«Ես Իմ Անուշ Հայաստանի…». «Արի Տունը» Կարբի Գիւղին Մէջ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2014» ծրագիրի ծիրէն ներս 4-րդ փուլի Ապխազիայէն ժամանած 13-18 տարեկան 19 պատանիներու ու աղջիկներու հիւրընկալած էին Արագածոտնի մարզի Կարբի գիւղական համայնքի բնակիչները` գիւղապետ Կարօ Բաղդասարեանի գլխաւորութեամբ:
Գիւղապետ Կարօ Բաղդասարեան «Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին նշեց, որ մեծ սիրով համաձայնած են ընդունիլ երեխաներուն, պատրաստակամութիւն յայտնած են նաեւ գիւղի բնակիչները` արձագանքելով Սփիւռքի նախարարութեան առաջարկութեան: Ան նաեւ ըսաւ, որ եթէ դարձեալ ըլլային երեխաներ` մեծ ուրախութեամբ կ’ընդունէին: Գիւղապետը ողջունելով «Արի տուն» ծրագիրը` ընդգծեց, որ այն մեծ նպաստ կը բերէ հայապահպանութեան մեծ գործին:
Արի տուն ծրագիրով նախատեսուած առաջին շաբաթ եւ կիրակի օրերը երեխաները կ’անցնեն հիւրընկալող ընտանիքներու մօտ , որոնցմէ մէկն ալ կը համարուի համայնքի օր:
Յուլիսի 19-ին Կարբիի գիւղապետարանի աշխատակազմը ձեռնարկներու մեծ ու բազմաբովանդակ ծրագիր նախատեսած էր արիտունցիներուն համար:
Կարբի համայնքի գիւղապետարանի աշխատակազմի ղեկավար Անահիտ Խուդավերդեան մեզի հետ զրոյցին պատմեց, որ երեխաներուն ընդունած են 14 ընտանիքներ, եղած են ընտանիքներ, որոնք ընդունած են երկու երեխայ: Անահիտը պատմեց, որ սկիզբը մտավախութիւն ունեցած են, սակայն յետոյ, երբ ծանօթացած են երեխաներուն հետ, այդ մտավախութիւնները փոխարինուած են հաճելի զգացողութիւններով եւ անմիջական ու մտերմիկ կապով: Անոր խօսքերով` գիւղին մէջ ապխազահայ աղջիկներու ու պատանիներու մուտքով մեծ աշխուժութիւն սկսած է:
Գիւղացիները աղ ու հացով, երգ ու պարով դիմաւորած են Ապխազիոյ երեխաները, գեղեցիկ ու հանդիսաւոր արարողութիւն կազմակերպած մշակոյթի տան մէջ, ներկայացուցած գիւղի անցեալն ու ներկան: Ամէն երեկոյ յատուկ երեխաներու համար կը կազմակերպուին ձեռնարկներ, հանգիստը կ’անցնեն աշխոյժ եւ բովանդակալից:
Ձեռնարկին մասնակցեցան նախ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները, եղան գիւղի գրադարանը, այցելեցին հիւրընկալող ընտանիքներուն, զրուցեցին անոնց հետ:
Ապխազիայէն հայրենիք եկած Ժենիա Գառնեցեանին ընդունած է Ալինա Մարգարեանի ընտանիքը: Ալինան պատմեց, որ անմիջապէս սիրած է աշխոյժ ու գեղեցկուհի Ժենեային, որ իր երեխաները մեծ դժուարութեամբ կը բաժնուին իրմէ: Օրերս Ժենեայի ծննդեան օրն էր, եւ Ալինան պատմեց, որ մեծ շուքով Կարբի ձորին մէջ անոր ընկերուհիներուն հետ միասին նշած են այդ օրը: Ժենեան ալ իր հերթին ուրախ էր, որ իրեն այսքան սիրով ու ջերմութեամբ ընդունեցին հայրենիքի մէջ:
Հիւրընկալող ընտանիքներէն մէկն ալ Լեւոնեաններու ընտանիքն է, որու դուստրը` Լիլիթը, պատմեց, որ չնայած տարիքային տարբերութեան, երկու ապխազահայ աղջիկներու ու իր միջեւ մեծ բարեկամութիւն ու մտերմութիւն հաստատուած է:
Հիւրընկալող ընտանիքներու հետ ծանօթանալէ ետք մեզի կը սպասէր «Ե՛կ խօսենք հայերէն» խորագիրով ձեռնարկ, որ կազմակերպած էին Կարբի գիւղի մշակոյթի տան սաները: Անոնք ասմունքին, հայրենասիրական երգերուն միացան նաեւ արիտունցիները:
Գիւղի եւ յարակից տարածքին մէջ գտնուող պատմամշակութային եւ տեսարժան վայրեր այցելութիւններէն առանձնացան Սաղմոսավանքին եւ Տառերու պուրակին մէջ շրջայցերը: Սաղմոսավանքին մէջ մեզի եւ մասնակիցներուն անսպասելի անակնկալ կը սպասէր: Այնտեղ մենք յանպատրաստ ներկայ գտնուեցանք «Կարին» ազգային-ազգագրական պարային համոյթի պարի դասին: Անոնք արիտունցիներուն սորվեցուցին մեր ազգային շարքային, մարտական ու աշխատանքային պարերը: Երեխաները մեծ ոգեւորութեամբ վանքի դիմաց շուրջպար բռնեցին:
Արիտունցիները Երեւան վերադարցան հաճելի տպաւորութիւններով եւ մեծ բաւականութիւն ստացած:
Սփիւռքի նախարարութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Կարբի համայնքի բնակիչներուն նման գեղեցիկ ընդունելութեան համար:
Տաթեւ Դաւթեան