Սուրիահայերուն ՀՀ Կառավարութիւնը Արտադրութիւն Իրականացնելու Համար Տարածքներ Տրամադրած Է

ՀՀ կառավարութիւնը այսօր տեղի ունեցած նիստին ժամանակ «Սուրիահայերու ﬕութիւն» հասարակական կազմակերպութեան յատկացուց տարածքներ` սուրիահայերուն գործարար աջակցութիւն ցուցաբերելու  նպատակով:

Կոմիտասի 49/3 հասցէին գտնուող շէնքի 2-րդ մասնաշէնքի (գրապահոց) 860.5 քառ. մեթր մակերեսով նկուղային տարածքը եւ 1-ին յարկի 649.2 քառ. մեթր մակերեսով տարածքը 5 տարի ժամկէտով անհատոյց օգտագործման կը տրամադրուին «Սուրիահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան` գործարար ծրագիր իրականացնելու նպատակով:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեան նշած է, որ «Սուրիահայերու միութիւն» ՀԿ-ի հետ բաւական բուռն քննարկումներ  իրականացուած են, բացի սուրիահայերէն, գործարար ծրագիրներուն ներգրաւուած է նաեւ քանի մը միջազգային կազմակերպութիւն: Կը նախատեսուի տարածքին մէջ կազմակերպել փոքր արտադրութիւններ:

 

 

Scroll Up