«Եկած Եմ, Որպէսզի Աւելի Լաւ Ծանօթանամ Արմատներուս». Դաւիթ Օհանջանեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն»  ծրագիրը թեւակոխեց  6-րդ փուլ, որուն բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը զրուցած է անոնցմէ երկուքին հետ:

Հայկ Եգանեան, 16 տարեկան, Յորդանան

-Ես եկած եմ Յորդանանէն, ուր յաճախած եմ մինչեւ 6-րդ դասարան   «Եուզպաշեան-Կիւլպէնկեան» հայկական դպրոց, որմէ յետոյ տեղափոխուած եմ ուրիշ դպրոց: Հիմա պէտք է 11-րդ դասարան յաճախեմ, որ սակայն հայկական դպրոց չէ: Որոշած եմ ատամնաբոյժ դառնալ եւ ընդունուիլ համալսարան, երեւի բարձրագոյն կրթութիւնս շարունակեմ Հայաստանի մէջ:

Առաջին անգամ կու գամ Հայաստան. մեր հայոց լեզուի ուսուցչուհին  պատմած է այս ծրագիրին մասին, եւ ես ցանկութիւն յայտնեցի մասնակցելու ծրագիրին:

Մինչ Հայաստան գալս` շատ  լսած եմ Արարատ լերան, Հայոց ցեղասպանութեան  մասին, տեսած եմ Երեւանի մասին պատմող տեսաֆիլմեր: Հիմա արդէն առիթ ունիմ սեփական աչքերով տեսնելու Հայաստանը, Երեւանը: Յոյսով եմ, որ այս օրերուն ընթացքին շատ  բան կը տեսնեմ ու  շատ նոր ընկերներ կ’ունենամ:

Դաւիթ Օհանջանեան, 16 տարեկան, Շուէտ, Ուփսալա

-Ծնած եմ Շուէտ, շատ հայեցի ընտանիքի մէջ, ուր կը պահպանուին հայկական բոլոր աւանդոյթները, մայրենի լեզուն կ’իշխէ մեր ընտանիքին մէջ: Ծրագիրին մասին  լսած եմ  ծնողներէս: Եկած եմ, որպէսզի աւելի լաւ ծանօթանամ արմատներուս:  Ես Հայաստան  շատ եկած եմ, սակայն այս անգամ Հայաստանի վայրերով կը շրջիմ  Սփիւռքէն եկած իմ տարեկիցներուս հետ. կը կարծեմ`  այդպէս աւելի հետաքրքիր կ’ըլլայ: Մենք Հայաստանի մէջ  շատ հարազատներ, ծանօթներ  ունինք.  համոզուած եմ, որ ծրագիրի ծիրէն ներս ես նոր հարազատներ ձեռք կը բերեմ: Ցանկալի է, որ երիտասարդական համահայկական այսպիսի ծրագիրներ շատ ըլլան որուն ծիրէն ներս աշխարհի տարբեր երկիրներ ապրող հայորդիները ծանօթանան, շփուին իրարու հետ, համագործակցին հետաքրքիր ծրագիրներու շուրջ:

 Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

 

 

 

Scroll Up