Մանկավարժական Մեթոտներու Մշակում «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցին մէջ
Նախադպրոցական եւ տարրական դպրոցներու ուսուցիչները կը շարունակեն վերապատրաստուիլ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծիրէն ներս: Դասընթացքի ղեկավար Արմինէ Աշիկեան ներկայացուց մանկավարժութեան ձեւաւորումն ու զարգացումը: Մասնակիցներուն հետ յիշատակելով անուանի հայ մանկավարժներուն` նշեց, որ մշակութային արժեհամակարգի կրողները ուսուցիչներն են: Աշիկեան ներկայացուց բանահիւսութեան, կիբեռնետիկայի եւ ընկերաբանութեան հետ մանկավարժութեան առնչութիւնները:
Ներկայացուեցաւ նաեւ մտաւոր յետամնացութեան մանկավարժութեան մասին, որ կը զբաղի մտաւոր խնդիրներ ունեցող երեխաներու հետ: Քննարկուեցան ներառական կրթութեան մէջ ընդգրկուած երեխաներու հետ տարուող աշխատանքներու մեթոտները, խնդիրները, մանկավարժութեան մէջ կիրառուող յատուկ մօտեցումները: Բուռն քննարկումներու արդիւնքով անհրաժեշտ համարուեցաւ դպրոցներու մէջ Logopedist-ի, ընկերաբանի, հոգեբանի առկայութիւնը:
Մասնակիցները խօսեցան նաեւ դպրոցներու մէջ առողջ երեխաներու հետ Logopedist-ի աշխատանքներուն մասին, որ յաճախ կ’առաջացնէ ծնողներու դժգոհութիւնը: Վարքային անկանոնութիւն նկատուած երեխաներու համար նախատեսուած է անհատական ուսուցման ծրագիր (աուպ), որ կ’ապահովէ վերջիններուս մօտ դրական տեղաշարժ:
ՀՊՄՀ մանկավարժութեան եւ մեթոտիկայի ամպիոնի դասախօս Ճուլիետա Գիւլամիրեան բացատրեց ձայնաւոր եւ բաղաձայն հնչիւններու տարբերակման ձեւերն ու մեթոտները, ցուցադրեց տառադարանը, տառուսուցման, գրաճանաչութեան, վերլուծական-համադրական մեթոտները ներկայացնող պաստառներ եւ այլն:
Իւրաքանչիւր օր վերապատրաստուող ուսուցիչները դասը կ’ամփոփեն տարրական դասարաններու համար նախատեսուած երգերով, գործնական մեթոտներու մշակման աշխատանքներով:
Նիւթի հեղինակ` ՍԱԴ կամաւոր Անուշ Եոլչինեան