«Արի Տուն»-2014 Թուականի Ծրագիրի Հիւրընկալող Ընտանիքները Կը Պատմեն …

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան աշխատակիցներու այցելութիւնները «Արի տուն» ծրագիրի հիւրընկալող ընտանիքներ կը շարունակուին:
Հերթական այցելութեամբ աշխատակիցները հանդիպումներ ունեցան Էրեբունի, Արաբկիր, Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջաններու բնակիչներուն հետ: Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հիւրընկալ ծնողներու տպաւորութիւնները:
Լաւրենտի Միրզոյեան – Շատ կարեւոր կը համարեն «Արի տուն» ծրագիրի դերը հայրենաճանաչութեան գործին մէջ: Հիւրընկալած եմ ծրագիրի երեք մասնակիցի եւ պատրաստ եմ յաջորդ տարիներուն նոյնպէս երեխաներ հիւրընկալելու: Անոնց հետ հաճելի ժամանակ անցուցինք եւ բարեկամացանք:
Աննա Մովսիսեան – Դեռեւս 2009 թուականէն միացած եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրին: Նպատակս մէկն է` այս քայլով ներդրումս ունենամ հայրենիքիս բարգաւաճման, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ: Տանս դռները բացած եմ տարբեր երկիրներէ` Երուսաղէմէն, Գերմանիայէն, Ռոստովէն, Մոսկուայէն ժամանած երեխաներու առջեւ: Անոնց հետ ջերմ յարաբերութիւններու մէջ եղած եմ, կապը մինչեւ հիմա կը պահպանենք: Միասին լաւ ժամանակ կ’անցնենք, տարբեր տեսարժան վայրեր զբօսանքի կ’երթանք: Շնորհակալութիւն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի կազմակերպման համար:
Քրիստինա Սարիբէկեան – Աղջկաս ցանկութիւնը եղած է, որ մեր տան մէջ սփիւռքէն ժամանած երեխայ հիւրընկալենք: Հետեւելով աղջկաս խնդրանքին` այս տարի հիւրընկալեցինք Վրաստանէն եկած Անուշիկը: Այնքան շուտ մտերմացան իրար. ծրագիրի շրջագայութիւններէն ետք, երբ ան տուն կը վերադառնար, կը փակուէին սենեակին մէջ, կը զրուցէին միասին, գիրք կը կարդային: Իսկ ազատ օրերուն դուրս կու գային պտոյտի: Անուշիկը մեզի խօսք տուած է, որ դարձեալ Հայաստան պիտի գայ:
Շուշանիկ Մարգարեան – 2009 թուականէն իմ տան մէջ սփիւռքահայ երեխաներ կը հիւրընկալեմ: Բոլորին հարազատ մօր պէս ընդունած եմ, ամէն ինչ ըրած եմ, որ իրենց լաւ զգան: Իրարու խօսք տուած ենք, որ մեր բարեկամական կապը պիտի շարունակենք միշտ:
Սուսաննա Վարդանեան – Իմ հիւրն էր ռոստաւաբնակ Օլկան: Որոշեցի որպէս հիւրընկալող ընտանիք հանդէս գալ, քանի որ կը կարծեմ այն հայրենասիրութեան, բարութեան դրսեւորում է: Ընտանիքի անդամներով երբեք դժուարութիւն չունեցանք Օլկային հետ շփուելէն, որովհետեւ կիրթ, դաստիարակուած, չափի զգացողութիւն ունեցող աղջիկ էր: Անոր հետ երեկոները կը նստէինք մեր պատշգամին վրայ, հարցուփորձ կ’ընէի կատարած շրջագայութիւններուն մասին, ապա միասին կը ճաշէինք: Նոյնիսկ իր ծննդեան տարեդարձը մեր տան մէջ նշեցինք, հրաշալի երեկոյ ունեցանք:
Արուս Արզումանեան – Շնորհակալ եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, որ մեր ընտանիքին վստահած է սփիւռքահայ երեխայ հիւրընկալել, սիրով համաձայնեցայ: Այս տարի մեր ամառն անցուցինք Սոչիէն ժամանած Գրիշային հետ: Ան շատ կենսուրախ տղայ էր, մեզի հետ ջերմօրէն կը շփուէր, կարծէս շատոնց կը ճանչնայինք իրար:
Նելլի Ոսկանեան – Մեր ընտանիքին մէջ ապրող երեխաներուն համար փորձած ենք հայկական միջավայր ստեղծել, որպէսզի Հայաստանէն տպաւորուած եւ լաւ յիշողութիւններով վերադառնան իրենց երկիրները: Անցեալ տարի հիւրընկալեցինք Ռոստով ապրող Արտեոմը, իսկ այս տարի` Լիբանանէն եկած Արծուինին: Տղաներուն հետ մտերմացանք շատ: Պատկերացուցէք` Արտեօմը այնքան կապուած է մեզ հետ եւ հարազատի պէս կ’ընդունի, որ խօսք տուած է ամուսնանալու պարագային իր հարսանիքին քաւորը ես ու ամուսինս պիտի ըլլանք:
Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան