ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Հիանալի Նախաձեռնութիւն Մը Սկսած Է. Արժանթինցի Լրագրողը Միացած Է «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Ղարաբաղի Համար» Շարժումին

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ինչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը արդէն տարածում կը գտնէ հայկական շրջանակներէն դուրս: «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ`  Արժանթինի մէջ մեծ ճանաչում ունեցող քաղաքական լրագրող, միջազգային մեկնաբան, փրոֆէսոր, գրող եւ դասախօս Մարիանօ Սարաւիան նոյնպէս միացած է նախաձեռնութեան: Ան շարժումը խորհրդանշող ցուցապաստառով լուսանկարուելէ բացի, իր կարծիքը արտայայտած է ծրագիրին մասին եւ քաջալերանքի խօսք յղած հայ ժողովուրդին. «Կը կարծեմ` ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը հիանալի նախաձեռնութիւն մը սկսած է ` իրակացնելով «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը: Տեղեկանալով այս մասին` անմիջապէս որոշեցի իմ ներդրումս ունենալ ծրագիրի տարածման, ճանաչելի դարձնելու գործին մէջ:

Ինչպէս ամիսներ առաջ ըսած եմ «Հայերն այսօր»-ին տուած հարցազրոյցներէն մէկուն ժամանակ, միշտ պատրաստ եմ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին գտնուելու` նեցուկ ըլլալով բոլոր հարցերուն մէջ:

Այս գաղափարի կեանքի կոչումը շատ կարեւոր խթան կրնայ հանդիսանալ` միջազգային լրագրողներու ուշադրութիւնը  անգամ մը եւս հրաւիրելու Արցախեան հիմնախնդիրին:

Իսկ սփիւռքահայերուն եւ, առհասարակ, հայերուն համար Արցախին աջակցիլն ինչ-որ չափով պարտականութեան պէս  բան մըն է. անոնք պէտք է մտածեն, թէ ինչ ճանապարհներով կրնան օգնել իրենց Հայրենիքի զարգացման:

Եւ որո՞նք են այդ ճանապարհները… Պէտք է անպայման Արցախ երթալ, այցելել Ստեփանակերտ, Հադրութ, Մարտունի, Շուշի եւ միւս գեղատեսիլ վայրերը: Անհրաժեշտ է տնտեսութիւնը ամրապնդելու նպատակով ներդրումներ կատարել Արցախի մէջ:

Վստահ եմ` չկայ  հայ մը, որ այցելելով Հայաստան`անպայման չմեկնի Արցախ աշխարհ: Ատիկա կը նշանակէ, որ անոնք հետեւողական են իրենց իսկ նկատմամբ:

Սիրելի սփիւռքահայե՛ր, գացէ՛ք Արցախ, տարէ՛ք ձեր ներկայութիւնը այնտեղ, որուն միջոցով կը նպաստէք Արցախի հզօրացման ու խաղաղ ճանապարհով հիմնախնդրի կարգաւորման, ինչպէս նաեւ անգամ մը եւս կ’ընդգծէք ձեր յարգանքը Արցախի ժողովուրդին հանդէպ: Գրկէ՛ք անոնց այնպիսի ջերմութեամբ եւ սիրով, որպէսզի զգան`միայնակ չեն եւ որպէս Սփիւռք` անոնց կողքին  կանգնած էք:

Յոյսով եմ` կու գայ այն օրը, երբ կրկին Արցախ կը վերադառնամ: 10 տարի առաջ  գացած եմ այնտեղ եւ մինչեւ հիմա հիացած, այնչափ տպաւորուած եմ Լեռնային Ղարաբաղով, յատկապէս` Ստեփանակերտով ու Գանձասարով: Երբեք չեմ մոռնար Արցախի չքնաղ բնութիւնը, հիւրասէր, բարի մարդիկը ու հայաբնակ տարածքները: Եւ յիշենք, որ  Արցախը եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ հայկական տարածք»:

 

 

Scroll Up