Սուրիահայ գործարարները կառավարութենէն կը խնդրեն աջակցութիւն վարկերու մարման հարցով
Սուրիահայ գործարարները կառավարութենէն կը խնդրեն աջակցիլ սառեցնելու իրենց արտօնեալ պայմաններով տրամադրուած վարկերու մայր գումարը, այլապէս իրենք ստիպուած պիտի ըլլան զանգուածաբար դադրեցնելու իրենց գործունէութիւնը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ` Մարտ 23-ին լրագրողներուն հետ հանդիպման այս մասին յայտարարեցին Սուրիայէն տեղափոխուած շարք մը հայ գործարարներ:
Կառավարութիւնը յատուկ ծրագիրի ծիրէն ներս արտօնութիւններ սահմանեց սուրիահայ գործարարներուն` տրամադրելով արտօնեալ պայմաններ գործ հիմնելու համար: «Մէկ տարի է, որ տեղափոխուած եմ Երեւան, եւ շնորհակալ եմ ժողովուրդին, կառավարութեան մեզի աջակցելու համար: Սակայն անցած տարուան վերջը դրամի
կտրուկ արժէզրկման պատճառով մեզմէ շատերը յայտնուած են ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ: Այդ իսկ առիթով կը խնդրենք, որպէսզի սառեցնեն մեզի տրուած առաւելագոյն 5 միլիոն դրամի վարկի մայր գումարը առնուազն կէս տարիով, որուն ընթացքին մենք կը վճարենք միայն տոկոսադրոյքը», հանդիպման ըսաւ սուրիահայ գործարար Հրաչ Բալ Մանուկեան:
Հայաստան տեղափոխուելով` վերջինս հիմնած է կտորեղէնի արտադրութիւն եւ հաւատացուց, թէ կ’ըմբռնէ, որ չորս ամիս առաջ տեղի ունեցած դրամի գահավիժումէն ոչ միայն սուրիահայերը յայտնուած են ծանր դրութեան մէջ: Սակայն բանախօսը ուշադրութիւն հրաւիրեց, որ իրենք նաեւ սոցիալական կապերու բացակայութեան մեծ խնդիր ունին, որ աւելի կը դժուարացնէ գործարարութեան յառաջխաղացումը: Ոսկերչութեամբ զբաղող Րաֆի Խժպճեան նկատեց, որ Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած եւ գործարարութիւն սկսած իր նման մարդոց շարքին այսօր կը շատնան անոնք, որոնք վարկի գումարը մարելու համար ստիպուած են փակել գործը եւ այլ աշխատանքի անցնիլ:
«Մարդիկ կան, որոնք գործերը փակած են, կ’աշխատին իբրեւ բանուոր: Ստիպուած պիտի ըլլանք մենք եւս փակելու մեր գործերը: Մենք այստեղ եկած ենք Սուրիոյ մէջ ձգելով մեր գոյքը, սոցիալական կապերը: Այդ առումով մենք ոչ միայն կը հայցենք ֆինանսական աջակցութիւն, այլեւ աւելի շատ օգնել հայթայթելու նոր համագործակցութիւն», ըսաւ գործարար Միքայէլ Կարապետը: Ան տեղեկացուց, որ արդէն երեք տարի է, որ կը գտնուի Հայաստանի մէջ, որուն ընթացքին փորձած է հիմնել սպասարկման ոլորտին մէջ երեք տարբեր գործարարութիւններ, սակայն յայտնուած է այնպիսի դրութեան մէջ, որ ստիպուած հերթով կը փակէ ատոնք:
Գործարարը նաեւ աւելցուց, որ իրենց շարքերուն մէջ կան մարդիկ, որոնք ժամանակին պարտաւորութիւնները չկատարելու պատճառով յայտնուած են դրամատուներու եւ կառավարութեան «սեւ ցուցակներուն մէջ»:
ՀՀ կառավարութիւնը 2013 թ. 100 միլիոն դրամ յատկացուցած էր սուրիահայ գործարարներուն` հայրենիքի մէջ նոր գործ սկսելու նախաձեռնութիւնը խրախուսելու նպատակով: Իւրաքանչիւր գործարարի յատկացուած էր արտօնեալ պայմաններով մինչեւ 5 միլիոն դրամի վարկ` մինչեւ 5 տարի մարման ժամկէտով եւ տարեկան 4 տոկոս տոկոսադրոյքով: