«Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015». Էջմիածին, Օշական, Սաղմոսավանք…
«Սփիւռք ամառնային դպրոց-2015» ծրագիրի մասնակիցները այսօր վայելեցին իրենց կեանքի ամենայիշարժան ու յուզիչ օրերէն մէկը: Էջմիածին ընթանալու ճանապարհին արդէն կը զգացուէր հոգեւորի ու հաւատքի ուժը, որ տեսակ մը պարուրած էր ե՛ւ հայերէնի արագացուած դասընթացքի մասնակիցները ե՛ւ ուսուցիչները: Անոնցմէ շատերը եղած էին մեր հոգեւոր մայրաքաղաքին մէջ, սակայն կը խոստովանէին` ամէն անգամ զգացողութիւններն ու տպաւորութիւնները տարբեր կ’ըլլան:
Մոսկուայէն ժամանած ուսուցչուհին` Ամալեայ Թադեւոսեան, Մայր աթոռի մէջ զգաց տիեզերքի աստուածային ներդաշնակութիւնը: «Կը մաքրուիմ այստեղ, տեսակ մը կը ձուլուին եկեղեցւոյ մէջ, կը դառնամ այս ամէնուն մէկ մասնիկը ու կը զգամ Տիրոջ ներկայութիւնը մեր կողքին, մեր մէջ»,- կը նշէ տիկին Թադեւոսեան: Ան ինքզինքը կը համեմատէ հայոց թագաւոր Արշակ Երկրորդի հետ, որ սեփական հողին վրայ անպարտելի կը զգար:
Մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը կը փորձէր պարփակուիլ իր մէջ ու Աստուծոյ հետ խօսիլ Աստուծոյ լեզուով:
Տոնի Ռոստովէն եկած Տիանա Խանֆերեան համամիտ է մեծն գրող Պայրոնի խօսքերուն հետ, որ իրօք Տէրը կը խօսի հայերէն, որովհետեւ մայրենիի մէջ այնքան սէր ու ներդաշնակութիւն կայ, որ չէր կրնար այլ կերպ ըլլալ: Էջմաիծինէն ուղեւորութիւնը շարունակուեցաւ դէպի Օշական` այն սուրբ հողը, ուր թաղուած է Մաշտոցը: Հանճարի գերեզմանին մօտ ուսուցիչները գլուխ խոնհարեցին հայոց առաջին ուսուցիչին առջեւ եւ կարծես ստացան անոր օրհնութիւնը, իսկ աշակերտները մտովի խոստացան լաւ սերտել հայերէնը, չմոռնալ իրենց մայրենին: Կ’ըսեն` ան, որ կը դրժէ սուրբին տուած խոստումը, կը պատժուի Բարձեալին կողմէ: Պատահական չէր, որ այցի ժամանակ Սբ. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ մկրտութեան արարողութիւն կ’ընթանար: Այն կարծես վերաիմաստաւորուեցաւ մասնակիցներուն համար, որոնք կարծես մկրտուեցան որպէս մայրենի լեզուի աշակերտներ, աշակերտներ` բառի լայն իմաստով, որովհերտեւ աշակերտ էին նաեւ Կորիւնն ու Խորենացին, Բուզանդն ու Փարպեցին:
Օշականէն ծրագիրի մասնակիցները շարժեցան դէպի Արագած լերան արեւելեան լանջին գտնուող Տառերու պուրակ, ուր տեսան մեր 36 «Զինուորներու» քանդակները, որոնք ստեղծուեցան, որ մենք ըլլանք, որ չձուլուինք ու չկորսուինք դարերու յորձանուտին մէջ: Մասնակիցներէն իւրահանչիւրը գտաւ իր տառը, փարուեցաւ անոր ու նկարուեցաւ յաւերժանալու, յիշելու ու պարտաւորուելու համար:
Յաջորդ կայանը Սաղմոսավանքն էր, դեռեւս 13-րդ դարէն մնացած պատմամշակութային յուշարձան, որ իր ինքնատիպ ճարտարապետական լուծումներու շնորհիւ եզակի է նաեւ այսօր: Այն նաեւ եղած է գրչութեան կեդրոն: Մասնակիցները մոմ վառեցին հնամենի վանքին մէջ, աղօթեցին ու ապաշխարեցին, պարպեցին իրենց մէջ եղած բացասականն ու լիցքաւորուեցան դրական ու ստեղծարար լիցքերով:
Յետ վերադառնալու ճանապարհին, ի հակադրութիւն հաճելի յոգնածութեան, մասնակիցները երգեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր, միացան անգամ անոնք, որոնք մայրենիին այդքան լաւ չէին տիրապետեր, ասմունքեցին Սեւակ, Շիրազ ու Չարենց, պատմեցին հայոց պատմութենէն հերոսական դրուագներ, ապրեցան ու շնչեցին հայկականը:
Վերադառնալուն Արարատը արդէն մշուշուած էր, բայց տեսանելի էր դեռեւս անոր վսեմ գագաթը, որ կարծես հայկական երգն ու խօսքը կ’ունկնդրէր ու հանգիստ կը զգար հայու վաղուայ օրուան համար: