«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Առօրեայէն (Բ.)

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի երկորդ օրն է։ Օրուան քննարկումներուն մէջ հիմնական տեղ գրաւեցին 4- Յուլիս- 2017-ին Արցախի սահմանին վրայ տեղի ունեցած ատրպէյճանական զինադադարի խախտումը եւ անոր հետեւանքները։
Օրուան դասախօսներն էին՝ ԵՊՀ նոր մետիայի եւ հաղորդակցութեան ամպիոնի դասախօս Դաւիթ Ալաւերտեան, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան եւ «Շանթ» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավար Քրիստինէ Ալագուլեան։
Ճաշի դադրէն ետք գործնական աշխատանքի պահն էր։
Երեկոյեան առիթը ունեցանք մասնակցելու ՀՀ պետական դրօշին ու խորհրդանշաններուն նուիրուած տօնական քայլերթին, որ փողերախումբերու, զինուորական ու ոստիկանական գունդերու, սկաուտական խումբերու եւ հասարակական ու երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ Հանրապետութեան հրապարակէն դէպի Ազատութեան հրապարակ երկարեցաւ։ Խումբ մը երիտասարդներ շալկած էին հսկայ եռագոյն մը եւ հանրապետութեան զինանշանը։ Բարձրացնելով մեր եռագոյնը, հայրենասիրական երգերով, կանչերով ու շուրջպարով երեւանցիները յիշատակեցին տօնը մինչեւ ուշ գիշեր։
Յուշիկ Ղազարեան
Երեւան
«Գանձասար»ի թղթակից