«Դո՛ւն Ի՞նչ Կ’ընես Ղարաբաղի Համար». Շարժումին Միացաւ Նաեւ Ուֆայի Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/11/228.jpg)
ՌԴ Ուֆա քաղաքի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները միացած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դո՛ւն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան: «Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ աշակերտներու խմբակային լուսանկարները:
Նշենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան խոշորագոյն քաղաքներէն մէկուն մէջ` Պաշկորտոստանի հանրապետութեան մայրաքաղաք Ուֆայի մէջ գործող հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը կը գործէ 2001 թուականէն: Պաշկորտոստանի մէջ նաեւ հայկական ազգամշակութային կեդրոն կայ` «Սեւան» անունով: Հայկական համայնքը մշտապէս կը մասնակցի Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն, կ’արձագանքէ նախարարութեան կողմէ հնչեցուած համահայկական կոչերուն: