«Մեր Նպատակը Հայկական Գիւղերու Չդատարկուիլն Է».Պրազիլահայ Ընտանիք

«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը Պրազիլիոյ հայկական մշակութային ակումբի անդամ Լուիս Ալպերթօ Գետիկեանն է, որ ամէն տարի կնոջ` Մարսիա ԳոտճոկլամեանԳետիկեանի հետ Հայաստան կու գայ ոչ միայն շրջելու հայրենի եզերքին մէջ, ծանօթանալու տեսարժան վայրերուն, այլեւ` բարեգործական ծրագիրներ իրականացնելու:

Այս ընտանիքը համախոհ մարդոց հետ միասին  բազմակողմանի աջակցութիւն կը ցուցաբերէ  Շիրակի    մարզի Արեգնադէմ գիւղին:

Պարոն Գետիկեա՛ներբ  ստեղծուած է Պրազիլիոյ հայկական մշակութային ակումբը՞:

-Պրազիլիոյ հայկական մշակութային ակումբն արդէն 75 տարուան պատմութիւն ունի: Ակումբին մէջ մարզական եւ մշակութային խմբակներ կը գործեն: Ֆութպոլի, թենիսի, վոլէյպոլի եւ այլ մարզաձեւերու  խմբակներ յաճախող մարզիկներն աշխուժօրէն կը մասնակցին չորս տարին մէկ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Համահայկական խաղերուն:

Ազգային, եկեղեցական եւ պետական տօներուն նուիրուած ձեռնարկներ կը  կազմակերպենք, որոնք  հայ երիտասարդներուն ազգային աւանդոյթներուն ծանօթացնելու հիանալի առիթ են:

Պարբերաբար Հայաստան  կ´այցելէք.կարօտը  ձեզի հայրենիք կը բերէ՞թէ նաեւ այլ առաքելութիւն կը կատարէ՞ք:

-Արդէն երեք անգամ կնոջս հետ եկած եմ Հայաստան: Առաջին այցելութիւնս 2013 թուականին էր, որուն հիմնական նպատակը բարեգործական ծրագիրներուն զարկ տալն էր: Այնուհետեւ եկանք 2016 թուականին, իսկ  2017 թուականի կատարած այցելութիւնը մեզի համար յիշարժան էր, քանի որ ՀՀ քաղաքացիներ դարձանք:

Բարեգործութիւն կատարելու համար նախապէս ընտրած էինք Շիրակի մարզի Արեգնադէմ գիւղը եւ Հայաստան գալով` սկսանք աշխատանքներու կազմակերպումը: Սկիզբը փողոցները լուսաւորեցինք, ապա` գիւղի ճանապարհը վերանորոգեցինք, որ դժուարանցանելի էր հետիոտնի եւ մեքենաներու համար: Վերանորոգեցինք նաեւ երկրորդական ճանապարհները:Այժմ բոլոր ջանքերը կեդրոնացուցած ենք գիւղին մէջ աշխատատեղեր ստեղծելու ուղղութեամբ. ջերմոցներ կը կառուցեենք բնակիչներուն շահագործման յանձնելու նպատակով:

Ինչով  պայմանաւորուած էր Արեգնադէմ   գիւղի  ընտրութիւնը՞:

www.diarioarmenia.org.ar թերթին մէջ  յօդուած կարդացած էի Արեգնադէմ գիւղի եւ այն ժամանակուան գիւղապետ Աղունիկ Հազրեանի մասին, որ շատ հետաքրքրած  եւ միաժամանակ մտահոգած էր զիս: Յօդուածէն հասկցայ, որ Արեգնադէմը մարզի գիւղերէն կ´առանձնանայ  ոչ միայն անով, որ սահմանային է, աշխատատեղերը քիչ են, այլեւ անով, որ մարզին մէջ միակ գիւղն է, որ դպրոց, եկեղեցի չունի, երեխաները ուսում կը ստանան սեփական տուներու կամ տնակներու մէջ.ուստի, կնոջս հետ որոշեցինք հէնց այս գիւղին օգնութիւն ցուցաբերենք:

2013 թուականին գալով Հայաստան` կապ հաստատեցինք Աղունիկ Հազրեանի հետ` սկիզբ դնելով ջերմ համագործակցութեան: Ի դէպ, Աղունիկ Հազարեան այժմ Արեգնադէմ գիւղին մէջ իրականացուող  բարեգործական ծրագիրները կը համակարգէ: Գիւղացիներուն հետ արդէն բարեկամացած ենք.անոնք մեզի միշտ ժպիտով կը դիմաւորեն` չնայած այնտեղ առկայ դժուարութիւններուն եւ հոգսաշատ առօրեային:

Առ այժմ միայն Արեգնադէմի մէջ այս նախաձեռնութեամբ հանդէս կու գանք: Ի հարկէ գիտենք, որ Հայաստանի բազում այլ գիւղեր նոյնպէս օժանդակութեան կարիք ունին: Առհասարակ, մեր նպատակն է, որ հայկական գիւղերը չդատարկուին, բնակիչները մնան եւ շէնացնեն իրենց բնակավայրերը: Յուսանք` յետագային մեր հնարաւորութիւնները թոյլ կու տան, որ միւս գիւղերուն ալ համապատասխան օգնութիւն ցուցաբերենք:

Գիւմրիի մէջ հանդիպեցանք Շիրակի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ տէր Միքայէլ եպիսկոպոս Աջապահեանին` անոր հետ խորհրդակցելու գիւղին մէջ եկեղեցի կամ մատուռ կառուցելու անհրաժեշտութեան մասին: Սրբազան Հայրը մեզի ուղղորդեց, թէ ինչ կարելի է ընել այս ուղղութեամբ:  Սան Փաուլօ հասնելուն պէս` առաջին հերթին պէտք է գիւղին մէջ եկեղեցի եւ դպրոց կառուցելու միջոցներ փնտռենք:

1312

Բարեգործական ծրագիրները Պրազիլիոյ հայկական համայնքին կողմէ կը կազմակերպէ՞քթէ ընտանեկան ներդրում է՞:

–Այս ամէնը սրտաբուխ, հոգիի թելադրանքով կ´իրականացնենք: Հայաստանէն հեռու ապրելով`կը ցանկանք ինչ-որ կերպ օգտակար ըլլալ մեր երկրին եւ ժողովուրդին: Մեզի միացած են մեր ընկերներն ու բարեկամները, որոնց թիւն արդէն 80-ի  հասած է:Անոնք, տեսնելով իրականացուող աշխատանքները, իրենց հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ գումար կը փոխանցեն: Տարուան ընթացքին կը կազմակերպենք դրամահաւաք, որմէ յետոյ միայն կու գանք Հայաստան:

Ցանկալի է, որ Պրազիլիոյ հայկական համայնքը նոյնպէս խանդավառուի այս նախաձեռնութեամբ եւ միանայ մեզի, որպէսզի կարենանք աւելի լայնածաւալ ծրագիրներ իրականացնել: Այդ նպատակով «Facebook» սոցիալական ցանցով «Արեգնադէմի բարեկամներ» անուանումով էջ  ստեղծած ենք:

Տեղեակ եմ, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը «Դուն ի՞նչ կ´ընես Արցախի համար» համահայկական շարժում մը կ´իրականացնէ, որ Արցախի հիմնախնդիրներու լուծման աջակցելու համար գովելի գաղափար է: Մենք Արցախին օգնութիւն  ուղարկած ենք Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ժամանակ, երբ ճիշդ այդ օրը, անցեալ տարի, Հայաստան եկած էինք: Տեսնելով ստեղծուած իրավիճակը` անմիջապէս հագուստ, սնունդ գնեցինք եւ ուղարկեցինք Արցախ: Որոշած էինք նաեւ Արցախ մեկնիլ, սակայն անվտանգութեան հարցը հաշուի առնելով` չգացինք: Արցախը տեսնելը մեր առաջնահերթ ծրագիրներէն է:

Պարոն Գետիկեա՛ն, ե՞րբ  ստեղծուած է Պրազիլիոյ հայկական համայնքը եւ զարգացման ինչ ընթացք  ունեցա՞ծ է:

-Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ հայերը Պրազիլիոյ մէջ հաստատուած են 19-րդ դարու  2-րդ կէսէն: 2016թ. տուեալներով Պրազիլիոյ մէջ կը բնակի շուրջ 50. 000 հայ, որմէ 20.000–ը կեդրոնացած է Սան Փաուլոյի մէջ: Հայապահպանական աշխատանքներ կ´իրականացնեն Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀՅԴ եւ ՌԱԿ տեղական կազմակերպութիւնները, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն, որուն նախաձեռնութեամբ ստեղծուած են «Հայաստան» մշակութային ընկերութիւնը եւ ներկայիս գործող «Վահագն Մինասեան» երգչախումբը, «Կիլիկիա» պարախումբը, 1932թ. ստեղծուած ՀԲԸՄ Պրազիլիոյ մասնաճիւղերը, ՀՕՄ-ի, ՀՄՄ-ի Սան Փաուլոյի մասնաճիւղերը, «Հայ Կարմիր Խաչ»-ի մասնաճիւղը: ՀՕՄ-ի հովանաւորութեամբ այստեղ կը գործեն հայկական ծերանոցը, ՀՕՄ-ի «Մասիս» (Օզասկօ) եւ «Արփի» (Սան Փաուլօ) մասնաճիւղերը, Հայ եկեղեցւոյ Երիտասարդաց միութիւնը: Ներկայիս պրազիլահայ համայնքի ազգային կեանքը կազմակերպող գլխաւոր մարմինը Կեդրոնական վարչական խորհուրդն է:

Ունինք հայկական չորս եկեղեցիներ` Հայ Առաքելական Սուրբ Գէորգ Մայր եկեղեցին` Սան Փաուլոյի մէջ եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին` Օզասկոյի մէջ: Սան Փաուլոյի մէջ կը գործեն նաեւ հայ Աւետարանական Եղբայրաց եւ Հայ Կաթոլիկ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները: Համայնքին մէջ կը գործեն Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ կից միակ հայ ազգային «Դուրեան» ամէնօրեայ վարժարանը եւ «Մաւեան» մանկապարտէզը: Դպրոց կը յաճախէ շուրջ 80 աշակերտ  :

Ցաւօք, համայնքը ուծացման վտանգի տակ կը գտնուի.խառնամուսնութիւնները կ´աւելնայ, հայերէն խօսողներու թիւը երթալով կը նուազի: Դժուար է այս պայմաններուն մէջ պահպանել հայկականութիւնը եւ համայնքային կեանք ստեղծել, չենք նահանջեր եւ օտար միջավայրի մէջ,  չորրորդ կամ հինգերորդ սերունդի հայեր ըլլալով, այնուամենայնիւ, կը կարենանք մեր շուրջը հայկական միջավայր ստեղծել: Իր նոր վարչակազմով աշխոյժ աշխատանքներ  կը կատարէ ՀԲԸՄ-ի Պրազիլիոյ մասնաճիւղը, յատկապէս` մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպմամբ: Համայնքին Հայոց եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու գործին մէջ ժրաջան աշխատանքներ կը կատարէ Պրազիլիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ  տէր Նարեկ եպիսկոպոս Պերպերեանը:

Պրազիլիոյ մէջ հայերը հիմնականին մէջ ինչո՞վ կը զբաղուին, ո՞ր ոլորտներուն մէջ   յատկապէս ներգրաւուած  են:

-Նշեմ, որ հայ առաջին գաղթականները Պրազիլիոյ մէջ ներգրաւուած են հիմնական կօշիկի արտադրութեան մէջ: Ժամանակի ընթացքին պրազիլահայերու նոր սերունդը սկսած է աչքի իյնալ արդիւնաբերութեան, շինարարութեան, առեւտուրի, ֆինանսաբանկային համակարգի, գիտութեան, կրթութեան, բժշկութեան, արուեստի, քաղաքականութեան բնագաւառներուն մէջ:

Այժմ ալ ճանչցուած պրազիլահայեր կան, որոնք իրենց ծաւալած գործունէութեամբ մեծ նպաստ ունին Պրազիլիոյ զարգացման գործին մէջ, ինչպէս օրինակ` ոսկերիչ, ձեւաւորող Արա Վարդանեան, յայտնի դերասաններ Ստեփան Ներսէսեանն ու Արասի Պալապանեան, Սան Փաուլօ նահանգի խորհրդարանի պատգամաւոր Գառլոս Խռլակեան, պատմաբան Յակոբ Քեշիշեան, տնտեսագէտ Ռոպերթօ Քուչկուրեան, ֆութպոլիստներ Ֆապիօ Մաշերեջեան,  Մարսելօ Գիրեմիթճեան եւ շատ ուրիշներ:

Զրուցեց Գէորգ Չիչեան

14

 

Scroll Up