Յորդանանահայ Բարերարները Հանդիպեցան Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմի Մասնակիցներուն
Յուլիս 21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում, որուն կը մասնակցէին Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, Յորդանանի Ազգային մարզական միութեան ատենադպիր Յակոբ Սերպեքեան, Յորդանանի ազգային մարզական միութեան անդամ Սարգիս Սանճեան, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասնակիցներ Էդիկ Մարտիրոսեան, Անդրանիկ Աթալեան եւ Խաչատուր Օհանեան:
Ֆիրդուս Զաքարեան ներկաներուն փոխանցեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը: «Ուրախ եմ, որ հայ զինուորի նկատմամբ համընդհանուր սէր ու յարգանք կայ, քանի որ նրանց առաքելութիւնն ու գործն իրօք անգնահատելի է: Եւ առաւել ուրախ եմ, որ Հայրենիքից դուրս եւս կան մեծաթիւ բարերարներ, հայրենասէր մարդիկ, որ պատրաստ են ցանկացած պահի կանգնել հայ զինուոր կողքին ու զօրավիգ լինել նրանց: Այդպիսիք են այսօր Յորդանանից ժամանած մեր հիւրերը»,-ընդգծեց Ֆիրդուս Զաքարեան:
Յորդանանի Ազգային մարզական միութեան ատենադպիր Յակոբ Սերպեքեան իր երախտիքի խօսքը ըսաւ Ապրիլեան պատերազմի մասնակից տղաներուն: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Զէնքը պատերազմի ելքը որոշող միակ հանգամանքը չէ: Առաւել կարեւոր է կամքը, կռուի ոգին, որոնք առկայ են մեր զինուորներուն մէջ: Թող Աստուած ուժ տայ ձեզ Հայրենիքը աւելի հզօրացնելու, ուժեղ դարձնելու համար: Հաւատացէք, դժուարութիւնները կ’անցնին: Կառուցէք ձեր ապագան Հայաստանի մէջ»:
Այնուհետեւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասնակիցներ Էդիկ Մարտիրոսեան, Անդրանիկ Աթալեան եւ Խաչատուր Օհանեան պատմեցին Ապրիլեան քառօրեային իրենց մասնակցութեան մասին, նշեցին, որ անգամ վիրաւորուելէ ետք չեն նահանջած, ցանկացած են շարունակել մարտը:
Հանդիպման աւարտին Յորդանանի Ազգային մարզական միութեան ատենադպիր Յակոբ Սերպեքեանի, Յորդանանի ազգային մարզական միութեան անդամներ Սարգիս Սանճեանի եւ Յակոբ Յակոբեանի անունէն Էդիկ Մարտիրոսեանին, Անդրանիկ Աթալեանին եւ Խաչատուր Օհանեանին յանձնեցին դրամական օգնութիւն: