Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ազգային Ժողովին ՄԷջ Ներկայացուցած Է Նախարարութեան 2018 թ. Պիւտճէի Նախագիծը

ՀՀ Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներուն մէջ կը շարունակուին «ՀՀ 2018 թուականի պետական պիւտճէի մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծի քննարկումները: Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց նախարարութեան ծախսերը եւ ծրագիրները:

Նախարարին խօսքով 2018թ. Սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի իրականացնէ 25 ծրագիր, որոնք կը վերաբերին արեւմտահայերէնի պահպանման, համայնքներու կանոնարկման, ցեղասպանութեան ճանաչման հարցերուն եւ այլն:

Հրանոյշ Յակոբեան հարցերու առաջին խումբը որ առանձնացուց գիտահետազօտական աշխատանքներու հրապարկումն է, որոնք կը վերաբերին համայնքներու պատմութեան, խնդիրներուն: «Իւրաքանչիւր տարի տպագրւում է հայկական սփիւռքում ստեղծագործող մեր գրողների աշխատանքները, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցմանը վերաբերող աշխատութիւններ: Նման քայերը օգնում են Հայկական սփիւռքի ինչպէս 104 հայագիտական կենտրոններին, այնպէս էլ 1004 դպրոցներին»,-պատգամաւորներուն յայտնեց Սփիւռքի նախարարը: Նախարարութիւնը կը տպագրէ «Տարեգիրք», որ կ’ամփոփէ հայկական համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկները, որ օգտակար ձեռնարկ է համայնքներուն համար:

Հարցերու միւս խումբը, ըստ նախարարի, տարածաշրջանային ծրագիրներն են: Քանի որ հայկական սփիւռքը շատ լայն է հնարաւոր չէ բոլոր տարածքներուն մէջ իրականացնել, այդ իսկ պատճառով նախարարութիւնը ատոնք կ’իրականացնէ ԵԱՏՄ-ի, Մերձաւոր Սփիւռքի, Լատինական Ամերիկայի, Աւստրալիոյ մէջ` հաշուի առնելով տուեալ համայնքներու առաջարկութիւններն ու ցանկութիւնները:

Սփիւռքի նախարարութիւնը 2018թ նոյնպէս պիտի շարունակէ մայրենի լեզուի եւ հայկական դպրոցներու պահպանման ուղղուած հարցերուն մեծ ուշադրութիւն դարձնելը: Լեզուի պահպանման հետ կապուած Երեւանի պետական համալսարանին մէջ կը կազմակերպուի արագացուած ուսուցում: Արբանեակային հեռուստատեսութեամբ կը հեռարձակուի «Հեռուստադպրոց» հաղորաշարը, որ տարեկան 62 հաղորդում կը թողարկէ հայ երեխաներուն եւ երիտասարդներուն համար:

Կարեւոր ուղղութիւններէն է Սփիւռքը ըստ մասնագիտութիւններու կազմակերպելը: Արդէն ստեղծուած է ճարտարապետներու, գրողներու, լրագրողներու, գործարարներու ցանցեր, որոնց միջոցով կը կազմակերպուին նեղ մասնագիտական համաժողովներ: «Յաջորդ տարի այդ գործընթացը շարունակուելու է»,- յայտնեց Հրանոյշ Յակոբեան:

Նախարարութիւնը կ’իրականացնէ նաեւ «Մեր մեծերը» ծրագիրը, որ կը նախատեսէ հայ մեծերու մասին տեղեկատուական շտեմարանի ստեղծումը եւ տարածումը համայնքներուն: Յաջորդ ուղղութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ եւ տարբեր ուղղութիւններով «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» մրցանակաբաշխութեան կազմակերպումն է: Պիւտճէով նախատեսուած կարեւոր ծրագիրներէ է «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը եւ «Իմ Հայաստան» փառատօնը (վերջինը կ’իրականացուի երկու տարին  անգամ մը):

Սփիւռքի նախարարութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկը «Արի տուն» ծրագիրն է, որ կը համարուի լաւագոյններէն մէկը: Նախարարը կարեւոր համարեց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուող եւ Սփիւռքի մէջ տարածուող «Մերոնք», «Սփիւռքի ժամ», «Աշխահասփիւռ» հաղորդաշարերը:

Խօսելով հայրենադարձութեան մասին` Հրանոյշ Յակոբեան յայտնեց, որ. «2018-ին մենք նախատեսած ենք հայրենադարձութեան նախապատրաստական աշխատանքներ: Ուսումնասիրում ենք այլ երկրների փորձը, մշակում ենք օրէնք հայրենադարձութեան մասին»:

 

Scroll Up