Մեկնարկեց Սրտաբաններու Եւրոկովկասեան 6-րդ Համաժողովը
Հոկտեմբեր 13-ին «Ակցիա Առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան աջակցութեամբ մեկնարկեց Սրտաբանութեան եւրոկովկասեան 6-րդ համաժողովը:
Համաժողովին կը մասնակցի 38 սփիւռքահայ եւ օտարազգի անուանի սրտաբան` Ֆրանսայէն, Մեծ Բրիտանիայէն, Իտալիայէն, Լիբանանէն, Ռուսաստանէն, Մոնաքոյէն, Իրանէն, Ղազախստանէն: Շուրջ 250 սրտաբան Հայաստանէն եւ Արցախէն կը մասնակցի համաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուող դասախօսութիւններուն:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` նշելով, որ համաժողովը նպատակ ունի նպաստել սրտաբանութեան ոլորտի զարգացման, աշխարհի հայ սրտաբաններու ներուժի համախմբման, Հայաստանի Հանրապետութեան, Սփիւռքի եւ Արցախի սրտաբաններու համագործակցութեան, մասնագիտական որակներու բարձրացման, կատարելագործման եւ անոնց միջեւ փորձի փոխանակման: Ան ընդգծեց. «Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին եւս կարեւորուեց Սփիւռքը մասնագիտօրէն կազմակերպելու գաղափարը: Այդպիսի բացառիկ մասնագիտական համախմբում է նաեւ ստաբանների եւրակովկասեան համաժողովը»:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց «Ակցիա Առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան նախագահ, ֆրանսահայ սրտաբան Աւետիս Մատիկեանին` 6-րդ անգամ Հայրենիքի մէջ նման ներկայացուցչական կազմով սրտաբաններու համաժողովը կազմակերպելու համար: «Վստահ եմ, որ ֆրանսիացի յայտնի սրտաբան Փոլ Պարրականը Եւրոպայում կը ներկայացնի համաժողովի քննարկումների, մասնագիտական փորձի փոխանակութեան արդիւնքները: Սիրելի՛ սրտաբաններ, առողջ հասարակութիւն ունենալու համար ձեզանից շատ բան է կախուած: Համաժողովին մաղթում եմ արգասաբեր գործունէութիւն», – նշեց Սփիւռքի նախարարը:
Համաժողովի մասնակիցները ողջունեց նաեւ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան` նշելով, որ Հայաստանի մէջ կայ սրտանօթային համակարգի խնդիրներ ունեցող շուրջ 247 հազար հիւանդ: Ան յոյս յայտնեց որ նշանաւոր սրտաբաններու փորձի փոխանակումն իր նպաստը կը բերէ Հայաստանի մէջ սրտանօթային հիւանդութիւններու կանխարգելման, վտանգի գործօններու նուազեցման գործին:
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Ճոնաթան Լաքոթին նշեց, որ հայ-ֆրանսական համագործակցութիւնը բազմակողմ է եւ սրտաբանութեան ոլորտին մէջ մասնագէտներու աշխոյժ կապերը, փորձի փոխանակումը իրենց նպաստը կը բերեն երկու երկիրներու ոլորտներու զարգացման:
«Ակցիա Առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան նախագահ, ֆրանսահայ սրտաբան Աւետիս Մատիկեան շնորհակալութիւն յայտնելով Սփիւռքի եւ Առողջապահութեան նախարարութիւններուն` ընդգծեց, որ համաժողովը կը շարունակէ հետաքրքրել ինչպէս Հայաստանի, Ֆրանսայի, այնպէս ալ այլ երկիրներու մասնագէտներուն: «Շնորհակալ եմ Փոլ Պարրականին, որ արդէն 20 տարի է հայ մասնագէտներու կողքին է եւ կը վերապատրաստէ անոնց», – նշեց Մատիկեան:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ֆրանսացի յայտնի սրտաբան Փոլ Պարրական` շնորհակալութիւն յայտնելով համաժողովի կազմակերպիչներուն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած սրտաբաններուն: Պարրական շեշտեց, որ ներկաներէն շատերն ունին մասնագիտական լուրջ փորձ եւ իրար լսելու արդիւնքով նոր ձեռքբերումներն անխուսափելի կ’ըլլան:
Համաժողովի պաշտօնական բացման անմիջապէս յաջորդեցին մասնագիտական զեկոյցները:
Նշենք, որ համաժողովի աշխատանքները կը շարունակուին հոկտեմբեր 14-ին «Էլիտ պլազա» գործարար կեդրոնի «Մանթաշով» սրահին մէջ: