Թարգմանչաց Տօնը Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանէն Ներս

«Գանձասար»- Հայ դպրոցի իւրաքանչիւր օր Թարգմանչաց տօն է: Որովհետեւ այս տօնը ե’ւ հայ ուսուցիչի, ե’ւ հայ աշակերտի, ե’ւ հայ դպրոցի տօնն է: Այս տօնը, յատկապէս հայերէն դասապահով, աւելի քան հազար վեց հարիւր տարիէ ի վեր կ’ապրի իբրեւ ամէնօրեայ հայաշունչ ու հայակերտ, ստեղծարար ծիսակատարութիւն:
Տօնը Ազգ. Ուսումնասիրաց Ճեմարանին մէջ յիշատակուեցաւ մանկապարտէզէն մինչեւ վերջին դասարան, եւ չսահմանափակուեցաւ միայն մէկ օրուան մէջ, այլ երկարեցաւ մինչեւ ամսուան վերջը:
Մանկապարտէզի աշակերտութիւնը տօնը յիշատակեց մանկական խանդավառութեամբ: Հետաքրքրական եւ պարզ ձեւով տօնին նախորդած Ուրբաթ օրը, մանուկներուն բացատրուեցաւ Այբ ու Բենի կարեւորութիւնը: Անոնք արտասանեցին մայրենի լեզուին մասին իրենց սորված քերթուածները եւ այդ օր հպարտօրէն իրենց կուրծքին կրեցին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի նկարը:
Նախակրթարանի աշակերտութիւնը հաւաքաբար յիշատակեց տօնը «Սարդարապատ» սրահէն ներս: Սահիկներու միջոցով անոնց ներկայացուեցաւ եւ բացատրուեցաւ Թարգմանչացի պատմութիւնը` Գիրերու գիւտէն սկսեալ: Աշակերտները մեծապէս տպաւորուած` հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ լեզուի մասին երգեր երգելով:
Վեցերորդ կարգի աշակերտները պատրաստեցին պատի թերթ, որուն մէջ արձանագրեցին հայ լեզուի մասին իրենց սեփական մտածումները, եւ նկարներ գծեցին:
Նոյն տօնին առիթով նախակրթարանի աշակերտները պատրաստեցին օրուան պատշաճ թատրոն եւ զայն ներկայացուցին Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած Թարգմանչացի նուիրուած աշակերտական հանդիսութեան ընթացքին:
Եօթերորդ եւ ութերորդ դասարանները տօնը յիշատակեցին ընթերցանութեան եւ «Հայերէնը Անսխալ Գրենք» վերնագրով մրցումներով: Անոնք այսպիսով գործնականապէս ըմբռնեցին Թարգմանչաց տօնին իմաստն ու այժմէականութիւնը: Երկու դասարաններուն ալ առաջնակարգ երեք աշակերտները յաջորդաբար ստացան պատւոյ գիր, գնահատագիր եւ խրախուսագիր:
Ութերորդ կարգի աշակերտները Թարգմանչացի ոգիին ու պատգամին հաղորդակից դարձան նաեւ Վահան Թէքէեանի «Հայ Լեզուն» բանաստեղծութեամբ: Անոնք դիւրութեամբ ըմբռնեցին եւ խորապէս հասկցան այս բանաստեղծութիւնը, այն պատճառով որ բանաստեղծը Հայ լեզուին մասին իր բոլոր համեմատութիւնները քաղած է պարտէզէն: Աշակերտները եռանդով ու հաճոյքով քանի մը դասապահերու ընթացքին եւ մրցակցային մթնոլորտի մէջ անգիր սորվեցան բանաստեղծութիւնը եւ ապա զայն հաւաքաբար արտասանեցին Ճեմարանի պարտէզին մէջ:
Երկրորդականի երեք դասարանները այլ կերպ յիշաատակեցին այս տօնը: Անոնց մօտեցումը եղաւ աւելի քննական եւ վերլուծական: Ժ. կարգը ծանօթացաւ Ե. դարու թարգմանչաց սերունդի վաստակին, տեսաւ անոնց երկերը, հիացաւ անոնց իմացական խիզախութեամբ ու գնահատեց անոնց տքնաջան աշխատանքը:
Երեք դասարաններուն մէջ ալ ընթացան զրոյցներ` Արեւմտահայերէնի ներկայ վիճակին եւ անոր ապագային շուրջ: Աշակերտները անկաշկանդ արտայայտեցին իրենց կարծիքը Հայ լեզուի նահանջի պատճառներուն, հայերէն դասագիրքերուն եւ հայ աշակերտի պարտաւորութիւններուն մասին: Իրե’նք դրին նիւթին առնչուող հարցերը, իրե’նք տուին այդ հարցերուն պատճառները եւ իրե’նք գտան իրենց իսկ դրած հարցումներուն պատասխանները: Զրոյցներու աւարտին, դասարանները առանձնաբար գրեցին դասարանային թատրոն` արծարծելով հայ լեզուի մարտահրաւէրները, շեշտը դնելով անոնց դէմ հայ աշակերտի իրենց գիտակից պատասխանատուութեան վրայ:
Թղթակից