղծումը եւ ջաւախահայութեան սերուցքի ներգրաւումը շրջադարձային էին, ոգեւորիչ: Այն, որ հիմնադրամի գլխաւոր առաքելութիւնը բազմազաւակ ընտանիքներին աջակցելն է, առաւել պահանջուած, կարեւոր է դարձնում ձեր գործունէութիւնը: Իսկ հայկական պատմամշակութային կոթողների պահպանութեանը, ազգային աւանդոյթների զարգացմանը, հայ մշակոյթի տարածմանն ուղղուած ձեր գործունէութիւնը պարզապէս յարգանքի ու ակնածանքի են արժանի»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր գնահատանքի եւ աջակցութեան համար` Սօս Սահակեան տարածաշրջանային հակամարտութիւններու եւ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու ծիրէն ներս կարեւոր համարեց համախմբումը «Ջահ»-ի շուրջ եւ յոյս յայտնեց, որ Սփիւռքը եւս ձեռք կը մեկնէ` լուծելու ջաւախահայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:
Հայաստանի եւ Ջաւախքի մէջ բարեգործական եւ հասարակական գործունէութիւն ծաւալելու, հայապահպանութեան գործին մէջ առանձնայատուկ ծառայութիւններու, կրթական, մշակութային խնդիրներու լուծման գործին մէջ մեծ աւանդի համար «Ջահ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, գործարար Սօս Սահակեան պարգեւատրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Պօղոս Նուբար» մետալով:
Նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ արուեստագէտներու, գիտնականներու, մտաւորականններու սերտ համագործակցութիւնը հիմնադրամին հետ: Հայ ճարտարապետութիւնը սփիւռքի մէջ զարգացնելու եւ տարածելու գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդը եւ Ջաւախքի Կարծախ գիւղին մէջ Ջիւանու տուն-թանգարանը նախագծելու համար ՀՀ վաստակաւոր ճարտարապետ Յովհաննէս Մութաֆեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մետալով:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց հիւրերը գալիք Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ եւ մաղթեց խաղաղութիւն, ուժ ու եռանդ` կեանքի կոչելու նոր ազգօգուտ ծրագիրներ ու նախաձեռնութիւններ: