Ֆինանսական աջակցութիւն` սուրիահայ սկսնակ գործարարներու համար
Հայաստանի ՓՄՁ ԶԱԿ հիմնադրամին մէջ «Սկսնակ գործարարներու ձեռներէցութեան աջակցութիւն» ծրագիրի ծիրէն ներս տեղի ունեցած է սուրիահայ սկսնակ գործարարներու մշակած գործարար ծրագիրներու հերթական ներկայացումը, կը յայտնէ Panorama.am-ը:
Հայաստանի ՓՄՁ զարգացման ազգային կեդրոնի տեղեկացմամբ, ծրագիրը մեկնարկած է 2015 թուականի Օգոստոս 11-ին` Երեւանի մէջ, ՄԱԿ ՓՀԳ-ի եւ «Զբաղուածութեան պետական ծառայութիւն» գործակալութեան հետ համատեղ ծրագիրի ծիրէն ներս:
Մասնակիցները ծրագիրի ընթացքին ստացած են գործի ծրագրման, շուկայավարման, կառավարման, արտադրութեան եւ ֆինանսներու ծրագրման գիտելիք եւ համապատասխան գործարար հմտութիւններ:
Իբրեւ արդիւնք մշակած են անհատական գործարար ծրագիրներ: 16 մասնակիցներէն 8 -ը ներկայացուցած է գործարար ծրագիր: Մշակուած գործարար ծրագիրներու 75%-ն արտադրութեան, 25%-ը` ծառայութիւններու ոլորտի գործարար ծրագիր է:
Սկսնակ գործարարը հնարաւորութիւն ունի օգտուելու ՓՄՁ ԶԱԿ-ի ֆինանսական աջակցութեան գործիքէն:
Լաւագոյն գնահատականի արժանացած կենսունակ գործարար ծրագիրները կրնան ներկայացուիլ վարկաւորման`
ֆինանսական միջոցներու ներգրաւման հետեւեալ պայմաններով`
• գումարը` առաւելագոյնը 5 մլն դրամ,
• տարեկան տոկոսադրոյքը` 4 %,
• ժամկէտը` առաւելագոյնը 5 տարի,
• գրաւը` Հայաստանի ՓՄՁ ԶԱԿ-ի կողմէ տրամադրուող երաշխաւորութիւն (100%),
• նպատակային խումբը` սկսնակ գործարարներ: