«Մեզի Բանիմաց Եւ Հմուտ Մասնագէտներ Կը Դասախօսեն».«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց Ծրագիրի Ուքրանիոյ Մասնակից

Ուքրանիոյ Փոլտաւա քաղաքի կրթամշակութային կեդրոնի տնօրէն Անոյշ Նազարեան, որ նաեւ կեդրոնին մէջ հայոց լեզու, հայ գրականութիւն, հայոց պատմութիւն եւ կրօնի պատմութիւն կը դասաւանդէ, կը մասնակցի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Հայոց լեզուի եւ կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստման դասընթացքին, ընդգրկուած է դասաւանդման միջին եւ աւագ խումբերուն մէջ: Նախապէս մասնակցած է այս ծրագիրի Ազգային երգի խմբավարներու եւ պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացքին:

Կրթամշակութային կեդրոնը ստեղծուած է 6 տարի առաջ, որուն գործունէութիւնը կը ծաւալուի Փոլտաւայի մարզային երիտասարդական գրադարանի շէնքին մէջ:

«Մեր մօտ ուսումնառութեան տեւողութիւնը հինգ տարի է, որմէ յետոյ սաները պետական նմուշի վկայական կը ստանան: Դասընթացները կազմուած են պետական ծրագիրներու հիման վրայ, որ արժանացած է Ուքրանիոյ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հաւանութեան: Իսկ երեխաներու հայոց լեզուի իմացութիւնը տարբեր մակարդակներու վրայ կը գտնուի: Արդէն մեր հմտութիւններէն կախուած է դասերու հնարաւորինս արդիւնաւէտ կազմակերպումը»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Անոյշ Նազարեան` աւելցնելով, որ որոշ ժամանակ յետոյ բոլորն ալ լիակատար կը տիրապետեն հայերէնին եւ կ’ուզեն Հայաստան այցելել, որ  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին շնորհիւ կրնան իրականացնել:

Դպրոցի տնօրէնի վստահեցմամբ, իրենց կը դասախօսեն բանիմաց եւ հմուտ մասնագէտներ, ընդհանուր առմամբ ուսուցման հիմքին մէջ առարկաներու դասաւանդման բազմազան ու արդիւնաւէտ մեթոդներու տիրապետումը դրուած է: Անոնք կը յաջողին ամբողջութեամբ ծանօթանալ այդ հմտութիւններուն եւ վերադառնալով իրենց բնակութեան վայրեր` սորված գիտելիքները փոխանցել աշակերտներուն: Կարեւոր է նաեւ այն, որ ծրագիրի ծիրէն ներս Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն եկած ուսուցիչները կը ներկայացնեն իրենց աշխատելաոճը, որ կը նպաստէ դասընթացներու հետաքրքիր անցնելուն:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up