««Հայ Դպրոց»-ը Հրաշալի Առիթ Կ’ընձեռէ` Մասնակցելու Հայրենաշինութեան Գործին». Մոնէ Տէր-Գրիգորեան

ԱՄՆ Կլենտէլ (Քալիֆորնիա) քաղաքին մէջ գործող «Հայ դպրոց» հիմնադրամն իր գործունէութեամբ, կատարած աշխատանքով անվերապահօրէն Հայաստանի, հայ ժողովուրդի կողքին է: Երկար տարիներ հիմնադրամը բազմակողմանի աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցներուն ու մանկապարտէզներուն եւ կը նպաստէ, որպէսզի հայ երեխաներն առաւել հաճոյքով դպրոց յաճախեն:

Հիմնադրամի նախագահ Մոնէ Տէր-Գրիգորեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը ներկայացնէ իրենց ծաւալած գործունէութիւնը եւ կեանքի կոչած ծրագիրները:

Տիկի՛ն Մոնէ, «Հայ դպրոց» հիմնադրամի ստեղծումն ի՞նչ նախապատմութիւն ունի:

   -Ամէն ինչ սկսաւ անկէ, երբ պարսկահայ բարերար Լեւոն Ահարոնեան, հեռուստատեսութեամբ տեղեկանալով Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն թաղամասի թիւ 136 դպրոցի հրդեհուելու մասին, որոշեց հովանաւորել վերանորոգման աշխատանքները: Ապա ան նկատած է, որ Հայաստանի մէջ անմխիթար վիճակի մէջ գտնուող այլ դպրոցներ ալ կան, որոնք նոյնպէս վերանորոգման կարիքը ունին: Այդ պատճառով դրամահաւաքներ կազմակերպելու նպատակով սկսած է շրջիլ տարբեր երկիրներով:

Այսպիսով, 2003 թուականին  կը հիմնադրուի Կլենտէլի (Քալիֆորնիա) «Հայ դպրոց» ոչ շահոյթ հետապնդող հիմնադրամը` ձգտելով յարմարաւէտ եւ անվտանգ միջավայր ստեղծել` դասասենեակային նոր կահոյքով, այլ պարագաներով ապահովելով Հայաստանի եւ Արցախի հեռաւոր քաղաքներու, սահմանամերձ գիւղերու դպրոցները: Տարիներու ընթացքին, բարեբախտաբար, նուիրատուներու թիւը աճեցաւ` շնորհիւ մեզի վստահող համախոհ ընկերներու ու բարեկամներու: Կը համագործակցինք նաեւ հայաստանեան եւ արտասահմանեան տարբեր կազմակերպութիւններու հետ:

Հայաստանի բնակչութեան համար աշխատատեղեր եւ միջոցներ ստեղծելու համար` դպրոցներուն տրամադրուող կահոյքը Հայաստանի մէջ կը պատրաստուի: Արտադրամասը Արտաշատի մէջ կը գտնուի, եւ շնորհիւ այս նախաձեռնութեան` այսօր շուրջ 12-15 ընտանիք կրնայ լուծել ապրուստը հոգալու խնդիրը:

Նշեմ նաեւ, որ սեպտեմբեր ամսուն Ստեփանակերտի մէջ բացուած ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզի ամբողջ կահոյքը, բացի մահճակալներէն, «Հայ դպրոց» հիմնադրամը  տրամադրած է:

 –ի՞նչ կազմով կ’աշխատիք:

-Մեր անձնակազմը այնքան ալ մեծ չէ, սակայն բոլորս, պատասխանատուութեան մեծ զգացում ունենալով, քաջ կը գիտակցինք մեր ստանձնած գործի կարեւորութիւնը:

Կլենտէլի մէջ աշխատակազմը բաղկացած է տասնմէկ հոգիէ, իսկ Հայաստանի մէջ` եօթ, որոնց հետ մշտական կապի մէջ կը գտնուինք:  Տարուան ընթացքին  քանի մը շահութաբեր ձեռնարկներ` նկարներու ցուցահանդէսներ, ամանորեայ ձեռնարկներ, ճաշկերոյթներ կազմակերպելով` կրնանք նպաստել դրամահաւաքին: Գումարը փոքր-ինչ դժուարութեամբ կը հաւաքուի, բայց մինչեւ վերջին լուման կը տրամադրենք մեր որդեգրած առաքելութեան:

Եթէ ամփոփելու ըլլանք տասնչորս տարուան կատարած աշխատանքները, ապա ինչպիսի՞ արդիւնք կ’ըլլայ:

-Նախ ըսեմ, որ վերջին տարիներուն ուշադրութեան կեդրոնին  հիմնականին մէջ կը պահենք սահմանամերձ գօտիներու դպրոցները:

2016 թուականի ընթացքին Տաւուշի մարզին մէջ դպրոցական  կահոյք եւ անհրաժեշտ այլ պարագաներ  տրամադրած ենք 15 դպրոցի, 2017 թուականին  ծրագիրին մէջ 32 դպրոց ընդգրկած ենք: Եթէ ընդհանուր պատկերը ներկայացնեմ, ապա հիմնադրամի խոշոր  նուիրատուներու շնորհիւ մինչեւ օրս մօտաւորապէս 24,000 երեխաներ 260 դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու մէջ նոր, գունագեղ, բազմատեսակ սեղաններ, աթոռներ, գրատախտակներ, գրապահարաններ, համակարգչային սեղաններ, կախիչներ եւ ուսուցիչներու համար նախատեսուած պարագաներ  ստացած են:

Նշեմ նաեւ, որ բոլոր աշխատանքները կ’աւարտենք մինչեւ սեպտեմբեր 1, որպէսզի երեխաներն առաւել բարձր տրամադրութեամբ մուտք գործեն նոր ուսումնական տարի:

Նմանօրինակ նախաձեռնութիւններէ յետոյ սահմանամերձ շրջաններու ու գիւղերու բնակիչներուն մօտ ի՞նչ ոգեւորութիւն կը նկատէք:

-Առաջին այցէն արդէն ոգեւորութիւնը նկատելի է: Անոնք յոյսով կը լեցուին, կը հասկնան, որ լքուած չեն, այլեւ կրնան իրենց թիկունքին կանգնած մարդոց ապաւինիլ:

Ամէն անգամ աննկարագրելի զգացողութեամբ կը պարուրուիմ, հոգեպէս հանգիստ կը զգամ այն մտքէն, որ կրնանք սահմանամերձ գօտիներու մէջ ապրող հրաշալի, վառվռուն աչքերով երեխաներուն ժպիտ պարգեւել. չէ՞ որ անոնք են մեր վաղուան ապագան:

 Պէտք է միշտ յիշենք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը փոքր աշխատանք կատարելով` կրնայ նպաստել Հայաստանի զարգացման: Առհասարակ, «Հայ դպրոց»-ը մեզի հրաշալի առիթ կ’ընձեռէ` մասնակցելու հայրենաշինութեան գործին:

Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպած էք նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին: Ինչպէ՞ս կ’որակէք կայացած հանդիպումը:

–Կը կարծեմ`արդիւնաւէտ հանդիպում էր, շնորհակալ եմ Հրանոյշ Յակոբեանին ջերմ ընդունելութեան համար: Նախարարը բարձր գնահատեց հիմնադրամի գործունէութիւնը, Արցախի եւ Հայաստանի դպրոցներուն օգնելու, դպրոցական կահոյքով ապահովելու ծրագիրը` յորդորելով առաւել սերտացնել համագործակցութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ եւ շարունակել աջակցիլ սահմանապահ բնակավայրերու խնդիրներու լուծման, որպէսզի մեր սահմաններն ամուր ու ապահով ըլլան:

 Գէորգ Չիչեան

Scroll Up