«Ներկաները Շատ Տպաւորուած Էին Նախարարին Ելոյթով. Պետիկ Պետրոսեան

Նոյեմբեր 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Պելճիգայի Թագաւորութիւն կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Պրիւքսէլի «Հայ տան» մէջ հանդիպած է Պելճիգայի հայկական կազմակերպութիւններու, միութիւններու, համայնքներու ղեկավարներուն, ներկայացուցիչներուն հետ: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին կ’ուղեկցէր Պելճիգայի Թագաւորութեան մէջ, Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավար Թաթուլ Մարգարեան:

Հանդիպման ներկայ  եղած են Պելճիգայի Հայոց հոգեւոր հովիւ Տէր Զատիկ վարդապետ Աւետիքեան, Պելճիգայի ՀՀ հիւպատոս Լիաննա Մկրտչեան, Եւրոպայի Հայ դատի Միջին Արեւելքի պատասխանատու, «Արեւելքի քրիստոնեաներ» կոմիտէի փոխնախագահ Պետիկ Պետրոսեան, Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Լիանա Մարգարեան, Պելճիգայի Հայերու Կոմիտէի Նախագահ Կարէն Թադեւոսեան, Պելճիգայի ՀՅԴ կուսակցութեան ատենապետ Էտիկ Քոթանճեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան վարչութեան անդամ Գաբրիէլ Միքայէլեան, «Եւրոպահայերը յանուն Հայաստանի զարգացման» ընկերութեան նախագահ Արտակ Սերգոյեան, ՊԵլճիգայի «Նուարդ» մշակութային միութեան երիտասարդական կառոյցի ղեկավար Շահնուր Մինասեան, Լիեժ քաղաքէն Արման և Աբել Գալստեանները, Մեխելէն քաղաքի «Անի», Լիեժի «Մեսրոպ Մաշտոց» միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ վարչութեան անդամներ, Հայկական սոցիալական կեդրոնի ներկայացուցիչներ, դեսպանատան աշխատակիցներ, համայնքի ներկայացուցիչներ, տարբեր քաղաքներու մէջ ապրող հայեր:

Մօտ 2 ժամ տեւած ելոյթին ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան տեսասալիկներու միջոցով ներկայացուցած է նախարարութեան գործունէութիւնը, ծրագիրները` «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօն, անդրադարձած Լրագրողներու համահայկական համաժողովի ժամանակ սկիզբ դրուած «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման:

«Պելճիգայի համայնքը տարիներ շարունակ տարբեր միջոցներով կ’աջակցի Արցախին: Աշխատանքները, այսուհետ, կարելի է համագործակցաբար իրականացնել»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Եւրոպայի Հայ դատի Միջին Արեւելքի պատասխանատու, «Արեւելքի քրիստոնեաներ» կոմիտէի փոխնախագահ Պետիկ Պետրոսեան եւ աւելցուց, որ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն  յայտնած է Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին` Արցախի ուղղութեամբ կատարած աշխատանքներուն համար:

«Նախարարը փայլուն ելոյթ ունեցաւ, ներկաները շատ տպաւորուած էին նախարարի ելոյթով: Իր խօսքին մէջ Հրանոյշ Յակոբեան յորդորեց ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ, կարեւոր համարեց հայկական ինքնութեան պահպանումը Սփիւքի մէջ, նշելով, որ տարբեր երկիրներ ապրող հայերը պէտք է այդ երկրի լաւ քաղաքացի ըլլան, միաժամանակ պահպանեն հայկական ինքնութիւնը եւ հաւատարիմ մնան հայկական արմատներուն, որ եւ իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է»,-նշեց Պետիկ Պետրոսեան:

Հանդիպման ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան խօսած է վերջին ամիսներուն ՀՀ կառավարութեան իրականացուցած փոփոխութիւններուն մասին, յայտնած, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի Հայաստանի մէջ կրնայ  զգալ Հայաստանի կառավարութեան աջակցութիւնը այս կամ այն հարցերու մէջ: Նախարարը խօսած է նաեւ սուրիահայերու մասին, մատնանշած այն օժանդակութիւնները, որոնք Հայաստանի կառավարութիւնը կը ցուցաբերէ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն:

Ելոյթէն ետք ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պատասխանած է ներկաներու հարցերուն:

Հանդիպման ընթացքին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներ  յանձնած է Մեխելէնի Լեւոն Շանթի անուան հայկական դպրոցի երկու ուսուցիչներու` Լիանա Մելքոնեանին եւ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանին, իսկ Կարէն Թադեւոսեանին փոխանցած Պելճիգայի հայ համայնքին ուղղուած շնորհակալագիրը:

Պելճիգայի Թագաւորութեան, Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավար Թաթուլ Մարգարեան շնորհակալութիւն  յայտնած է նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին եւ նախարարութեան` ծաւալած գործունէութեան համար:

Պելճիգայի Հայոց հոգեւոր հովիւ Տէր Զատիկ վարդապետ Աւետիքեան իր խօսքին մէջ եւս շնորհակալութիւն  յայտնած է նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, գնահատած նախարարի եւ նախարարութեան աշխատանքը եւ կարեւոր համարած համագործակցութիւնը Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ: Տէր Զատիկ վարդապետ Աւետիքեան Պելճիգայի հայ համայնքին կողմէ յուշանուէր յանձնած է  նախարարին:

Աւարտին տեղի  ունեցած է  ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ներկաները հնարաւորութիւն  ունեցած են մօտէն ծանօթանալու նախարարին հետ:

«Ես եւս հնարաւորութիւն ունեցայ կարճ զրոյց ունենալու նախարարին հետ: Ան հետաքրքրուեցաւ Սուրիոյ ներկայ իրավիճակով»,- ըսաւ Պետիկ Պետրոսեան:

Աւելցնենք նաեւ, որ հանդիպումէն առաջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելած է «Հայ տան» մէջ գործող հայկական մէկօրեայ դպրոց, այնուհետեւ առանձնազրոյց ունեցած դպրոցի տնօրէն Ալպերթ Օհանեանի հետ:

 

 

Scroll Up