Արժանթինի ՄԷջ Կայացած 10 Համերգներոու Ամփոփումը Հայրենիքի ՄԷջ

Սեպտեմբեր  22-ին` ժամը 18:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Արժանթինի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախաձեռնութեամբ Հ. Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնին մէջ տեղի կ’ունենայ համերգ, որ կ’ամփոփէ «Դուն ի՞նչ կ´ընես Արցախի համար» շարժման ծիրէն ներս Արժանթինի մէջ կայացած 10 համերգներու արդիւնքները: Համերգաշարին ընթացքին  հանգանակուած գումարով կը գնուի 300 երաժշտական գործիք եւ սեպտեմբեր 25-ին  կը տրամադրուի Արցախի երաժշտական դպրոցներուն:

Համերգի ընթացքին ելոյթներ կ´ունենան  ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտներ Արսէն Գիրգորեան եւ Ալլա Լեւոնեան, ծրագիրի գեղարուեստական ղեկավար, արժանթինահայ երաժիշտ Գագիկ Գասպարեան, երգիչներ Վարդան Բադալեան եւ Սամուէլ Գալստեան:

 

 

Scroll Up