Պոսթընի «Սուրբ Ստեփանոս» Ազգային Վարժարանը` Հայակերտումի Օրրան

«Սուրբ Ստեփանոս» ազգային ամէնօրեայ վարժարանը հիմնադրուած է 1984 թուականին` ԱՄՆ Մասաչուսէթս նահանգին մէջ: Սկիզբը  եղած է նախակրթարան` 8 երեխաներով: Այսօր արդէն վարժարանը ունի մանկամսուր, մանկապարտէզ եւ հինգ նախակրթարան: Մանկամսուրին մէջ ուսուցիչները հայ են, որոնց մէկ մասը արեւելահայերէն, իսկ միւս մասը` արեւմտահայերէն կը խօսին, որ կը նպաստէ,  աշակերտներուն փոքր հասակէն ծանօթանան հայերէնի երկու ճիւղերուն: Ուսուցումը կ’իրականացուի ամերիկեան պետական ծրագիրով: Կը դասաւանդուի նաեւ երաժշտութիւն, արուեստի, կրօնի պատմութիւն եւ այլ առարկաներ:

«Մենք ամէն ինչ կ’ընենք` երեխաներուն շուրջ հայկական միջավայր ստեղծելու ուղղութեամբ, որպէսզի հաճոյքով սորվին Մայրենին: Ճիշդ է, անոնց մեծ մասը անգլիախօս ընտանիքներու մէջ ապրելու պատճառով հայերէն սորվելու ընթացքին դոյզն-ինչ դժուարութիւններու կը  հանդիպին, բայց մեր արհեստավարժ ուսուցիչներու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ կը յաղթահարեն լեզուական «պատնէշը»` հասնելով այն արդիւնքին, որ մինչեւ դպրոցն աւարտելը հայերէն հրաշալի կը գրեն ու կը կարդան»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ  վարժարանի տնօրէն Հուրի Պոյամեան` աւելցնելով, որ աշակերտները, վարժարանին մէջ համապարփակ գիտելիքներ ստանալով, լիովին պատրաստ են պետական քոլեջներ ընդունուելու:

2011թ. վարժարանը Մասաչուսէթսի Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Սենատին կողմէ հայոց լեզուն, մշակոյթը, պատմութիւնը տարածելու համար ճանչցուած է լաւագոյն կրթօճախ: Գեղեցիկ աւանդոյթ  դարձած է նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահին կողմէ ամէն տարի բարձր յառաջադիմութիւն ունեցող աշակերտներուն վկայագիրներով պարգեւատրելը:

Աւարտական դասարաններու աշակերտներուն համար կը կազմակերպուի երկշաբաթեայ ճանաչողական այցելութիւն դէպի Հայաստան, որուն ժամանակ անոնք յագեցած ծրագիրով ծնողներուն եւ հայերէնի ուսուցիչի ուղեկցութեամբ կը շրջին տեսարժան վայրերով, ծանօթանալով պատմամշակութային հարստութիւններուն: Այս տարուան այցելութեան ծիրէն ներս աշակերտները նաեւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Ապրիլեան պատերազմին զոհուած հերոսներու ծնողներուն` անոնց փոխանցելով իրենց հանգանակած գումարները:

Հուրի Պայրամեանի վստահետցմամբ, միշտ աշխոյժ կապի մէջ կը գտնուին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ, յառաջացած բոլոր հարցերուն, օրինակ` դասագիրքերու հետ կապուած, նախարարութեան աշխատակիցներուն կողմէ շտապ լուծում կը տրուի: Ի դէպ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան կազմակերպած «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2011 թ. մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս «Սուրբ Ստեփանոս» ազգային ամէնօրեայ վարժարանը «Սփիւռքի մէջ լաւագոյն հայկական կրթօճախ» անուանակարգին մէջ յաղթող ճանչցուած է:

«Սփիւռքահայերու հայեացքն ուղղուած է դէպի Հայաստան, բոլորս մեր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ պատրաստ ենք օգտակար ըլլալու Հայրենիքին, քանի որ մեր նպատակը հզօր, ապահով, ամուր հիմքերով երկիր ունենալն է: Սփիւռքի մէջ զօրուգիշեր կը մտածենք երիտասարդ սերունդին հայ պահելու, հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տալու մասին: Միայն այս միջոցով կրնանք ամրապնդել Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան կապերը»,-զրոյցն ամփոփեց  Հուրի Պոյամեան:

Աւելցնենք, որ Հուրի Պոյամեան 1988 թուականէն կը հանդիսանայ վարժարանի տնօրէնը: Ան աւարտած է Ֆրանսայի բողոքական քոլեջը` ստանալով պաքալաւրի աստիճան` ֆրանսական գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան ոլորտին մէջ:

Յետագային ուսումը շարունակած է Մասաչուսէթսի համալսարանին մէջ` ստանալով մագիստրոսի աստիճան` կրթութեան ոլորտին մէջ:

2005 թուականին արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, իսկ 2008 թուականին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ «Թագուհի Զապէլ» մետալին:

Գէորգ  չիչեան

 

Scroll Up