«Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» Կիրակնօրեայ Նոր Դպրոցի Բացումը Հալէպի Մէջ
“Գանձասար”․- Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին ամէն տարի խոր հաւատքով ու վերանորոգ կամքով կ՛ոգեկոչէ յիշատակը իր հիմնադիր առաջին Լուսաւորիչ առաքեալներուն` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոսին:
Արդարեւ, այս տարի եւս, Առաքեալներու Տօնին առիթով, Շաբաթ, 2 Դեկետմբեր 2017-ին հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, քաղաքիս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «առաւօտեան» ժամերգութիւն, իսկ ժամը 9:00-ին Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որ մատուցեց Արժ. Տ. Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեան, ի ներկայութիւն քահանայ հայրերու, Ազգ. իշխանութեան ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին. յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին առաջնորդ Սրբազան Հայրը տուաւ իր պատգամը կեդրոնացնելով Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու նուիրական գործին ու նահատակութեան վրայ եւ անդրադառնալով Հալէպի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու հոգեմտաւոր դաստիարակութեան ու դերակատարութեան, որուն հիմքը դրաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տառապեալ ծերունազարդ հայրապետը` Սահակ Խապայեան կաթողիկոս 1929-ին, առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նախապատերազմեան շրջանի Հալէպի մէջ գործող չորս կիրակնօրեայ դպրոցներու գոյութեան եւ ներկայ իրավիճակի խաղաղ պայմաններուն լոյսին տակ ան ըսաւ. «Փառք եւ գոհութիւն կը վերառաքենք ամենակալին Աստուծոյ, որ այսօր եկած ենք հոգեւոր հիմք մը դնելու Ազգ. Սահակեան վարժարանը անուանելով մեր հայ եկեղեցւոյ եռամեծար հայրապետներէն Ս. Ներսէս Շնորհալիի անունով, ուր մեր մատղաշ սերունդի հայ մանուկները պիտի ճանչնան Ս. գիրքը, պիտի ստանան հոգեմտաւոր դաստիարակութիւն, պիտի ճանչնան մեր եկեղեցւոյ հայրերու կեանքին, պատմութեան շարականներուն եւ աղօթքներուն», ապա անդրադառնալով կիրակնօրեայ դպրոցի կարեւորութեան կոչ ուղղեց ներկաներուն նոր յոյսով ու զօրաւոր հաւատքով, անսակարկ նուիրումով ու ծառայութեամբ գործի լծուելու` առաջնորդուելով գերագոյն լոյսով եւ Հայաստան աշխարհի առաջին լուսաւորիչներուն` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու աւանդով:
Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քահանայ հայրերու, ազգայիններու եւ թաղականութեան հետ այցելեց կիրակնօրեայ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» նոր կեդրոնը` քաջալերելով ուսուցչական կազմը` թելադրելով մնալ հաւատաւոր սպասաւորները Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու աւանդին:
Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան