Հայկական Ծիրանի Համն Անմահական Է. «Արի Տուն» Ծրագիրի Մասնակից Աւստրալաբնակ Քոյրեր

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան  «Արի տուն-2017»  հայրենաճանաչութեան  ծրագիրի  4-րդ փուլի մասնակիցներէն Աւստալիոյ Մելպուռն քաղաքին մէջ ապրող Պրիանա եւ Պրենտա Քէնտիրեաններու հետ զրոյցը «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ սկիզբ  առաւ  հայկական արեւահամ ծիրանի հիւրասիրութեամբ:

Պրիանա Քէնտիրեան–Ուրախ ենք, որ Հայաստան կատարած մեր այցելութեան ընթացքին ոչ միայն կրնանք ծիրան ճաշակել, այլեւ հայկական տարբեր միրգեր: Անխօս, այստեղի միրգերը աւելի համեղ են ու հիւթալի, քան Աւստրալիոյ մէջ:

Աւստրալիա հայկական դպրոց կը յաճախեմ, նաեւ մարմնամարզութեամբ կը զբաղիմ:

Ճիշդ է, Հայաստանի մէջ մարդոց հետ հաղորդակցուելու քիչ մը կը դժուարանանք, բայց չենք յուսահատիր. կարեւորն այն է, որ իրար կը հասկնանք: Տան մէջ ալ հայերէն կը խօսինք, հայկական մթնոլորտի մէջ կը  մեծնանք, նաեւ կը նշենք բոլոր տօներն ու աւանդական ուտեստներ կը պատրաստենք:

Առաջին անգամ կու գանք Հայաստան: Երբ օդանաւէն իջանք ու Արարատի սքանչելի պատկերը տեսանք, չկրցանք թաքցնել յուզմունքը. մեր հայ ըլլալու իրական արժէքը այդ պահուն հասկցանք: Ազդուած էինք յատկապէս Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր գտնուելու ժամանակ, ուր յարգանքի տուրք մատուցեցինք Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին:

Այցելեցինք Էջմիածին, Խոր Վիրապ եւ բոլոր այն վայրերը, որոնց պատմական նշանակութեան մասին ուսուցիչները դպրոցին մէջ մեզի պատմած էին:

Պրենտա Քէնտիրեան–Հայկական ծիրանի համը անմահական է: Ես նոյնպէս մեծ հաճոյքով կ’ուտեմ այս միրգը: Շնորհակալ եմ հիւրասիրութեան համար:

Պէտք է ըսեմ, որ ապրելով օտար ափերու վրայ` դժուար է պահպանել հայկական ինքնութիւնը: Ուստի հայոց լեզուն լաւ սորվելով, հայկական դպրոց ու եկեղեցի երթալով կը փորձենք  չհեռանալ արմատներէն եւ հայ մնալ:

Մեր համայնքն ալ հայապահպանութեան գործին մէջ մեծ դեր ունի, քանի որ տարբեր  ձեռնարկներ կը  կազմակերպէ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին մասին դպրոցէն  տեղեակ պահած են: Ամէն ամառ կ’որոշէինք գալ, բայց չէինք յաջողիր իրականացնել, շատ ուրախ ենք, որ այս անգամ վերջապէս եկանք: Մեր մայրն ալ հաստատակամօրէն մեզի «Արի տուն» ուղարկեց` Հայաստան բացայայտելու, ընկերական նոր շրջապատ ձեռք բերելու համար:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up