«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց Ծրագիրի Մասնակիցներն Այցելած Են Էջմիածին

Յուլիս 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի 250 մասնակիցները նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեանի ուղեկցութեամբ այցելեցին «Հայ միասնութեան խաչ» բարեգործական մշակութային հասարակական կազմակերպութիւն:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` հիւրերու շրջայցը սկսած է հարաւային դարպասէն, ուր կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Գրիգոր Բաբախանեան մասնակիցներուն ներկայացուց կազմակերպութեան ստեղծման պատմութիւնը եւ 30 տարուան գործունէութիւնը:

«Հայ միասնութեան խաչ» ԲՄՀԿ այցելութենէն ետք  ծրագիրի մասնակիցները այցելած են նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, մասնակցած Սուրբ եւ Անմահ պատարագի, զբօսնած Մայր Տաճարի շրջակայքը:

Լուսանկարները` «Հայ միասնութեան խաչ» ԲՄՀԿ-ի:

 

Scroll Up