«Բարեգործութիւնը Խօսքեր Չի Սիրեր». Հոգեշնորհ Տէր Անդրանիկ Ծ.Վ. Այվազեան

Սեպտեմբեր 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ճեզիրէի (Սուրիա) թեմի առաջնորդ Հոգեշնորհ տէր Անդրանիկ ծայրագոյն վարդապետ Այվազեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարարը կարեւոր համարեց անոր ազգանուէր գործունէութիւնը, հայապահպանութեան ուղղուած բարեսիրական ծրագիրները, աշխոյժ մասնակցութիւնը Սուրիոյ հայկական համայնքի վերականգնման աշխատանքները:
Քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին մասնակցութեան, համայնքի իրավիճակին, խնդիրներուն ու հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր:
Հոգեշնորհ տէր Անդրանիկ ծայրագոյն վարդապետ Այվազեան շնորհակալութիւն յայտնեց արդիւնաւէտ հանդիպման համար, նախարարին ներկայացուց իրականացուցած աշխատանքները, բարեսիրական ծրագիրները, պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու նախարարութեան նախաձեռնած «Սահմանապահ գիւղերու աջակցութիւն» շարժումին, աշխուժացնելու մասնակցութիւնը նախարարութեան ծրագիրներուն: