Տեղի Ունեցաւ Հայաստան-Սփիւռք Վեցերորդ Համահայկական Համաժողովի Մամլոյ Ասուլիսը
Սեպտեմբեր 5-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի մամլոյ ասուլիսը` սեպտեմբեր 18-20 Երեւանի մէջ կայանալիք «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» Հայաստան–Սփիւռք վեցերորդ համահայկական համաժողովին վերաբերեալ: Համաժողովը կ’իրականացուի Մայիսեան յաղթական հերոսամարտերուն եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակին ընդառաջ:
Ողջունելով լրագրողները` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ համաժողովները համահայկական միասնական ամենամեծ հարթակն են,ազգայիններուժի համախմբման եւ ատոր արդիւնաւէտ կիրառման նպաստող բացառիկ իրադարձութիւններ են, որոնց ընթացքին կը ճշգրտուին առաջնահերթութիւնները, կ’ուրուագծուին սփիւռքեան, համահայկական գործունէութեան օրակարգը, կը ձեւաւորուի հայաստանակեդրոն համազգային հայեցակարգ, ազգային հզօր լիցքով կը հաղորդէ մասնակիցներուն:
«Համաժողովի անցկացման ժամկէտը եւ օրակարգը որոշուել են դեռեւս 2014 թուականին` Հայաստան-Սփիւռք հինգերորդ համաժողովի արդիւնքների ամփոփման ընթացքում: Ի տարբերութիւն նախորդ համաժողովների` 6-րդ համաժողովն աչքի է ընկնում մի շարք առանձնայատկութիւններով: Առաջին անգամ համաժողովում առանձնացուել են 4 գլխաւոր ուղղութիւններ, որոնց կազմակերպման համար ընտրուել են պատասխանատու գերատեսչութիւններ` պաշտպանութեան, Արտաքին գործերի, միջազգային տնտեսական ինտէգրման եւ բարեփոխումների, Սփիւռքի նախարարութիւնները:
6-րդ համաժողովի մէկ այլ առանձնայատկութիւնը 2 կլոր-սեղան-քննարկումների անցկացումն է: Առաջին կլոր-սեղանին քննարկման կը դրուեն աշխատանքային խմբի առաջարկները Համահայկական խորհրդի ձեւաւորման սկզբունքների վերաբերեալ: Երկրորդ կլոր-սեղան քննարկումը նուիրուելու է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերի 100-ամեակի, ինչպէս նաեւ Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակի տօնակատարութիւնների կազմակերպման եւ անցկացման նախնական ծրագրերին: Համաժողովին սփիւռքից արդէն իրենց մասնակցութիւնն են հաստատել աւելի քան 1500 մարդ աշխարհի 70 երկրից:
Համաժողովի ընթացքում կը ներկայացուեն նախորդ` հինգերորդ համահայկական համաժողովի առաջարկների արդիւնքում ձեւաւորուած ծրագրերի իրագործման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները, ի մի կը բերուեն բոլոր նոր առաջարկները, որոնք յետագայում կը վերածուեն ծրագրերի եւ կեանքի կը կոչուեն», – աւելցուց նախարարը:
Անդրադառնալով Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ներկայ արդիւնքներուն` նախարարը շեշտեց մասնագիտական ընկերակցութիւններու կազմաւորումը, համահայկական շատ ձեռնարկներ (հաւաքներ, փառատօներ, մարզախաղեր), նոր համահայկական շարժումներու սկզբնաւորումը` «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար», սահմանապահ գիւղերու սոցիալական աջակցութեան ծրագիր-շարժումը, Հայկական առեւտրային ցանցի, Մէկ պատուհանի սկզբունքով գործող կառոյցի, Երկքաղաքացիութեան հիմնարկի ձեւաւորումը եւ այլն:
Արդիւնքներու ամփոփումէն ետք համաժողովը կ’ընդունի Յայտարարութիւն, որուն նախագիծը կը քննարկուի համահայկական եւ համայնքային կառոյցներուն կողմէ եւ որոնց դիտարկումներուն եւ առաջարկութիւններուն հիման վրայ ալ կը ձեւաւորուի վերջնական տարբերակը:
Համաժողովի աշխատանքները ներկայացնելու, լուսաբանելու եւ յետադարձ կապ ապահովելու համար ստեղծուած են աշխատանքային խումբ եւ կայքէջ:
Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի Paf2017.am կայքին մէջ առանձին բաժիններով ներկայացուած են համաժողովի ծրագիրը, մամուլի կեդրոնի եւ լրագրողներու հաւատարմագրման, կազմակերպիչներու եւ հովանաւորներու մասին տեղեկութիւններ:
Պիտի գործէ ուղիղ տեսակապ լիագումար նիստերէն:
Մարզահամերգային համալիրին մէջ պիտի ձեւաւորուին տաղաւարներ, որոնց մէջ իրենց նուաճումները կը ներկայացնեն այնպիսի կազմակերպութիւններ, ինչպիսիք են «Թումօ» նորարարական արհեստագիտութիւններու կեդրոնը, «Այբ» նորարարական դպրոցը, «Քուանտ» վարժարանը: Կը ցուցադրուին գինեգործութեան, քոնեակագործութեան, գործուածքի արդիւնաբերութեան ձեռքբերումները: «Մէգերեան կարպետը» կը ներկայացնէ հայ գորգագործութեան անցեալի նուաճումներն ու ներկայ զարգացման ընթացքը: Առանձին տաղաւարներով իր տնտեսական եւ մշակութային ձեռքբերումները կը ներկայացնէ Արցախը: Կ’ըլլան նաեւ «Ազգ-բանակ» գաղափարախօսութեան նուիրուած ցուցադրումներ:
Համաժողովին ծիրէն ներս կը կազմակերպուին շարք մը մշակութային ձեռնարկներ: Սեպտեմբեր 16-ին Հանքաւանի «Նայիրի սպա ռեզօրթս» հիւրանոցային համալիրի տարածքին մէջ կը բացուի «Նայիրի» երաժշտական այգի-թանգարան, ուր տեղադրուած կ’ըլլան հայ երաժշտութիւնը, երգարուեստը, երաժշտական նուագարանները խորհրդանշող պրոնզաձոյլ հարթաքանդակներով 10 արձան: Սեպտեմբեր 18-ին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ կ’իրականացուի համերգ` նուիրուած Արաքս Մանսուրեանի ստեղծագործական գործունէութեան 50-ամեակին: Սեպտեմբեր 19-ին Կ. Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ կը նշուի «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի 10-ամեակը: Սեպտեմբեր 20-ին համաժողովի մասնակիցները ներկայ կը գտնուին ՀՀ նախագահի բարձր հովանիի ներքոյ տեղի ունեցող «Նայիրի» համահայկական երաժշտական փառատօնի կալա համերգին, ուր կը մեծարուին Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն արուեստի նշանաւոր գործիչներ: Սեպտեմբեր 5-29 Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ առաջին անգամ «Բարձր արուեստ» կերպարուեստի կեդրոնը «Հայ կոլեկցիոներներու ակումբի»-ն հետ համատեղ կը կազմակերպէ «Ընտրանի» ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ 21-րդ դարու սկիզբի 24 հայ նշանաւոր արուեստագէտներու 30 ստեղծագործութիւնները` բացառապէս մասնաւոր հաւաքածուներէ:
Ասուլիսի աւարտին ՀՀ սփիւռքի նախարարը պատասխանեց լրագրողներու հարցերուն: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Համահայկական խորհուրդը պէտք է լինի խորհդատուական մարմին: Սփիւռք ունեցող շատ երկրներ ունեն նմանատիպ մարմիններ: Խորհուրդը միտուած է լինելու Սփիւռքի մտաւոր ներուժը համախմբելուն եւ կազմակերպելուն: Պէտք է կարողանանք Սփիւռքի ներուժի օգտագործման արդիւնաւէտ ձեւը գտնել: Անդրադառնալով համահայկական խնդիրներին` համաժողովներում համատեղ պէտք է քննարկել եւ միասնաբար լուծումներ գտնել: Առաջարկելու ենք, որ Սփիւռքի համայնքները աջակցեն սահմանապահ գիւղերի սոցիալական խնդիրների լուծմանը: Մեր նախաձեռնած` «Դու ի՞նչ ես անում Արցախի համար» շարժման շրջանակներում բազմաթիւ ծրագրեր եւ միջոցառումներ են կեանքի կոչուել: Վերջերս էլ արգենտինահայերը նախաձեռնել են 10 համերգներով շրջագայութիւն, վերջին համերգը կը կայանայ Երեւանում, իսկ համերգների հասոյթով ձեռք բերուած երաժշտական գործիքները կը նուիրաբերուեն Արցախի երաժշտական դպրոցներին: Այս բոլոր միջոցառումները Սփիւռքի երիտասարդութեան համար նաեւ դաստիարակչական նշանակութիւն ունեն, իրենց մէջ քաղաքական, բարոյական, ազգային, պատմական մեծ լիցք են պարունակում: Նաեւ` փորձի փոխանակման մեծ հարթակ են, ամրապնդում են ոչ միայն Հայաստան-Սփիւռք, այլեւ` Սփիւռք-Սփիւռք կապերը: