Ամփոփուեցան «Արի Տուն-2017» Ծրագիրի Հայոց Լեզուի Ուսուցման Դասընթացքի Արդիւնքները

Սեպտեմբեր 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Արի տուն-2017» ծրագիրի Հայոց լեզուի ուսուցման 5-օրեայ դասընթացքի ամփոփումը` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան աշխատակիցներու եւ դասընթացներու ուսուցիչներու մասնակցութեամբ:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան ողջունեց ծրագիրի մասնակից ուսուցիչները` 8 փուլերուն իրականացած դասերը կազմակերպուած եւ արդիւնաւէտ անցնելու համար: Գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան ամփոփեց դասընթացներու արդիւնքները, առանձնացուց այս տարուան առանձնայատուկ կողմերը, նշեց այն բացթողումները, որոնք, թերեւս, աննկատելի էին, սակայն այդ ուղղութեամբ եւ յաջորդ տարուան դասընթացները կազմակերպելուն, ծրագրաւորելուն եւ խումբերուն հետ աշխատելուն` պէտք է հաշուի առնուին եւ դասընթացներուն կիրառուող մեթոտները կատարելագործուին: Վերջինս նաեւ ուշադրութիւն դարձուց հէնց լեզուական իմացութեան մակարդակներուն համապատասխան աշխատանքի նոր, գրաւչական լեզու ուսուցման մեթոտներուն, եղանակներուն, ուսուցողական միջոցներուն: Միաժամանակ առաջարկուեցաւ ընկերային ցանցի մէջ ունենալ խումբ  եւ շարունակել քննարկումները թէ՛ իրար միջեւ, թէ՛ մասնակից երեխաներուն հետ:

Ծաւալեցաւ քննարկում, ուր հանդէս եկան բոլոր ուսուցիչները` վերլուծելով անցուցած դասերը: Անոնք մատնանշեցին դասաւանդուող խումբերու առանձնայատկութիւնները, դասընթացներէն առանձնացուցին առանձին դրուագներ, խօսեցան բնակութեան երկրի լեզուական հիմքով մասնագիտացուած աշխատանքի մասին:

ՌԴ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կից Մոսկուայի «Վերածնունդ» կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն, մ.գ.թ. Շողիկ Փահլեւանեան, որ հրաւիրեալ ուսուցիչ է «Արի տուն» ծրագիրին,  ընդգծեց, որ ամենակարեւորը այս ծրագիրին մէջ Սփիւռքէն ժամանած հայ պատանիներուն ու աղջիկներուն «Հայ մկրտելն է», որուն հաւաստիքը  իրենց պաստառներուն ու գրաւոր շարադրանքին մէջ  արտացոլուած խորհրդանիշներն ու եզրահանգումներն են: Զեկուցողը  վկայեց, որ արիտունցիներուն մշտապէս պատգամած է շնորհակալ ըլլալ իրենց նախնիներուն ու արժեւորել անոնց արժէքները, քանի որ անոնք  հայ ժողովուրդի ապագան են: Աւելցուց նաեւ, որ մասնակիցներու  70 տոկոսը գրաճանաչ էին,  իսկ մնացեալը` մասամբ  կամ ընդհանրապէս չէին տիրապետեր հայոց այբուբենին, բանաւոր հայերէնին (բարբառային կամ խօսակցական-կենցաղային հայերէնին): Ունենալով  օտարախօս սփիւռքահայերուն հայոց լեզու դասաւանդելու  շուրջ երեք տասնամեակի փորձ` իբրեւ դասագիրք տիկին Փահլեւանեան կիրառած է իր հեղինակային ձեռնարկները` «Ռուս-հայերէն զրուցարանը», «Ռուսերէն-անգլերեն-հայերէն զրուցարանը», «Ռուսալեզու միջավայրի մէջ հայ երեխաներու գրաճանաչութեան կազմակերպման առանձնայատկութիւնները, «Հայկական անձնանուններու բառարանը»:

Յաջորդիւ ներկայացուց ուսուցչական կազմի փորձի արդիւնքով ձեւաւորուած եզրակացութիւններն ու առաջարկները. դասերու տեւողութեան երկարացում, արդիական ուսուցողական նիւթերու եւ զննական պարագաներու ապահովում:

Յաջորդ զեկուցողը` բ.գ.թ. ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի բանահիւսութեան բաժնի գիտաշխատող Լուսինէ Հայրիյեան, իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ դասընթացները հարթակ կը հանդիսանան նաեւ երեխաներու ստեղծագործ ոգիի եւ երեւակայութեան արթնացման համար, քանզի պատանիները խանդավառութեամբ կը մասնակցին հայրենի բնոօրրանը խորհրդանշող պաստառներու կերտման ու ձեւաւորման, դառնալով ազգային շուրջպարի բռնուած շղթայի  օղակը կամ ստեղծում հանրահռչակ առակներու, հեքիաթներու իրենց տարբերակները, թուղթին յանձնելով իրենց մտքի թռիչքն ու ապրումները:

Զեկուցողը խօսեցաւ նաեւ հայրենաճանաչութեան եւ ինքնազարգացման նպատակներով արիտունցիներուն տրուող ցանկ-ընտրանիի մասին, ուր ներառուած են հայ հին եւ նոր գրականութեան գլուխգործոցներու վերնագիրներ, համաշխարհային կշիռ ունեցող հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւններ, նաեւ հայոց ազգային-մշակութային ուրոյն յատկանիշները ընդգծող եւ պատմական նշանակալից իրադարձութիւններ ներկայացնող տարաժանր ֆիլմեր:

Ուսուցչուհի Անի Խալաթեան  եւ Մարիամ Սարգսեան իրենց  ամփոփիչ  խօսքին մէջ  նշեցին, որ  մեծ ոգեւորութեամբ ու սիրով կը դասաւանդեն Սփիւռքէն ժամանած հայորդիներուն: Դասընթացները  իրականացուցած  են ուղղագրութեան, ուղղախօսութեան, բառապաշարի հարստացման  եւ կէտադրութեան   ոչ լիարժէք  իմացութիւնները  հաշուի առնելով: Յանձնարարուած շարադրութիւններուն մէջ Սփիւռքէն ժամանած պատանիներն ու աղջիկները մեծ գոհունկութեամբ ու հիացմունքով արտայայտած են իրենց մտքերը` հայրենիք այցելելու եւ մայր լեզուն սեփական հողի վրայ սորվելու մասին: Անոնք  փաստեցին  նաեւ, որ արիտունցիները այս ծրագիրը կը համարեն հայեցի մթնոլորտ ու հայրենիքին կապող եւս մէկ թել, յիշողութիւններու ու հայ ըլլալու զգացողութեան ազդակ, որ անոնց կեանքին մէջ դեռ երկար կը զարկէ` անընդհատ յիշեցնելով իրենց ինքնութեան եւ մայրենիի մասին:

Գայեանէ Բաբլոյեան, Մաքրուհի եւ Նարինէ Գէորգեանները  խօսեցան իրենց   աշխատանքային  գործունէութեան մասին` նշելով, որ հայրենասիրութիւնը երեխաներուն մէջ խորացնելու միտումն ուղենիշ  դարձուցած են բոլոր փուլերու ընթացքին:  Այս տարի աւելի յաճախ հնչած են հայրենիք վերադառնալու, հայրենիքի մէջ իրենց կրթական եւ աշխատանքային գործունէութիւնը ծաւալելու ցանկութիւնները:  Անոնց դասերը իրականացուած են եւ՛ լեզուական, եւ՛ պատմական ու մշակութային` դաս-մրցոյթներու միջոցով:

Իսկ Լենա եւ Լիզա Թաթոսեանները աւելցուցին,   որ  «Արի տուն» ծրագիրը իսկապէս կը ծառայէ իր նպատակին:

Scroll Up