«Պահքը Մարդուն Առողջ Ինքնահաստատման Կը մղէ». Կարինէ Նալչաջեան

Մարտ 27-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ Սուրբ Յարութեան տօնը: Տօն, որ նաեւ հոգեկան վերածնունդի խորհուրդը ունի: Այս շրջանին մարդիկ Մեծ Պահքի մէջ կը գտնուին` փորձելով պահեցողութեամբ հաւատքի մէջ աւելի զօրանալ, ձերբազատուիլ մեղքերէ եւ վատ սովորութիւններէ: Իսկ այժմ Աւագ շաբաթն է, ինչպէս հոգեւոր հայրերը կ’ըսեն` զղջման, ապաշխարութեան եւ ինքնամաքրման շրջան: Կարելի է ըսել` Պահքը հոգեւոր պատրաստուածութենէն բացի, նաեւ հոգեբանական մօտեցում կը պահանջէ: Իսկ որո՞նք են այդ պահանջները:

Հարցին շուրջ «Հայերն այսօրը» զրուցած է հոգեբան Կարինէ Նալչաջեանի հետ:

Տիկի՛ն Նալչաջեան, հոգեբանական տեսանկիւնէն  ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Պահքի  խորհուրդը:

-Պահքը միայն չուտելու, սննդակարգին հետեւելու հետ կապուած չէ: Այն շատ աւելի լայն, խորիմաստ երեւոյթ է: Անմիջականօրէն կապուած է կրօնական զգացումներու հետ: Այսինքն` հիմքին մէջ հաւատքն  է:

Մարդիկ կան, որոնք շատ մեծ նշանակութիւն կու տան Պահքին,  կան նաեւ ոչ այդքան մեծ կարեւորութիւն տուողներ: Մէկ մասն ալ դրական կը վերաբերի, սակայն չի մտներ Պահքի մէջ: Այլ կերպ ըսեմ` մօտեցումները  տարբեր են:

Այնուամենայնիւ, պէտք է փաստել, որ մարդու կեանքի, առօրեայի, սննդակարգի հետ կապուած պահանջներու առումով լուրջ եւ կարեւոր է Պահքը: Ամէն մարդ չէ, որ կրնայ այդ քայլին դիմել: Հիմնականին մէջ Պահք կը պահեն այն մարդիկ, որոնց մօտ կրօնական խորունկ զգացումներ կան: Եթէ կը հաւատաս Պահքի խորհուրդին, ապա եկեղեցական բոլոր սահամանափակումները, մեկնաբանութիւնները ընդունելի են քեզի համար եւ կը շարժուիս` հոգեւոր  հայրերու խօսքին համաձայն:

Սակայն չի կարելի մեղադրել եւ մարդոց բաժնել` Պահք պահողներու եւ չպահողներու: Բոլոր պարագաներուն ատիկա կամքի արտայայտութիւն է: Այսինքն` կ’ապրիս այնպէս, ինչպէս կ’ուզես:

Իսկ մարդու հոգեվիճակին եւ ինքնահաստատման վրայ ազդեցութիւն կ’ունենա՞յ:

-Որոշակի ազդեցութիւն կ’ունենայ: Պահքը մարդուն կը հասունացնէ եւ դրական ազդեցութիւն կը ձգէ հոգեվիճակին վրայ: Ի հարկէ, անգամն ալ կը կրկնեմ, որ շեղ աչքով պէտք չէ նայիլ Պահք չպահող մարդոց. կրնաս Պահքին չհետեւիլ, բայց հոգեւոր կեանքով ապրիլ:

Պահքը հիմնականին մէջ կը վերաբերի սնուելու հանգամանքին. Կը մտածես` ինչ ուտել կամ չուտել` չմոռնալով նախ եւ առաջ աստուածահաճոյ օրերով ապրիլ: Կը ցանկամ  քիչ մը մանրամասնել ուտելու հանգամանքը:

Կը թուի` սննդառութիւնը պարզ երեւոյթ է: Սակայն այն բաւականին լուրջ, դժուար պահանջք է, որոնց հոգեբանութեան մէջ կ’անուանենք  հիմնարար պահանջնքեր: Այն չբաւարարելու պարագային կրնայ ազդել կեանքի որակին վրայ: Ընդհանրապէս, մարդուն շատ բնորոշ է հաճոյքի սկզբունքը: Ատիկա ակնյայտօրէն կը տեսնենք երեխաներուն մօտ. ան  կ’ուզէ ընել այն, ինչ կը ցանկայ. իր ցանկութիւնը ամէն ինչ է իրեն համար: Ի հարկէ, մեծնալէն, հոգեբանական հասունութենէն յետոյ մարդիկ իրենց ներքին մղումները, հաճոյքներէն հրաժարիլը եւ միջանձնային յարաբերութիւնները  ինչ-որ չափով կրնան կառավարել` յանուն նպատակի եւ կարեւոր հեռանկարի: Իսկ ուտելը մարդու կեանքի ամենաընդգծուած հաճոյքներէն մէկն է:

Եթէ մարդը, իսկապէս, իր կեանքէն կը հանէ հաճոյքները, շատ տխուր գոյութեան առջեւ կը կանգնի, եւ կեանքը կը դառնայ միապաղաղ: Հաճոյքները մեզի աւելի առոյգ, կենսահաստատ կը դարձնեն եւ աշխատանքի մէջ աւելի պատրաստակամութեան կը հասցնեն: Գուցէ եկեղեցին եւ կրօնը «ցանկացած» են , որ կարենանք կառավարել հաճոյքները, ապրիլ աւելի հասուն կեանքով եւ հոգեպէս աւելի կայուն դառնալ: Չէ՞ որ միայն հաճոյքներու ետեւէն երթալը, կոպիտ խօսքով, շատ մեծ խելք կամ հոգեբանական բարդութիւն չի պահանջեր:

Հոգեբանական իմաստով Պահքի խորհուրդներէն մէկն ալ նաեւ կը տեսնեմ այդ խելամիտ սահմանափակման մէջ, որ մարդ կարենայ ինքն իրեն հաւաքել, կեդրոնացնել  եւ որոշ ժամանակով գոնէ ետ պահել հաճոյքներէն, յատկապէս` ուտելու: Չի խօսիմ նաեւ որկրամոլութեան մասին, որ մահացու մեղքերէն մէկը կը համարուի:

Ի վերջոյ, Պահքը մարդու համար ինքնահաստատման միջոց է: Ինքնահաստատումը շատ կարեւոր է: Մարդ պէտք  է իր «ես»-ի մասին լիարժէք պատկերացում ունենայ: Հոգեբանօրէն ծանր է այն մարդուն վիճակը, որ իր անձին մասին պատկերացում չունի, չի սիրեր, կ’արհամարհէ կամ իրեն վատ կը համարէ:

Միւս ծայրայեղութիւնն ալ կայ, երբ ինքնահաստատումը կը բերէ ինքնասիրահարուածութեան, մեծամտութեան եւ այլն: Այսպիսի մարդիկ նոյնպէս հոգեբանօրէն խոցելի են:

Եթէ Պահքը կը յանգեցնէ այնպիսի ինքնահաստատման, որպէսզի մարդ հասկնայ` ուժեղ է եւ նպատակասլաց, ապա այն առողջ եւ լիովին արդարացուած ինքնահաստատում է:

Բնաւորութեան ինչ գիծեր ունեցող մարդիկ կրնան պահք պահե՞լ:

-Կը կարծեմ` հիմնականին մէջ ներշնչուող, ազդեցութիւններու ենթարկուող եւ տագնապային բնաւորութեան գիծեր ունեցող  մարդիկ   հակուած են Պահք պահելուն:

Անոնք մարդկային այն տեսակին կը պատկանին, որոնք աւելի աստուածավախ են, կը խուսափին սայթաքումներէ եւ կատարած մեղքերուն համար Բարձրեալէն  ներում  հայցելու մասին կը մտածեն: Անոնք կը փորձեն  ապրիլ այնպէս, ինչպէս կը պահանջէ կրօնը:

Իսկ ինչպէս կը մեկնաբանէք այն փաստը՞, երբ  մարդիկ կ’ընդհատեն Պահքը:

-Հաւանաբար կամքի ուժը չի բաւականացներ: Պարզապէս չեն դիմանար:

 Շատ մարդիկ գուցէ առողջական խնդիրներու պատճառով  ճանապարհի կէսէն ետ կը կանգնին կամ գուցէ կերակուրներու սահմանափակումները առողջութեան վրայ վատ  կ’անդրադառնան:

Տղաները  աւելի շատ պահք կը պահե՞ն, թե աղջիկները՞: Այս առնչութեամբ որեւէ հետազօտութիւն կա՞յ:

– Յատուկ տուեալներ չունիմ: Բայց աւելի շատ հանդիպած եմ Պահքին հետեւող տղաներու: Կանայք էութեամբ աւելի զգացական են եւ կրնան արտայայտել իրենց յոյզերը: Տղամարդոց մօտ յոյզերու նկատմամբ ընկերային վերահսկողութիւնը աւելի ուժեղ է, քանի որ չեն արտայայտեր իրենց ապրումները: Այս պատճառով տղամարդիկ հոգիի խորքը կրնան զգացումներու բեռ ունենալ եւ ներամփոփ վիճակէ աստուածավախ ըլլան: Եւ ահա Պահքը իրենց համար զգացական, յուզական կապը արտայայտելու, տագնապներէն ձերբազատուելու, մեղքէն հեռու մնալու լաւագոյն միջոցն է:

Իբրեւ հոգեբան, որն է ձեր խորհուրդը պահք պահողներո՞ւն:

-Եթէ Պահքը կենսականօրէն շատ կարեւոր է մարդոց համար, ապա կը ցանկամ` մինչեւ   Պահքի աւարտը հասնին, եւ ատկէ յետոյ ալ Աստուծոյ հետ ներդաշնակ կապի մէջ գտնուին:

– Դուք երբեւէ պահք պահա՞ծ էք:

-Այսքան ժամանակ Պահք չեմ պահած եւ կը կարծեմ` չեմ ալ փորձեր: Ճիշդը ըսեմ, կը յարգեմ եւ բարձր կը գնահատեմ բոլոր Պահք պահողներուն: Սակայն աւելի շատ նշանակութիւն կու տամ ապրիլ մարդկային, բարոյական այն սկզբունքներուն համապատասխան, որոնք կը թելադրէ ինքնին քրիստոնէութիւնը:

Զրուցեց Գէորգ Չիչեան

Scroll Up