«Լիբանանահայ Երեխաները Խանդավառուած Են Հայրենասիրական Երգերով». «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Լիբանանահայ Մասնակից

Լիբանանի Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի երգեցողութեան ուսուցչուհի Սոնիկ Ստեփանեան-Փամբուկեան կը մասնակցի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի Ազգային երգի խմբավարներու եւ պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացներուն: Շատ հաճելի ժամանակ կ’անցնէ ծրագիրի ծիրէն ներս, կը փորձէ դասընթացներու ժամանակ հնարաւորինս շատ հմտութիւններ եւ լրացուցիչ գիտելիքներ ձեռք բերել, որպէսզի վերադառնալով Լիբանան` զայն փոխանցէ իր աշակերտներուն: Ան շնորհակալ է բոլոր մասնագէտներուն` ծրագիրի մասնակիցներուն հետ իրենց աշխատանքային փորձառութեամբ սիրայօժար կիսուելու եւ կարեւոր մասնագիտական խորհուրդներ տալու համար: Ինչպէս կը վստահեցնէ մեր զրուցակիցը, ծրագիրի ծիրէն ներս տեսարժան, պատմամշակութային վայրեր այցելելով` ոչ միայն նորովի կը բացայայտեն Հայաստանը, այլեւ աւելի կը մտերմանան  իրարու հետ:

«Լիբանանահայ աշակերտները խանդավառուած են հայկական ազգային երգերով, հայրենասիրական ոգին անոնց մօտ ակնյայտ է: Նախ կը բացատրեմ երգերու նշանակութեան մասին, նոր միայն կ’անցնիմ ուսուցման: Աշակերտներուն նաեւ արաբերէն երգեր կ’ուսուցանեմ»,–«Հայերն այսօր-ի  հետ զրոյցին ըսաւ Սոնիկը:

Սոնիկ Ստեփանեան-Փամբուկեան նաեւ անհատ կատարող է, համայնքային ձեռնարկներու ժամանակ պարբերաբար ելոյթներ ունենալու հրաւէրներ կը ստանայ: Հոգեւոր երգերու ձայնասկաւառակ ալ ունի, որուն թողարկման աշխատանքները Հայաստանի մէջ  կատարած է:

Գէորգ Չիչեան

Scroll Up