«ճամբարային Առօրեան Մեզի Աւելի Մտերմացուց». «Արի Տուն» Ծրագիրի Ամերիկահայ Մասնակից
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» հայրենաճանաչողական ծրագիրի ծիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկներով գրեթէ միշտ շատ տպաւորուած կ’ըլլան սփիւռքահայ պատանիներն ու աղջիկները, որոնցմէ շատերն առաջին անգամ կ’այցելեն Հայաստան: «Հայերն այսօր»-ի համար ունեցած հարցազրոյցներուս ընթացքին յաճախակի լսած եմ յատկապէս ճամբարային օրերուն մասին անոնց հիացական տպաւորութիւնները, որոնք կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան:
Լուիզա Ճորճիզեան, 12 տարեկան, ԱՄՆ, Լոս Անճելըս
-Այս ծրագիրին մասին մայրս ըսած է ինծի, իսկ ես ալ մեծ սիրով ցանկութիւն յայտնեցի անպայման մասնակցելու ծրագիրին եւ չեմ զղջար, աւելին` հնարաւորութեան պարագային կրկին կ’ուզէի մասնակցիլ: Հետաքրքիր տեսարժան վայրեր այցելեցինք, որոնք բոլորն ալ շատ տպաւորած են զիս. երբ Ամերիկա վերադառնամ, քրոջս, եղբօրս, բոլոր ընկերներուս պիտի պատմեմ այդ մասին: Ճամբարային առօրեան մեզի աւելի մտերմացուց. այստեղ հայկական երգեր ու պարեր սորվեցանք, մաքուր օդ շնչեցինք, վայելեցինք անտառներէն եկող զովութիւնը, համեղ սնունդ կերանք: Կը սիրեմ Հայաստանի միրգերը, համեղ ու սառնորակ ջուրը եւ…հայկական քապապը:
Լոս Անճելըսի մէջ ես կը յաճախեմ ռուսական դպրոց, սակայն մեր ընտանիքը հայախօս է, հա՛յրս հայոց լեզուի պահապանն է մեր ընտանիքէն ներս. այս ծրագիրին ծիրէն ներս հնարաւորինս կատարելագործուեցաւ իմ հայերէնս:
Երեւանի մէջ ամէնէն շատ կը սիրեմ մարդիկը, որոնք շատ մաքուր են, կոկիկ: Ես շատ կը սիրեմ կրել «Արի տուն» վերտառութեամբ շապիկը: Շատ պիտի կարօտնամ այս հիասքանչ օրերը. երբ մեծնամ, երեւի մօրս նման բժիշկուհի կը դառնամ, գուցէ Հայաստանի մէջ ստանամ բարձրագոյն կրթութիւն եւ ընդմիշտ ապրիմ Հայրենիքիս մէջ: Շատ յուզիչ է ծրագիրի ճամբարային առօրեայի այս վերջին օրը. բաժանումը նոր ընկերներէս դժուար պիտի ըլլայ, սակայն մենք ընկութիւնը կը շարունակենք նաեւ համացանցի միջոցով: Գուցէ, օր մը, երբ արդէն աւելի մեծ ըլլանք, կրկին հանդիպինք Հայաստանի մէջ:
Այս թուխ ու սեւաչեայ, գեղեցիկ դիմագիծով փոքրիկ հայուհին Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւնը պահպանած ընտանիքներէն մէկուն ճրագն է, որուն ստացած հայեցի դաստիարակութիւնն ու փոքրիկ սրտին մէջ բոյն դրած հայրենասիրութեան կայծերը օր մը անպայման անշիջելի խարոյկ պիտի դառնան հայրենի հողին վրայ:
Կարինէ Աւագեան