«SOS Մանկական Գիւղեր» Միջազգային Եւ Հայաստանեան Կազմակերպութիւնները Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հոկտեմբեր 16-ին ընդունեց «SOS Մանկական գիւղեր» միջազգային կազմակերպութեան ԱՊՀ երկիրներու, Արեւելեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրի պատասխանատու Էսթեր Քոսան, հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Քատէրին Իլեւսկան, Հայաստանի «SOS Մանկական գիւղեր» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աշոտ Եսայեանը, հիմնադրամի ազգային տնօրէն Աշոտ Քոչարեանը եւ ծրագիրներու զարգացման պատասխանատու Սիւզան Բադեյեանը:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը բարձր գնահատեց «SOS Մանկական գիւղեր» միջազգային կազմակերպութեան առաքելութիւնը, Հայաստանի «SOS Մանկական գիւղեր» հիմնադրամի գործունէութիւնը, որ ուղղուած է ծնողական խնամքէն զուրկ, ինչպէս նաեւ կեանքի դժուար իրավիճակի մէջ գտնուող երեխաներու խնամքի կազմակերպման ու զարգացման: Ան առանձնակի կարեւոր համարեց մարդասիրական նման ծրագիրներու հետեւողական իրագործումը եւ զարգացումը, յատկապէս Հայաստանի մէջ Երիտասարդական տուներու ստեղծումը: Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադրամին սուրիահայերու խնդիրներու լուծման աջակցելու համար:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց սուրիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, անոնց ընդելուզման գործընթացի կազմակերպումը: Ան անդրադարձաւ սուրիահայերու հետ տարուող աշխատանքի առանձնայատկութիւններուն, սուրիահայերու աշխատանքի, մասնագիտական վերապատրաստման եւ բնակարանային խնդիրներուն: Նախարարը նշեց, որ չնայած Հայաստանի մէջ լուծուած են սուրիահայերու առողջապահական, կրթական, սոցիալական եւ այլ խնդիրները, սակայն դեռ լուծման կարիք ունին անոնց բնակարաններով եւ աշխատանքով ապահովելու հարցերը եւ ընդգծեց, որ միջազգային կառոյցներու հետ համատեղ այս խնդիրներու լուծումն առաւել դիւրին կ’ըլլայ:
Նախարարը կարեւոր համարեց միջազգային ասպարէզներուն մէջ սուրիահայերու խնդիրներու պատշաճ ներկայացումը` միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը դէպի Հայաստան ուղղելու համար:
«Տարածաշրջանը լարուած է, սիրիահայերի հոսքը դէպի Հայաստան շարունակւում է: Նրանց համար պայմաններ ստեղծելով` թեթեւացնում ենք նաեւ հոսքը դէպի եւրոպական եւ այլ երկրներ: Անհրաժեշտ է համատեղ ծրագրեր իրականացնել, որոնք կ’օգնեն սիրիահայերին հաստատուել Հայաստանում», – աւելցուց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: