Մեկնարկեցին Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համահայկական Համաժողովի Նախապատրաստական Աշխատանքները

Ապրիլ 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ 2017թ. Սեպտեմբերի 19-20 Երեւանի մէջ կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն նուիրուած խորհրդակցութիւն:

«Հայերն այսօրի»-ի փոխանցմամբ` քննարկուեցան համաժողովի ձեւաչափին, թեմատիկ ընդգրկման, մասնակիցներու կազմին եւ կազմակերպչական խնդիրներուն առնչուող հարցեր:

Նախարարը նշեց, որ չափազանց կարեւոր է Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր կարող ուժերու, փորձագէտներու մասնակցութիւնը համահայկական նշանակութիւն ունեցող ձեռնարկին:

Կարեւոր համարուեցաւ Հայաստանի շահագրգիռ գերատեսչութիւններու ղեկավարներու աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը համաժողովի աշխատանքներուն:

Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին իրենց առաջարկութիւններն ու նկատառումները, որոնք հաշուի առնելով` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ամբողջացուց համաժողովի թեմատիկ ուղղութիւնները, նշելով, որ աշխատանքները պէտք է ընթանան ներդրումներու ներգրաւման, հայապահպանութեան, Սփիւռքի երիտասարդութեան, մշակութային խնդիրներու լուծման, արցախեան հիմնախնդիրի եւ ժողովրդական դիւանագիտութեան, հակահայկական քարոզչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ:

Յանձնարարուեցաւ սփիւռքեան կառոյցներուն հետ համագործակցելով` մշակել համաժողովի ծրագիրի նախագիծը եւ սկսիլ հերթականութեամբ իրականացնել անհրաժեշտ նախապատրաստական քայլեր:

Scroll Up