Պայծառ Աղջիկ Մը Պոսթոնէն` Նայիրի Գրաֆեան. Ան Իր Մազերը Նուիրաբերած Է Քիմիաբուժում Ստացած Հայ Երեխաներուն

Խօսքս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուած ընդամէնը 21-ամեայ հայուհիի մը մասին է, որուն հետ հարցազրոյցս ունեցայ «Հայերն այսօր»-ի համար, որ զարմանք պատճառեց բոլորիս` Հայաստանի ու Ամերիկայի մէջ ծաւալած իր հայրենասիրական ու մարդասիրական բազմաբնոյթ գործունէութեամբ:
-Նայիրի՛, ես տեղեակ եմ, որ դուն կը պարես «Սայաթ-Նովա» պարային համոյթին մէջ. ո՞ր տարիքէն ընդգրկուած ես այդ յայտնի պարախումբին մէջ:
-Ես երեք տարեկանէս յաճախած եմ պարի. «Սայաթ–Նովա» պարային համոյթն ունի «Ապագայ» անունով փոքրերու խումբ, հէ՛նց այդ խումբին մէջ սկսած եմ պարել, որմէ յետոյ, երբ արդէն 11-րդ դասարան էի, տեղափոխուեցայ մեծերու խումբ: Մեր պարախումբը շատ երկիրներու ու քաղաքներու մէջ պարած է, անցեալ տարի Հայաստանի մէջ մասնակցեցանք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» փառատօնին: Հիմնականին մէջ կը պարենք հայկական ժողովրդական պարեր: Մեր ղեկավարը` Աբօ Աշճեան, Հայաստանի մէջ պարի դպրոց յաճախած է, իր ղեկավարն ալ տեսած է մեր պարերը եւ ըսած, որ ատոնք, իրօք, բուն հայկական պարեր են: Այս օրերուն, երբ Հայաստանի մէջ եմ, ուրբաթ օրերուն կ’երթամ Կասկադ եւ սիրով կը մասնակցիմ Գագիկ Գինոսեանի պարի բաց դասերուն
-Շա՞տ կը սիրես պարը, ունի՞ս առնձնայատուկ սիրելի որեւէ պար:
-Այո՛, պարը ինծի համար կեանք է, որմով մարդ կը կարենայ արտայայտել իր հայրենասիրական, հայասիրական զգացումները: Հայկական ժողովրդական բոլոր պարերը շատ կը սիրեմ, սակայն առաւել կը սիրեմ «Ղարաբաղ» պարը. այդ կատարման ընթացքին մենապարող ունինք, որ հանդէս կու գայ Արցախի տարազով, շատ տպաւորիչ պար է:
-Ինծի ըսին, որ դուն նաեւ կը զբաղիս կենդանիներու բուժմամբ եւ այստեղ` Հայաստանի մէջ, այդպիսի առաքելութեամբ կը գտնուիս. ի՞նչն է այդօրինակ նուիրումի շարժառիթը:
-Ես շատ կը սիրեմ կենդանիները, առաւելապէս` շուները: Միշտ ցանկացած եմ անոնց օգնել, խնամել: Փոքր հասակէս կապուած եղած եմ կենդանիներուն, մեր տան մէջ հիմա երկու շուն կը պահենք: Միշտ կը մտածէի ինչ-որ բան ընել Հայաստանի մէջ, Հայաստանի համար, որովհետեւ ծնողներս ինծի ու քոյրերուս այդպէս դաստիարակած են: Երբ անցեալ տարի եկայ Հայաստան, ֆէյսպուքով փնտռեցի կենդանիներու կացարան, այցելեցի այնտեղ, ուր աշխատողները ձիերու հետ կապուած բուժելու փորձ ունին, ես ալ ցանկութիւն յայտնեցի շուներու բուժմամբ զբաղելու: Այս տարի «Դէպի Հայք» ծրագիրով եկայ Հայաստան եւ աշխատեցայ շուներու հետ: 33 շուներէն ես ընտրեցի երեքը, մէկուկէս ամիս անոնց հետ կ’աշխատէի, կը հետեւէի անոնց վարքի դրսեւորման տարբեր ձեւերուն: Ատոնց մէջ շուն մը կար, որ մարդոցմէ շատ կը վախնար. կացարանի աշխատակցուհի Յասմիկը ինծի ըսաւ, որ այդ շան հետ անոր տէրերը շատ վատ վարուած են, ծեծած, գոռգոռացած անոր վրայ, եւ այդ պատճառով ոեւէ մէկը չէր կրնար մօտենալ այդ շունին…ես այդ շան հետ երկար աշխատանք տարի ու հասայ ցանկալի արդիւնքի: Շատ պիտի տխրիմ, երբ բաժնուիմ իմ խնամած կենդանիներէս, մեկնիմ Ամերիկա: Ըսեմ նաեւ, որ էջ մը բացած եմ, որ վերնագրած եմ` Օգնուշուն:
-Նայիրի՛, լսած եմ նաեւ քու այնչափ մարդասիրական արարքի մը մասին` կ’ըսեն, որ դուն քու երկար մազերդ կտրած ու նուիրաբերած ես արեան քաղցկեղով հիւանդ, քիմիաբուժում ստանալէ յետոյ մազերը թափած հայ երեխաներուն…յիրաւի, խոնարհումի արժանի զոհողութիւն…խօսինք այդ մասին:
-Արդէն 4-րդ անգամն է, որ մազերս կը նուիրաբերեմ. մազերս շատ արագ կ’երկարին: Դեռ փոքր էի, երբ հեռուստատեսութեամբ տեսայ այդպիսի հաղորդում մը, եւ ես ու քոյրիկս դիմեցինք այդ քայլին: Երկու տարին անգամ մը կը կրկնենք այդ գործողութիւնը: Պատրաստակամ եմ այդ գործին, որովհետեւ անով այդ հիւանդ երեխաներուն ուրախութեան, յոյսի շող մը կը պարգեւեմ:
–Ուրիշ ի՞նչ ծրագիրներ ունիս յառաջիկային:
-Հիմա պէտք է սկսինք փոքրիկ եւ խնդիրներ ունեցող շնիկներուն բերել կացարան ու զբաղուիլ անոնց առողջութեամբ, խնամքով: Պէտք է նաեւ աշխատինք հիւանդ ծերերու, մանուկներու հետ:
-Կը հասցնե՞ս ամէն ինչ, Նայիրի՛:
-«Թաֆթս» համալսարանին մէջ ես նաեւ հայկական ուսանողական խորհուրդի ղեկավարն եմ. մենք հայրենասիրական շատ ձեռնարկներ կը կազմակերպենք, ատոնց շարքին կ’առանձնացնեմ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնը: Այս անգամ ցանկացայ, որ մարդիկ գան ու ինչ-որ բան սորվին, հրաւիրեցինք մասնագէտի, որ դասախօսութիւն կարդաց Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով. ներկայ էին նաեւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ, որոնք շատ ուշադիր կը լսէին այդ պատմութիւնները. Կը կարծեմ` այսպիսի ձեռնարկերն աւելի կարեւոր են, որպէսզի օտարներուն ծանօթացնենք մեր պատմութեան, Հայաստանին ու հայութեան:
-Նայիրի՛, հայ մնալու համար ի՞նչ նախադրեալներ կան Պոստթոնի մէջ:
-Նախ` շատ կարեւոր է ընտանիքներու դրուածքն այս հարցով, կարեւոր է ծնողներու հայեցի դաստիարակութիւնը: Նախադրեալներէն մէկն ու շատ կարեւորը Հայ եկեղեցին է, ինչպէս նաեւ` հայկական դպրոցը, թերթը, Հայրենիքի հետ մշտապէս կապ ունենալը: Ես «Սուրբ Ստեփանոս» հայկական դպրոց յաճախած եմ, առաջին անգամ Հայաստան եկած եմ 5-րդ դասարանիս. մեր դպրոցին մէջ, երբ 5-րդը կ’աւարտեն, աշակերտներուն երկու շաբաթով Հայաստան կը բերեն, որպէսզի այն, ինչ դպրոցին մէջ սորված են Հայաստանի մասին, իրենց աչքերով տեսնեն: «Հայրենիք» անունով թերթ ունինք, հայկական եկեղեցի, պարախումբ, ռատիօ, որոնք եւս կը նպաստեն հայապահպանութեան: Շնորհակալ եմ իմ ծնողներուս, որոնցմէ ես միշտ լսած եմ, որ պէտք է ամէն մէկս ջանանք ինչ–որ կերպ օգտակար դառնալ մեր Հայրենիքին, հայութեան:
Հարցազրոյցս աւարտելով այս պայծառ ու հայրենասէր, խելացի, համեստ ու համակրելի աղջնակին հետ, որուն մասին դեռ աւելին պատմեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան մշակութային, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան ծրագիրներու բաժինի պետ Կրետա Մնացականեան` հաստատապէս կը համոզուիմ, որ ապագային Սփիւռքն ու Հայաստանը իրար կամրջողները հէ՛նց այսպիսի երիտասարդները պիտի ըլլան, որ պիտի շարունակուի Սփիւռք-Հայաստան համագործակցութեան սերտ կապը:
Կարինէ Աւագեան