«Ընթացիկ Տարուան Երկրորդ Եռամսեակին Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Մէջ ՀՀ Քաղաքացիութիւն Տրամադրուած Է 193 Անձի

ՀՀ կառավարութիւնը Սուրիոյ եւ Լիբանանի դիւանագիտական հաստատութիւններուն մէջ ազգութեամբ հայերուն տրամադրուած ՀՀ անձնագիրին դիմաց տուրքի գումարը փոխհատուցելու նպատակով Արտաքին գործոց նախարարութեան կը յատկացնէ 11 մլն դրամ:
Այդ մասին որոշման նախագիծն ընդգրկուած է ՀՀ կառավարութեան օգոստոս 10-ի նիստի օրակարգին մէջ:
2017թ. 2-րդ եռամսեակին ընթացքին տրամադրուած է օտարերկրեայ պետութիւններուն մէջ վաւերական 193 անձնագիր, սակայն պետական տուրք չէ գանձուած: Ընդ որում, այդ անձնագիրները տրամադրուած են Դամասկոսի (81 գործ), Հալէպի (111 գործ), Լիբանանի (1 գործ) գտնուող ՀՀ դեսպանութեան մէջ` ՀՀ քաղաքացիներուն եւ ազգութեամբ հայ այն օտարերկրեայ քաղաքացիներուն, որոնք ձեռք բերած են ՀՀ քաղաքացիութիւն եւ դիմած են առաջին անգամ ՀՀ անձնագիր ստանալու համար:
ՀՀ կառավարութիւնն ամէն կերպ կը փորձէ աջակցիլ ազգութեամբ հայ այն օտարերկրեայ քաղաքացիներուն եւ ՀՀ քաղաքացիներուն, որոնց մշտական բնակութեան պետութեան մէջ ստեղծուած է այնպիսի արտակարգ իրավիճակ, որ կը սպառնայ քաղաքացիներու կեանքին կամ առողջութեան, կը գրէ Արմէնփրես: