Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Այցելած Է Ալֆորվիլի «Սբ Մեսրոպ-Արապեան» Հայկական Կրթօճախ
Աշխատանքային այցով Ֆրանսայի մէջ գտնուող ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Նոյեմբեր 28-ին այցելած է Ալֆորվիլի «Սբ Մեսրոպ» հայկական կրթօճախ: Հրանոյշ Յակոբեան Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի հետ շրջայց կատարած է կրթօճախին մէջ, հանդիպած ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն հետ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանատունէն՝ Շրջայցէն յետոյ տնօրինութեան հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են կրթօճախի եւ նախարարութեան համագործակցութեան ուղղութիւնները, մասնաւորապէս` ուսուցիչներու վերապատրաստման, կրթօճախի գրադարարանը նախարարութեան օժանդակութեամբ հարստացնելու եւ աշակերտներու խումբերու` Հայաստան այցելութեան կազմակերպման հարցեր:
Ալֆորվիլի «Սբ Մեսրոպ» հայկական կրթօճախի նոր մասնաշէնքի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 2015 թուականին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի վարչապետներու գլխաւորութեամբ: ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ բացման ձեռնարկին մասնակցած է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: