ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Վենետիկի Մէջ Մասնակցած Է Մխիթարեան Միաբանութեան 300-ամեակի Տօնակատարութիւններուն

Ուրբաթ 8 Սեպտեմբեր 2017, Ս. Աստուածածնի Ծննդեան տօնի առաւօտեան՝ սկիզբ առին Մխիթարեան Միաբանութեան Ս. Ղազար Մայրավանքի հիմնարկութեան երեքհարիւրամեակի հանդիսութիւնները (1717 – 2017)։ Ձայնաւոր Սուրբ եւ անմահ պատարագով, որ մատուցեց Մայրավանքի Վանահայր Հ. Սերոբ Ծ. Վ. Չամուրլեան, ներկայութեամբ Մխիթարեան Միաբանութեան Պապական Պատ -ուիրակ՝ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի, Վենետիկի թեմի հոգեւորականներու, հեռաւոր ափերէն ժամանած բարեկամներու, հայ եւ օտար հաւատացեալներու։ Պատարագիչ Վարդապետը իր քարոզին մէջ նշեց կարեւորութիւնը այս հանդիսութեան, յիշեցնելով որ Տիրամօր հովանին Միաբանութեան վրայ սկսած է Սեւանայ կղզիին մէջ Մխիթարի տեսիլքով, ուր Ս. Կոյսը իր Եղիցիով իր օրհնութիւնը տուած է Միաբանութեան հիմնարկութեան: Որպէս Ս. Կոյսի որդեգիրներ, Պատարագիչ հայրը կոչ ուղղեց Մխիթարեան միաբաններուն ամրապնդելու իրենց վստահութիւնը Աստուածամօր հանդէպ եւ վերանորոգելու իրենց նուիրումը Աստուծոյ եւ Հայ ազգին։
Պատարագի աւարտին Վանահայրը ընթերցեց այն աղօթքը, որ Մխիթար Աբբահայրը 1701 Սեպտեմբեր 8-ին Պոլսոյ մէջ, իր աշակերտներուն հետ ուղղած է Աստուածամօր, որմէ ետք տեղի ունեցաւ նշխարհամբոյր։
Յետմիջօրէին, երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ սքեմառութիւն եւ սկիզբ նորընծայութեան փորձառական շրջանի, Ս. Ղազարի դպրեվանքի երեք ժառանգաւորներու եղբ. Ակսելին, եղբ. Աթանասի (Յակոբ) եւ եղբ. Դաւիթի (Խաչիկ)
Շաբաթ 9 Սեպտեմբեր երեկոյեան ժամը 4ին, Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի հայելիներու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ, Գիրք Հայրենիք ֆիմաշարի ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ տեսաժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը իտալերէն լեզուով. Ֆիլմի ցուցադրութեան ներկայ էր Հ. Հ. Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան։
Ֆիլմէն առաջ Մխիթարեան Միաբանութեան պապական Պատուիրակ՝ Լեւոն Արք. Զէքիեան իր խօսքին մէջ քանի մը վկայութիւններ յիշատակեց հայ մշակոյթի մեծագոյն գործիչներէն, ինչպէս Լէօն, որ հայ պատմութեան մեծերու կողքին դասած են Մխիթար Սեբաստացին, եւ յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ֆիլմի հեղինակ՝ Յակոբ Փափազեանին։ Քառասուն վայրկեան տեւողութեամբ ֆիլմը գրաւեց ներկաներուն ուշադրութիւնը, որ հիացմունքով կը հետեւէին, եւ ներկայացումի աւարտին մեծապէս գնահատեցին ֆիլմի հեղինակը, խաղարկողները, եւ մանաւանդ անոր որակը։
Երեկոյեան ժամը 6-ին, Վենետիկի Ս. Մարկոս Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հայածէս երեկոյեան ժամերգութիւն, ներկայութեամբ Վենետիկի Պատրիարք Ֆրանչեսկօ Մորալիայի, եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի ներկայացուցիչ՝ Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի:
Ժամերգութեան ներկայ գտնուեցաւ՝ Հ. Հ. Սփիւռքի Նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան, Հ. Հ. Իտալիոյ Լիազօր Դեսպան՝ Վիկտորիա Պաղտասարեան, Հ. Հ. Վատիկանի մօտ Լիազօր Դեսպան՝ Միքայէլ Մինասեան։ Ժամերգութեան նախագահեց Լեւոն Արք. Զէքիեան։
Հայ ժամասացութեան աղօթքներն ու հոգեպարար շարականները, անուշաբոյր խունկին հետ միասին լիացուցին ամբողջ տաճարը։
Ժամերգութեան աւարտին, խօսք առաւ գեր. Պատրիարքը, յիշելով այս տարուան կարեւոր յոբելեանը՝ Մխիթար Աբբահօր Ս. Ղազար մուտքի երեքհարիւրամեակը, անոր մեծութիւնը, առաքինութիւններն ու անոր վստահութիւնը Աստուծոյ նախախնամութեան եւ Աստուածածնի պաշտպանութեան վրայ։ Յորդորեց, որ մենք ալ Երանաշնորհ Մխիթարի օրինակին հետեւելով մենք մեզ յանձնենք Տիրամօր պաշտպանութեան, եւ անոր բարեխօսութեան որուն կարիքն ունինք մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ։
Ապա, Մխիթարեան հայրերը «Աղաչեմք զքեզ Աստուածածին»՝ Մխիթար Աբբահօր տաղը հնչեցուցին, որուն ընթացքին Գերշ. Լեւոն Արք.-ը սարկաւագներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ խնկարկելու Տաճարի Հրաշագործ Աստուածածնի պատկերը։
Կիրակի 10 Սեպտեմբեր, առաւօտեան ժամը 9.30ին Ս. Ղազար Մխիթարեան Մայրավանք ժամանեց Վենետիկի Պատրիարք՝ Ֆրանչեսկօ Մորալիան, որուն ընդառաջ ելան Մխիթարեան Հայրերն ու եղբայրները, թափորով եւ «Հրաշափառ» շարականով ուղղուեցան եկեղեցի ուր միասնաբար աղօթք բարձրացուցին։ Ժամը 11.00-ին, սկիզբ առաւ ձայնաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագը զոր Մատուցեց Մխիթարեան Միաբանութեան պապական Պատուիրակ՝ Գերշ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, որ քարոզին մէջ նշեց՝ թէ Մխիթարեան Միաբանութիւնը դարեր շարունակ նուիրուած է Հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային լուսաւորման, այսօր ալ հակառակ միաբաններու թիւի սակաւութեան, կը շարունակէ իր նուիրեալ գործը, այսօր ալ կոչումներ կան Տիրոջ այգիին համար, նոր երիտասարդներ կու գան անդամակցելու Մխիթարեան Ուխտին եւ այս մէկը յուսադրիչ է Միաբանութեան ապագային համար։ Մխիթարեան Հայրերը Հայ մատենագիրներու հրատարակութիւններով, թարգմանութիւններով եւ Հայ հոգեկանութեան եւ մշակոյթի նուիրումով, շարունակեցին Մաշտոցեան աւանդը։ Արդարեւ Մխիթարեան հոգեկանութիւնը դրսեւորում ու արտայայտութիւն մըն է հայ Հոգեկանութեան։
Պատարագին ներկայ էին Հ. Հ. Սփիւռքի Նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան, Հ. Հ. Իտալիոյ Լիազօր Դեսպան՝ Վիկտորիա Պաղտասարարեան, Հ. Հ. Վատիկանի մօտ Լիազօր Դեսպան՝ Միքայէլ Մինասեան, Վենետիկի փոխ քաղաքապետը, քաղաքական եւ հոգեւոր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը հայ եւ օտարազգի հաւատացեալներու։
Հրաւիրեալներուն ի պատիւ Միաբանութեան պատմական սեղանատան մէջ հանդիսաճաշի ընթացքին Հ. Հ. Սփիւռքի Նախարար՝ Հրանոյշ Յակոբեան, կարդաց Հ. Հ. Վսեմաշուք Նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի ուղղած ուղերձը Մխիթարեան Միաբանութեան 300 ամեակին առիթով, որուն մէջ Պր. Նախագահը որակած է Մխիթար Աբբահայրը Հայ հոգեւոր մտքի հսկան, ան հիմնած է հաստատութիւն մը, որ պիտի դառնար աշխարհի յայտնի հոգեւոր, ուսումնակրթական, գրական եւ գիտամշակութային կեդրոն։ Կարեւոր նկատած է Մխիթարեան միաբանութեան դերը Հայ մշակոյթը Եւրոպայի հաղորդակից դարձնելու, եւ փոխադարձաբար արեւմտեան մշակոյթը՝ Հայոց աշխարհին։ Ան շեշտած է յատկապէս Մխիթարեան Միաբանութեան անգնահատելի դերը հայապահպանութեան գործին մէջ։ Հուսկ մաղթեց միաբանութեան հայրերուն գործունէութեան երկար եւ արգասաբեր տարիներ Հայաստանի եւ Հայրենիքի համար։
Գերաշնորհ Եզնիկ Արք. Պետրոսեան փոխանցեց Միաբանութեան Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Հայրապետի շնորհաւորանքներն ու օրհնութիւնը։
Կարդացուեցան նաեւ Վենեթօ Նահանգի Նախագահ Լուքա Ծայայի եւ Վենետիկի քաղաքապետ՝ Լուիճի Պրունիարոյի շնորհաւորագիրները։
Ճաշի աւարտին Գերշ. Լեւոն Արք. Զէքիեան Միաբանութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր եւ պետական ներկայացուցիչներուն ու ներկայ ժողովուրդին, նշելով նաեւ թէ Մխիթար շատ բարիք ստացած է Վենետիկէն բայց իր հերթին փոխանցած է Վենետիկին՝ հայ հոգեկանութեան եւ մշակոյթի արժէքներն ու հարստութիւնները։ Ան իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ Վենետիկի հայ վաճառականներն ու անոնց կարեւոր դերը վենետիկի հայ գաղութի հիմնարկութեան մէջ, անոնց ճարտարութիւնն ու հայ մշակոյթի նպաստը, ինչպէս նաեւ իրենց բարերարութիւնը Մխիթարի եւ միաբանութեան։
Կէսօրէ ետք, ժամը 3.30ին տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի բացում Մայրավանքի քառայատակին, եւ թանգարանին մէջ, ուր ցուցադրուած էին պաստառներու վրայ Մխիթարեան Միաբանութեան պատմութիւնը, Ս. Ղազար կղզիի պատմութիւնը, Մխիթարեան հայրերու Հոգեւոր, պատմական, մշակութային, գրական եւ գիտական դարաւոր բազմավաստակ գործունէութիւնը։ Ս. Ղազար կղզիի տպագրանկարներ, լուսանկարներ, ջրանկարներ եւ իւղանկարներ։ Մխիթար Աբբահօր հրատարակութիւնները, անոր պարեգօտն ու փիլոնը, վեղարը, գդակը, խաչը, մատանին, վարդապետական կնիքն ու անձնական իրերը։
Երեկոյեան ժամը 5-ին, եկեղեցւոյ դասին մէջ տեղի ունեցաւ 300 ամեակին նուիրուած համերգ Մխիթար Աբբահօր տաղէն ներշնչուած «Երանուհի Մարիամ» խորագիրով, կատարողութեամբ՝ «Գասպար Եդես» համոյթին, ղեկավարութեամբ մօրենական կողմէ հայազգի Ժիւսթին Ռափփաչիոլիի եւ մասնակցութեամբ դուդուկահար՝ Արամ Իփեքճեանի։ Համերգը կ’ընդգրկէր Մխիթար Աբբահօր յօրինած տաղեր, հոգեւոր եւ ժողովրդական երգեր։ Համոյթի իտալացի անդամները իրենց մելանոյշ ձայներով եւ ճարտարութեամբ հմայեցին հանդիսատեսները արժանանալով իրենց գնահատանքին եւ ջերմ ծափահարութիւններուն։