Կ’ուզեմ Հայաստանի Մասին Շատ Տեղեկութիւն Իմանալ.«Արի Տուն» Ծրագիրի Ապխազաբնակ Մասնակից
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/07/Աբխազիա-300x225.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2017» ծրագիրի ապխազաբնակ մասնակից Արմինէ Չայլեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին տեղեկացուց, որ իրենք տան մէջ միայն հայերէն կը խօսին, որպէսզի այդ միջոցով կարենան պահել ինքնութիւնն ու ազգային դիմագիծը: Տան մէջ հայկական աւանդոյթները կը պահպանեն, կը նշեն բոլոր տօները, ինչպէս օրինակ` Վարդավառի տօնը: եւ ուրախ է, որ այս տարուան այցելութիւնը Հայաստան համընկած է Վարդավառի օրուան հետ:
Մինչ այս` երկու անգամ եկած է Հայաստան, որուն ընթացքին այցելած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, Ծիծեռնակաբերդ, Գառնիի տաճար, Գեղարդի վանք, Խոր Վիրապ:
Այս այցելութեան ընթացքին Արմինէ Չայլեան կ’ուզէ Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթին ու աւանդոյթներուն մասին շատ տեղեկութիւններ ստանալ, որպէսզի օտար միջավայրի մէջ հպարտանայ հայ ըլլալով եւ պատմէ Հայաստանի մասին: