Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Այցելեց Պէյրութի Ազգային Միացեալ Վարժարան
Աշխատանքային այցով Լիբանան գտնուող ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յուլիս 10-ին, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի ուղեկցութեամբ, այցելեց Պէյրութի Ազգային միացեալ վարժարանի նորակառոյց համալիր: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն, որ նախարարին դիմաւորեցին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արքեպիսկոպոս Փանոսեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւատեան, անդամներ Յակոբ Լուսարարեան, Սիւզի Սեմերճեան, վարժարանի տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան:
Միջազգային չափանիշներով կառուցուած համալիրն առաջին ուսումնական տարին կը սկսի այս սեպտեմբերին:
Հրանոյշ Յակոբեան ծանօթացաւ վարժարանի դասասենեակներուն, ուսումնական գործընթացքը լիարժէք կազմակերպելու պայմաններուն: Այնուհետու կայացաւ հանդիպում ուսուցչական անձնակազմին հետ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ տնօրէն Թալին Մարտիրոսեան:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, կարեւոր համարելով Սփիւռքի մէջ նման հիմնաւոր կրթական հաստատութեան մը յառաջիկայ գործունէութիւնը, իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ մրցունակ կրթութիւն ապահովելու, հայեցի դաստիարակութեան եւ մայր հայրենիքի` Հայաստանի հետ մշտական կապերու հաստատման եւ ամրապնդման խնդիրներուն: Նախարարն առանձնայատուկ կարեւոր համարեց ուսուցչական անձնակազմի դերակատարութիւնը` նշուած խնդիրները լաւագոյնս լուծելու եւ անհրաժեշտ մակարդակ ապահովելու առումով: Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց ուսուցիչներու Հայաստանի մէջ վերապատրաստում անցնելու եւ փորձի փոխանակում իրականացնելու առաջնահերթութիւնը:
Իր խօսքին մէջ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ հայր Շահէ Փանոսեան բարձր գնահատեց Հրանոյշ Յակոբեանի այցը Ազգային միացեալ վարժարան, արժեւորեց Հայաստան-Սփիւռք փոխգործակցութիւնը, կարեւոր համարեց հայ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբումը` համազգային նպատակներու յաջող իրականացման համար: