Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Մխիթարեան Միաբանութեան Պատուիրակութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/10/նախարար-միաբանություն.jpg)
Հոկտեմբեր 23-ին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներէն ետք նախարարութեան մէջ ընդունեց Մխիթարեան միաբանութեան պատուիրակութիւնը` Քահանայապետական պատուիրակ, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Թուրքիոյ թեմի առաջնորդ Հայր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիյեանի գլխաւորութեամբ:
Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Հայաստանի Մխիթարեան կեդրոնի տնօրէն Հայր Եղիա վարդապետ Քիլաղբեան, Հայաստանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդական տեղապահ Հայր Մեսրոպ վարդապետ Սիւլահեան, Սուրբ Ղազարի վանահայր Հայր Սերովբէ վարդապետ Չամուրլեան եւ Հայաստանի Մխիթարեան կեդրոնի փոխտնօրէն Հայր Գէորգ վարդապետ Սարգսեան:
Սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց Մխիթարեան միաբանութեան դերակատարութիւնը հայ եւ եւրոպական արժէքներու պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ: Ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդի բազմադարեայ պատմութեան հոլովոյթին մէջ նախադէպը չունեցող այս կառոյցի պատկառելի եւ փառաւոր յոբելեանը անկախ Հայաստանի մէջ առանձնայատուկ երեւոյթ է: «Սուրբ Ղազար կղզին հայ հոգեւոր մտքի մեծագոյն ռահվիրա Մխիթար Աբբահօր անմիջական ջանքերով ու տքնանքով վերածուեց Աստծոյ ու գիտութեան հետ հաղորդակցման բացառիկ տաճարի: Կարծում եմ, Մխիթարեան միաբանութեան 300 ամեակը պէտք է նշել նաեւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներում: Մխիթար աբբահայրն ու նրա հետեւորդները երբեք չնահանջեցին խոչնդոտների ու դժուարութիւնների առջեւ ու չշեղուեցին իրենց առաքելութիւնն իրականցնելու ճշմարիտ ուղղուց: Վանականների ջանքերով իրագործուեցին եւրոպացի նշանաւոր գիտնականների աշխատութիւնների հայերէն թարգմանութիւններ, հնագոյն ձեռագրերի առաջին տպագրութիւններ, հայագիտական ուսումնասիրութիւններ, ստեղծուեցին գիտական ընդհանուր եւ ճիւղային բառարաններ, կրօնական, պատմական, լեզուաբանական, բնագիտական, տնտեսագիտական եւ այլ բնոյթի աշխատութիւններ, որոնք հարստացրին ոչ միայն հայկական այլեւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան գանձարանը»,-նշեց նախարարը:
Հրանոյշ Յակոբեան հիւրերուն հետ քննարկեց Վենետիկի մէջ լոյս տեսնող «Բազմավէպ» ամսագիրի 175-ամեակի ծիրէն ներս իրականացուելիք ձեռնարկներու շարքը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ համայնքներուն մէջ Մխիթարեան դպրոցներու շրջանաւարտներու հաւաքներ կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ անոնց միաւորող կառոյց ստեղծելու հնարաւորութեան:
Հանդիպման աւարտին նախարար Յակոբեան եւս մէկ անգամ շնորհաւորեց Հայր Լեւոն Զէքիյեանը ծննդեան օրուան կապակցութեամբ եւ համոզմունք յայտնեց, որ այսուհետ եւս կը շարունակուի մեծածաւալ աշխատանքը Միաբանութեան հետ: