Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Սփիւռքահայ Արուեստագէտները
Յուլիս 8-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացուած «4 սերունդներ. վճռականութեան ոգին» խորագիրով ցուցահանդէսին իրենց աշխատանքները ներկայացուցած արուեստագէտներ Արփինէ եւ Սարին Ոսկեանները, Թանիա եւ Լենա Այդընեանները եւ Սելին Չաղլասեանը:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը բարձր գնահատեց լիբանանահայ գեղանկարիչ Լենա Այդընեանի` Հայրենիքի մէջ սփիւռքահայ արուեստագէտներու 3 գերդաստաններու 4 տարբեր սերունդներու ստեղծագործութիւնները ցուցադրելու նախաձեռնութիւնը, որ կազմակերպուեցաւ «Թէքէեան» մշակութային միութիւններու հիմնադիր մարմնի 70-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ: Ան նշեց, որ արուեստի հանդէպ սերունդէ սերունդ փոխանցուող սէրն ու նուիրումը տարածուած երեւոյթ է Սփիւռքի մէջ, որ եւս մէկ անգամ կը վկայէ տարբեր երկիրներու մէջ հայ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման մասին:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առանձնակի կարեւոր նկատեց ցուցահանդէսը Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ´ընես Արցախի համար» շարժման ծիրէն ներս իրականացնելը եւ գոյացած հասոյթի մէկ մասը Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու կարիքաւոր ընտանիքներուն տրամադրելու սփիւռքահայ արուեստագէտներու ցանկութիւնը:
Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւնը, հայու տեսակն ու ոգին պահպանելու, երիտասարդ սերունդի մէջ արուեստի միջոցով հայապահպանութեան ազդակներ հաղորդելու համար նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Արփինէ եւ Սարին Ոսկեաններուն, Թանիա եւ Լենա Այդընեաններուն եւ Սելին Չաղլասեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրով:
Ֆրանսայի մէջ բնակող Թանիա Այդընեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ գնահատանքի համար, նշեց, որ ինք երեք տարի առաջ առաջին անգամ Հայաստան եկած է եւ սիրահարուած, անոր կը գրաւէ այն բացառիկ եռանդը, որ իրեն ուժ կու տայ, եւ իր նպատակն է արուեստի միջոցով ֆրանսացիներու մէջ հետաքրքրութիւն առաջացնել Հայատանի նկատմամբ, անոնց ուղղորդել դէպի առաջին քրիստոնէական երկիր: