ՀՀ Սփիւռքի Նախարարն Աշխատանքային Այցով Մեկնած Է Լիբանանի Հանրապետութիւն

Յուլիս 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան աշխատանքային այցով մեկնած է Լիբանանի Հանրապետութիւն` մասնակցելու յուլիս 11-13 Անթիլիասի մէջ կայանալիք «Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը» խորագիրով համահայկական հաւաքին:

Հաւաքը կը մեկնարկէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի օրհնանքով, ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Համահայկական հաւաքին կը մասնակցին գիտնականներ, հոգեւորականներ, պետական եւ հասարակական գործիչներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն:

 

 

Scroll Up