«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց Ծրագիրի Մասնակիցները` Աւ. Իսահակեանի Անուան Կեդրոնական Գրադարանին Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/07/1-30.jpg)
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, յուլիս 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի հայոց լեզուի ուսուցիչներու եւ կրթական գործի կազմակերպիչներու դասընթացքի մասնակիցներն այցելած են Աւ. Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարան: Անոնք շրջայց կատարած են գրադրանին մէջ, ծանօթացած աշխատակազմի առօրեային, որմէ յետոյ հանդիպած են «Մարի» հրատարակչութեան տնօրէն Մարիամ Մելքոնեանի եւ վաճառքի պատասխանատու Հելլէն տերմէնճեանի հետ:
Տեղի ունեցած քննարկումներու, հարց ու պատասխաններու արդիւնքով կարեւոր համարուած է դպրոցին մէջ աշակերտներու ուսուցումը կազմակերպելու հարցով մասնագիտական ձեռնարկներու, գիրքերու եւ ամսագիրներու անհրաժեշտութիւնը: Սփիւռքահայ ուսուցիչներուն հետաքրքած է նաեւ իրենց աշակերտներու մասնակցութիւնը հրատակարչութեան կողմէ իրականացուող բազմապիսի ծրագիրներուն եւ մրցոյթներուն:
Հանդիպման աւարտին մասնակիցները հրատարակչութեան կողմէ տպագրուած գիրքեր եւ ամսագիրներ ստացած են: