Հայրենիքը` Իբրեւ Համահայկական Ներուժի Համախմբման Վայր
Այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը տիրէ արտակարգ եռուզեռ: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ սփիւռքի տարբեր համայնքներէն հայրենիք հասած են հարիւրաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ` մասնակցելու «Արի տուն» ամառնային ծրագիրին, որ առիթ կ՛ընձեռէ սփիւռքահայ նորահաս սերունդին` ծանօթանալու հայրենիքին եւ վերադառնալու իր ազգային ակունքներուն:
Իսկ ահաւասիկ, երկրորդ կարեւորագոյն ծրագիրը, որ կազմակերպուած է սփիւռքի նախարարութեան կողմէ, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցն է, որ այս տարի, մինչեւ այս յօդուածը գրելու պահը, կը համախմբէ 125 մասնակիցէ աւելի, բացի անոնցմէ, որոնք հիւսիսային Վրաստանի Վերին Լարս շրջանի ճամբուն փակուելուն պատճառով Ռուսիոյ զանազան շրջաններէն եւ Ուքրանիայէն ցարդ չեն կրցած հասնիլ Երեւան:
Այս տարին յոբելենական տարի մըն է «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին համար, որովհետեւ անիկա բոլորեց իր ստեղծման 5-րդ տարին: Այս` յոբելենական տարուան ընթացքին, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը, ի տարբերութիւն նախորդ չորս տարիներուն, թեւակոխած է որակական նոր շրջափուլ մը, այն իմաստով, որ անոր ուսումնական ծրագիրը բաւական յագեցած է, եւ շեշտը կը դրուի այն բանին վրայ, որ մասնակիցը միայն չստանայ փոխանցուած գիտելիքը եւ իր համայնքը վերադառնալէ ետք ամէն ինչ մոռնայ, այլ դասընթացքի ամբողջ տեւողութեան ինքն ալ տայ գործնական աշխատանքներու միջոցով եւ համայնք վերադառնալէ ետք շարունակէ նոյն ընթացքը` համագործակցութեան ամուր կապ հանդիսանալով հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ: «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի որակական նոր բարձունք նուաճելուն մէջ անուրանալի է դերը Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեանին, որ նաեւ անցեալ տարուընէ սկսեալ նշանակուած է դպրոցի ծրագիրներու ընդհանուր համակարգող: Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան եւ անոր օժանդակող` Երեւանի պետական համալսարանի կամաւոր ուսանողներու խումբը շարժիչ ուժերն են կազմակերպչական այն հսկայ աշխատանքին, որ տեղի կ՛ունենայ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծիրին մէջ:
Մէկ-երկու խօսք պէտք է ըսել այն միջավայրին մասին, որ կը հիւրընկալէ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին մասնակիցները` իր երդիքին տակ: Անիկա հայոց գիտական մտքի ու բարձրագոյն կրթութեան կեդրոնն է, մայր համալսարանը` Երեւանի պետական համալսարանը, որ ամէն տարի հազարաւոր շրջանաւարտներ կու տայ հայ ազգին` հարստացնելով անոր մարդուժը, բայց նաեւ` դպրոցին միջոցով կը ստանձնէ զուտ հասարակական դերակատարութիւն` հայրենիքը սփիւռքին եւ փոխադարձաբար սփիւռքը հայրենիքին ծանօթացնելու իմաստով:
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագիրը կ՛ընթանայ գլխաւոր հինգ ուղղութիւններով. Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում, Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու վերապատրաստում, Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներու պատրաստում, Ազգային երգ ու պար եւ Լրագրողներու վերապատրաստում: Այս տարի «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագիրը սկսաւ 3 յուլիսին: Իբրեւ լրագրող, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի միւս երկու պաշտօնակիցներուս` Սիլվա Գարավարդանեանի եւ Սեւակ Արոյեանի հետ կը մասնակցիմ Լրագրողներու վերապատրաստութեան դասընթացքին, որուն պատասխանատուն է Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի վարիչ, դոկտ. Նաղաշ Մարտիրոսեան: Բացի դպրոցի ծրագիրներու համակարգողին եւ դասընթացքի պատասխանատուին հետ հանդիպումներէն ու դասերէն, հանդիպումներ ունեցանք նաեւ յայտնի լրագրող Քրիստինէ Ալագուլեանի («բարոյագիտութիւնը ռազմական լրագրութեան մէջ»), «Ազգ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեանի («Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան քաղաքականութիւնը եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան կիրարկումը Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան մէջ») եւ ընկերային փիլիսոփայութեան եւ բարոյագիտութեան ամպիոնի օգնական, փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածու Արշակ Բալայեանի հետ («Հայ ազգային ինքնութիւն»):
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները անցնող օրերուն ընթացքին այցելութիւններ տուին հայոց ազգային սրբատեղիներ` Եռաբլուր պանթէոն եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Բաւական յուզիչ էր այն պահը, երբ Եռաբլուր պանթէոնին մէջ, պանթէոնի պատասխանատու պահեստազօրային գնդապետը մեզ ուղեկցեցաւ մինչեւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի նահատակ հերոսներուն շիրիմները եւ այնտեղ` ներկաներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ, որ այդ հերոսները իրենց կեանքը զոհաբերեցին, որպէսզի այսօր հայ մարդը իր հայրենիքին մէջ խաղաղ կեանք ապրի:
Թէ՛ «Արի տուն» ամառնային ծրագիրի եւ թէ՛ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մեկնարկները զուգադիպեցան հայոց պետականութեան հաստատման ու ամրապնդման իմաստով խորհրդանշական տօնի մը, որ Սահմանադրութեան տօնն է: Այն Սահմանադրութիւնը, որ որդեգրուեցաւ 1995 թուականին, բարեփոխուեցաւ 2005 թուականին եւ հիմնական փոփոխութեան ենթարկուեցաւ 2015 թուականի դեկտեմբեր 6-ին` անցնելու համար խորհրդարանական կառավարման համակարգին: Բնականաբար ալ, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի եւ «Արի տուն» ծրագիրին մասնակիցները 5 յուլիսին ներկայ էին Սահմանադրութեան տօնին առիթով Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած տօնական հանդիսաւոր ձեռնարկներուն:
«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 6 յուլիսին, Երեւանի պետական համալսարանի կեդրոնական մասնաշէնքի մեծ դահլիճին մէջ` ներկայութեամբ համալսարանի նախագահ փրոֆ. Արամ Սիմոնեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի, որոնք այս առիթով ալ ուղղեցին իրենց ողջոյնի խօսքերը: Գեղարուեստական խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին Երեւանի պետական համալսարանի մշակոյթի կեդրոնի երգչախումբը, ժողովրդային գործիքներու նուագախումբը եւ աղջիկներու համոյթը: Խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ «Կարին» աւանդական երգի ու պարի համոյթին ներկայացուցած պարերով` ղեկավարութեամբ Գագիկ Գինոսեանի:
Այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերածուած է համահայկական ներուժի համախմբման վայրի: Վստահ, մասնակիցները համախմբման այս ուժը, զգացողութիւնը պիտի ներզգան նաեւ իրենց համայնքները վերադառնալէ ետք: Թէկուզ եւ անոնց կարեւոր մէկ մասը հայերէնին լաւ չտիրապետէ: Եւ համախմբումի այս զգացողութիւնը ամէնէն կարեւոր բանն է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակներուն ընդառաջ:
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Ազդակ օրաթերթ
Երեւան, 7 յուլիս 2016