Կարօ Փայլան Ժամանեց Հայաստան

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ- HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան ժամանեց Հայաստան` մասնակցելու սեպտեմբեր 18-20 կայանալիք «Փոխադարձ վստահութիւն,  միասնականութիւն  եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին եւ սեպտեմբեր 19-ին, ժամը` 18:30-ին համաժողովի ծիրէն ներս նախատեսուող «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի 10-ամեակին նուիրուած տօնական համերգին:

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Կարօ Փայլանը դիմաւորած են ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Վահագն Մելիքեան, ԱԺ պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեան եւ «Ծագումով Հայեր» հաղորդաշարի հեղինակ Մանանա Յակոբեան:

 

Scroll Up