Ժամանակն է աշխատանքով հաստատելու, թէ ազգովին փոթորիկներուն դէմ դնելու ուժ, միտք եւ կարողականութիւն  ունինք. Զարﬕկ Պողիկեան

Յուլիս 5-ին ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի անունէն Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան հիւպատոսութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 25-ամեակին առթիւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ներդրած աւանդի համար Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարﬕկ ՉիլապոշեանՊողիկեանը պարգեւատրեց Մովսէս Խորենացի ﬔտալով:

Այս առիթով կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը Զարﬕկ Չիլապոշեան-Պողիկեանի հետ:

– Տիկին Զարմի´կ, կը շնորհաւորեմ պարգեւատրման առիթով: Կը կարծեմ` իւրաքանչիւր պարգեւ նախ եւ առաջ պատասխանատուութիւն է. Ի՞նչ է Ձեզի համար այս պարգեւը:

– Նախագահական պարգեւը ինծի համար նախ քաջալերանքի, ապա նաեւ  յարգանքի ու վստահութեան արտայայտութիւն  է: Երբ կը պարգեւատրէ մեր երկրին նախագահը, կը նշանակէ կը վստահի մեր խօսքին: Նախագահական պարգեւատրումը խթան մըն է նաեւ կատարելագործելու մեր՝ լրագրողներուս, խմբագիրներուս աշխատանքը, յատկապէս պատերազմական պայմաններու մէջ: Աւելին. հայկական լրատուադաշտը Հայրենիք-Սփիւռք կամրջումի ամենացայտուն ազդակը դարձնելու:

Եւ վերջապէս, պարգեւատրումը հաստատում մըն է, որ մենք առանձին չէինք այս տագնապին մէջ, մեր կողքին ունէինք հայրենիքը, որ պատերազմի իւրաքանչիւր փուլը կ՛ապրէր մեզի հետ, կը տագնապէր մեզի հետ: Շնորհակալ եմ ՀՀ նախագահ Մեծարգոյ Տիար Սերժ Սարգսեանին՝ զիս այս պարգեւին արժանի տեսնելուն համար: Այս պարգեւը միայն ինծի չէ, այլ բոլոր անոնց, որոնք «Գանձասար»ին հետ գործակցեցան ու փորձեցին իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ թերթը սուրիահայութեան բեմը դարձնել:  Իրաւացի էք: Հիմա աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակեմ աշխատանքս:

– Անցնող տարիներուն ընթացքին անտեսելով ամէն ինչ՝ «Գանձասար»-ը չդադրեցուց իր գործունէութիւնը: Ինչի՞ շնորհիւ եւ ինչո՞ւ:

-Թերթը շնչող էութիւն է: Թերթը լրատուութեան աղբիւր չէ միայն, այլ կարծիք փոխանակելու, հարցեր արծարծելու, միտք ու գրիչ զարգացնելու, տագնապներ բաժնելու կարեւորագոյն բեմերէն է մեր կեանքին մէջ: Պատերազմի  օրերուն թերթը յոյսի ներշնչարան էր նաեւ, բայց մանաւանդ ապատեղեկատուութեան յորձանուտին մէջ վաւերական աղբիւր, որուն կը վստահէին մեր ընթերցողները Հալէպի մէջ, թէ այլուր: Անցեալ վեց տարիներուն «Գանձասար»ը, սուրիահայութեան միակ թերթը ըլլալով, պէտք էր որ լոյս տեսնէր անխափան կերպով՝ սուրիահայութեան ձայնը աշխարհին, աշխարհի անցուդարձերը սուրիահայութեան հասցնելու համար: Այդ փոխանակումը կարեւոր էր, յատկապէս Սուրիոյ մէջ համացանցի անկայուն վիճակը նկատի առած: Ահա թէ ինչո՛ւ «Գանձասար»ը շարունակեց լոյս տեսնել ու ամէն շաբաթ հասնիլ ե՛ւ տեղացի ընթերցողին, ե՛ւ Հայրենիքի ու Սփիւռքի մեր ընթերցողներուն: Թերթը անխափան կերպով լոյս տեսաւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, երբեմն ռումբերու տարափին տակ, երբեմն ելեկտրականութեան, համացանցի չգոյութեան պայմաններուն մէջ ու այս բոլորը հաւաքական աշխատանքի արդիւնք էին՝ խմբագրակազմ, աշխատակիցներ, թերթը ֆինանսաւորող մարմին, տպարան: Որեւէ ուշացումի պարագային ընթերցողները կը հեռաձայնէին ու կը հարցնէին թէ. «ո՞ւր է մեր թերթը», իսկ համացանցին վրայ կը սկսէին մտահոգութիւն արտայայտող գրառումները, թէ  ո՛ւր են սուրիահայերը այսօր, ի՛նչ պատահած է արդեօք Հալէպի մէջ, Քեսապի մէջ  եւ այլն:

Հալէպի մէջ տպագրութիւնը  աներեւակայելի ծախսեր կ՛ենթադրէր, տպագրութեան համար թուղթ ու մելան գտնելը, ելեկտրականութիւն ապահովելը դժուար էր  ու, պատկերացուցէք,  Հալէպի պետական թերթերը նոյնիսկ դադրեցուցին իրենց տպագրութիւնը եւ վստահեցան իրենց կայքէջին միայն՝ զերծ մնալու այս դժուարութիւններու յաղթահարման բեռէն: «Գանձասար»ը Հալէպի մէջ տպագրուող միակ թերթն էր, որ ամէն շաբաթ կը հասնէրհայ ընթերցողին: Ընթերցող ու խմբագրակազմ, ընթերցող ու աշխատակիցներ կապը այնքան սերտ էր, որ ինքնաբերաբար պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ կ՛աշխատէինք՝  պահելու այդ վստահութիւնը: Ամէն բան հեզասահ չընթացաւ, ունէինք նաեւ թերութիւններ: Այս բոլորը կը ներկայացնեմ ոչ թէ ըսելու համար թէ մեր աշխատանքը բաւարար էր, ո՛չ: Ընդհակառակը՝ այս տարիները ցոյց տուին, որ սխալ է այն կարծիքը թէ գրող չկայ, կարդացող չկայ, հետաքրքրուող չկայ: Մենք է, որ թերթն ու մամուլը պիտի դարձնենք հետաքրքրական, մղենք գրելու, կարդալու: Եթէ կարդացող ու գրող չկայ, ուրեմն մենք ենք յանցաւորը, մենք է որ թերթը վերածած ենք անշունչ, անկենդան էակի:

 Հալէպը եւ հալէպահայ համայնքն անկախ ամէն ինչէ` ապրեցաւ: Ապրեցաւ ու այսօր արդէն կը փորձէ վերընձիւղուիլ: Յանուն ինչի՞ եւ ինչպէ՞ս: Ի՞նչ է այդ ուժին աղբիւրը.

– Հալէպահայ գաղութը պատմական գաղութ է, որ խոր արմատներ ունի այս երկրին մէջ: Այդ արմատները կը հասնին Տիգրան Մեծի օրերուն: Սուրիահայութիւնը ընդհանրապէս, հալէպահայութիւնը մասնաւորապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք հաստատուելով յատկապէս Հալէպ ու իր հետ բերելով պատմական  հայրենիքի մշակութային ժառանգութիւնը, աւանդոյթներն ու կենցաղը, տարիներու ընթացքին իր ինքնութեան պահպանման յենարանները ստեղծած ու ամրագրած է Հալէպի մէջ ու Հալէպը դարձած է Մայր գաղութ եւ Սփիւռքի գաղթօճախներուն մատակարարած՝  մտաւորականներ, կղերականներ, ազգային գործիչներ, կրթական մշակներ եւ այլն: Հալէպցին իր աշխատանքով, իր նուաճումներով մեծ դեր ունեցած է նաեւ երկրի բարգաւաճման մէջ ու յարգանք, վստահութիւնձեռքբերած է: Հալէպի մէջ, օրինակ, եթէ ոեւէ տեղացի մը արհեստաւորի կարիք ունենայ, անպայման կը դիմէ հայ արհեստաւորին, որովհետեւ կը վստահի անոր համբաւին, այս եւ նման օրինակները պատճառ հանդիսացած են, որ հայը յատուկ վարկ ու յարգանք վայելէ Սուրիոյ մէջ ընդհանրապէս ու անկաշկանդ կերպով զարգացնէ իր աշխատանքը՝ զանազան բնագաւառներէ ներս: Անկախ այս իրողութենէն, Հալէպի մէջ պահպանուած ու զարգացած է մարդկային յարաբերութիւններու, հաւաքական աշխատանքի ջերմ մթնոլորտ մը, առանց որուն մարդիկ, այսօր, օտարութեան մէջ, կը դժուարանան ապրիլ, կը փնտռեն, կ՛երազեն Հալէպի օրերը:

Ուժի աղբիւրը մեր դպրոցները, մեր եկեղեցիները, մեր մշակութային կեդրոնները, տակաւին մեր աւանդոյթները, մեր ամենապարզ յարաբերութիւններն են, որոնց շնորհիւ Հալէպը ցոյց տուաւ, որ տարիներու ընթացքին դիմադրելու մեծ ներուժ կուտակած է իր մէջ:

Ինչպիսի՞ն է հալէպահայ համայնքի ներկան ու կեանքը այսօր: Ի՞նչ դժուարութիւններ ունի եւ ի՞նչ խնդիրներ դեռ պէտք է յաղթահարէ:

– Հալէպը այսօր աւելի խաղաղ է, մահուան ամէնօրեայ սպառնալիքը չի թակեր  հալէպահայուն դուռը այլեւս, թէեւ պատերազմը կը շարունակուի ու վտանգը որեւէ պահու կրկինկրնայ յայտնուիլ: Համայնքը կը շարունակէ գոյատեւել եւ աստիճանաբար թօթափել պատերազմի հետքը: Դժուարութիւնները անհամար են, ելեկտրականութեան եւ ջուրի տագնապը, տնտեսական տագնապը տակաւին կը շարունակուին, որովհետեւ երկիրը անբնական պայմաններու մէջ է: Համայնքը, ներկայիս վերականգնումի յուսադրիչ փուլին մէջ է: Վերականգնումը կառոյցներու, դպրոցներու, վերականգնումը մարդկային պաշարներու: Աշխատանքները ընթացք առած են արդէն: Վերականգնումի այս աշխատանքներուն մէջ սուրիահայութեան զօրակցութիւնը համահայկական խնդիր է ու համահայկական կարեւորութեան պէտք է արժանանայ: Ժամանակն է  աշխատանքով հաստատելու, թէ ազգովին փոթորիկներուն դէմ դնելու ուժ, միտք եւ կարողականութիւն  ունինք, կրնանք ունենալ եւ պահել այդ ուժը: Պատերազմները կու գան, պիտի գան ու անցնին: Մենք մեր դիմադրողական ուժը պէտք է զօրացնենք, եթէ կը հաւատանք մեր արժէքներուն:

– Իւրաքանչիւր պատերազմ, անկախ յաղթանակէն, կը ձգէ չսպիացող վէրք ու չամոքուող ցաւ. Ի՞նչ է, Ձեր կարծիքով, հալէպահայ համայնքի այդ չսպիացող վէրքն ու չամոքուող ցաւը:

-Չամոքուող ցաւը նախ մեր անմեղ զոհերուն կորուստն էր: Անոնք էին, որ իրենց կեանքին գնով դիմադրողականութեան դասեր տուին մեզի: Երկրորդ ցաւը, ըստ իս, պատերազմէն դուրս գալով իրենց յստակ ուղին չգտնող հալէպահայերուն վիճակն էր: Անոնց անորոշութիւնն էր, որ մեր ողբերգութիւնն էր նաեւ: Մենք համահայկական առումով պատրաստ չէինք ու չեղանք հալէպահայերու այդ հոսքը ծրագրուած կերպով առաջնորդելու ու պահելու Հայաստան: Արեւմտեան ափերու մէջ ուծացումը անխուսափելի է: Հակառակ անոր, սակայն, այսօր ուրախութիւն է տեսնել հայրենիքի մէջ աւելի քան 15.000  սուիրահայերու հաստատուիլը, անոնց յաջողութիւնները, նոյնիսկ յաղթահարելի դժուարութիւնները: Պատերազմին մէջ ամենայուսադրիչ երեւոյթներէն մէկն էր ասիկա:

Շնորհակալ եմ, սիրելի´ Լուսինէ, հարցազրոյցի այս առիթին համար:

Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up