Ֆրանսայի Ռոն Ալպ շրջանային խորհուրդի եւ գիւղական համայնքներու ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Սփիւռքի նախարարութիւն
Հոկտեմբեր 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ֆրանսայի Ռոն Ալպ շրջանային խորհուրդի եւ գիւղական համայնքներու ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին Հայաստանի համայնքներու միութեան նախագահ, Եւրոպայի խորհուրդի քոնկրէսին, ԵՄ ԱլԳ CORLEAP-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութիւններու ղեկավար Էմին Երիցեան, Ռոն Ալպի շրջանային խորհուրդի անդամ, խորհուրդի փոխնախագահ Էտուարտ Սիմոնեան, Ռոն Ալպի շրջանային խորհուրդի Եւրոպայի եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Ռաշել Հաապ, Ռոն Ալպի շրջանի հայաստանեան ներկայացուցիչ Անահիտ Դաւթեան:
Ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց շրջանային համագործակցութիւնը որպէս հայ–ֆրանսական բարեկամութեան օղակներէն մէկը, յատկապէս` ապակեդրոնացուած գործակցութիւնը: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Շնորհակալ ենք, որ ֆրանսիական կառավարութիւնը ստեղծում է բոլոր հնարաւորութիւնները, որ հայերը ոչ միայն ապրեն ու զարգանան, այլեւ ակտիւ մասնակցութիւն ունենան երկրի քաղաքական, տնտեսական, հասարակական ու մշակութային կեանքին»:
Ռոն Ալպի շրջանային խորհուրդի անդամ, խորհուրդի փոխնախագահ Էտուարտ Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար: Ան նշեց, որ կարեւոր է տնտեսական, մշակութային կապերու ամրապնդումը, հմտութիւններու, փորձի փոխանակումը: Պարոն Սիմոնեան անդրադարձաւ Հայաստանի համայնքներու ընկերակցութեան հետ ստորագրած համաձայնագիրին:
Քննարկուեցան յետագայ համագործակցութեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու, համատեղ իրականացուելիք այլ ձեռնարկներու ծիրին մէջ: