Երբեք Չեմ Մոռնար Սուրիոյ Պատերազմի Մեր Անմեղ Զոհերը, Մեր Անմեղ Աշակերտները. Անդրանիկ Պօղոսեան
Հալէպի Կրթասիրաց Սարգիս Չեմպերջեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն, Սուրիոյ գաւառական ժողովի անդամ Անդրանիկ Պօղոսեանը գրեթէ ամէն ամառ կարելի է տեսնել Հայաստանի մէջ : Պատճառը.
– Ամրան արձակուրդներուն միշտ կը ցանկամ զաւակներուս հետ Հայաստան գալ: Սերոբն ու Սարոն Քաթար կը բնակին, Սեւակը` Շուշի: Այս շրջանին է, որ կրնանք միասին հաւաքուիլ հայրենիքի մէջ: Այս տարի քիչ մը երկար մնացի, քանի որ մասնակցեցայ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին:
Դպրոցի շահը կը պահանջէ չբացակայիլ, չհեռանալ Հալէպէն, միշտ պէտք է դպրոց ըլլանք, միայն ամառը, արձակուրդին կրնանք դուրս գալ Հալէպէն:
– Պարո՛ն Անդրանիկ, անցնող տարիները մեծ փորձութիւն էին Հալէպի համար: Սակայն հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` Հալէպը, հալէպահայը ապրեցաւ:
– Իրականութիւն է, որ պայմանները բարելաւուած են: Վերջին 3-4 ամիսներուն այլեւս պայթիւններ, հրթիռակոծութիւններ չեն ըլլար, յատկապէս` հայկական, քրիստոնէական թաղամասերուն մէջ: Ընտանիքներն այլեւս կրնան խաղաղ, հանգիստ ապրիլ: Սակայն վախը այնքան մարդոց հոգեբանութեան վրայ ազդած է, որ շատերը կը կարծեն` ժամանակաւոր է այս խաղաղութիւնը: Այդ պատճառով` զգուշաւոր են: Սակայն որոշներն ալ քաջալերուած` Թարթոսէն, Լաթաքիայէն, Լիբանանէն, Գանատայէն, անգամ Հայաստանէն կը վերադառնան Հալէպ:
Դէպք մը կ´ուզեմ պատմել: Նախորդ ուսումնական շրջանին ծնող մը եկաւ մեր դպրոց եւ ըսաւ. «Երէկ կէսօրին Գանատայէն Հալէպ հասած ենք, կը խնդրեմ իմ երկու փոքրիկներս Ձեր դպրոց ընդունէք»: Պահ մը լուռ մնացի, քանզի չսպասուած լուր էր ինծի համար: Խեղճ կինը կարծեց, թէ պիտի մերժեմ, կրկնեց` խնդրեմ, չմերժէք: Ըսի. «Տիկի՛ն, Դուք Գանատայէն Հալէպ վերադարձած էք, Կրթասիրաց վարժարան, կրնա՞յ Հալէպն իր դռները չբանալ իր զաւակներուն առջեւ: Կրնա՞յ Կրթասիրաց վարժարանն իր դռները լայն չբանալ իր զաւակներուն առջեւ»: Յուզուեցաւ, միասին յուզուեցանք, որովետեւ շատ գեղեցիկ, յուզիչ պահ էր:
Համոզուած եմ` վերամուտին շատերը պիտի վերադառան Հալէպ:
Հալէպ ապրողները սկսած են ինքզինքնին գտնել , արհեստանոցներու դռները լայն բանալ, կը փորձեն վերաշինել, վերանորոգել իրենց բնակարանները: Պետութիւնը եւս կ´աշխատի օգտակար դառնալ: Մէկ բան յստակ է. Սուրիոյ պետութիւնը, այսօրուան իշխանութիւնը չի կրնար երեւակայել Հալէպը առանց հայութեան, այդ պատճառով բոլոր տեսակի դիւրութիւններ կը ստեղծէ, որպէսզի հայերը վերադառնան Հալէպ: Քաղաք, որ եղած է Սուրիոյ շինարարութեան, արուեստի ու արհեստի կեդրոն:
Որքան գեղեցիկ է, որ Դամասկոս-
Երեւան ուղղութեամբ չուերթներ կ´իրականացուին: Յուսանք, որ Հալէպի օդակայանէն եւս կը բացուի:
– Անցնող տարիներուն ընթացքին Հալէպի Կրթասիրաց Սարգիս Չեմպերջեան վարժարանը ինչպիսի՞ դժուարութիւններ դիմակայեց:
– 2012 թուականին մեր վարժարանը ունէր 730 աշակերտ: Տարիէ տարի այս թիւը սկսաւ նուազիլ, ամէն տարի մօտ 100 աշակերտ կը պակսէր: 2016 թուականին 410 աշակերտ ունէինք, այսօր` 450: Ծնողները չէին դիմանար այն վիճակին, որ կը տիրէր Հալէպի մէջ:
Օր մը նստած էինք դպրոցը, յանկարծ հրթիռներու ձայներ լսեցինք: Քիչ անց հրթիռ մը ինկաւ եկեղեցւոյ մօտ, միւսը` ետեւի կողմը: Կարծես ներքին ձայն մը յուշեց, որ 3-րդ յարկի երկրորդական բաժինի աշակերտներուն ներքեւ իջեցնենք: Հազիւ անոնց գետնայարկ իջեցուցած էինք, երբ հրթիռ մը ինկաւ, եւ դպրոցի տանիքը վնասուեցաւ, սկսան քարեր թափուիլ, ապակիները կոտրուիլ: Լաւ էր, որ վերեւի դասասենեակներուն մէջ աշակերտ չկար, այլապէս ջարդի նման բան կրնար տեղի ունենար:
Յաջորդ օրը չկրցանք դպրոցը բանալ: Բայց, ցաւօք չես կրնար ամէն վտանգէ աշակերտներդ պաշտպանել: Այդ դէպքէն ետք մեր աշակերտներէն մէկը` Հինտոյեան ազգանունով, որուն տունը դպրոցի հարեւանութեամբ էր, իրենց խանութին մօտ ռումբի պայթիւնէն զոհուեցաւ:
Ցաւօք, մեր դպրոցի աշակերտներէն քանի մը հոգի զոհուեցան: Նուազագոյնը երկու ուսանող զոհուեցաւ դպրոցի մօտակայքը, մեր շրջանաւարտները սուրիական բանակին մէջ նահատակուեցան` Լեւոն Սրապիոնեան, Հրաչ Յակոբ եւ ուրիշներ:
Բայց անկախ բոլոր դժուարութիւններէն ու մարդկային կորուստներէն, դպրոցը շարունակեց իր գործունէութիւնը, առաքելութիւնը, չդադրեցաւ` դիմանալով բոլոր դժուարութիւններուն: Փա՛ռք Աստուծոյ, կրցանք դպրոցի դռները բաց պահել երէկ, այսօր եւ վաղը:
– Ինչի՞ շնորհիւ կրցաւ մնալ, պայքարիլ եւ շարունակել ապրիլ:
– Իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է` չմտածել միայն իր անձի, անձնական շահի մասին: Այսօր Սուրիոյ մէջ ազգովի վնասի ենթարկուած ենք: 1915-17 թուականներուն Տէր Զօրի անապատներուն մէջ հայ մայրիկներն աւազի վրայ Այբ, Բեն, Գիմ կը սորվեցնէին մեր գաղթական փոքրիկներուն: Այսօրուան պայմաններուն մենք շատ աւելին կրնանք եւ պէտք է ընենք, միջոցներ գտնենք, որպէսզի մեր փոքրիկները չզրկենք իրենց մայրենին սորվելու եւ մշակոյթը վայելելու բերկրանքէն: Մենք պարտաւոր ենք շարունակելու մեր առաքելութիւնն ամէն գնով: Այնտեղ պիտի մնանք, որքան Աստուած մեզի կեանք տուած է: Ասիկա է իմ վերջնական համոզումս:
– Պարո՛ն Անդրանիկ, վերջերս Դուք պարգեւատրուեցաք ՀՀ Նախագահի Երախտագիտութեան մետալով: Ին՞չ է այս պարգեւը Ձեզի համար:
– Յաւելեալ բեռ (կը ժպտի-հեղ.): Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին` գնահատելով իմ համեստ ներդրումս, որոնք տեսան, նշմարեցին մեր աշխատանքը: Սա խթան է մեզի համար, յաւելեալ պատճառ, որպէսզի աւելի աշխատանք տանինք, աւելի զոհողութիւններ իրականացնենք, որպէսզի կարենանք կատարել մեր պարտականութիւնը մեր անմեղ փոքրիկներուն հանդէպ: Յատուկ շնորհակալութիւն վսեմաշուք Նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, բոլորին: Այս պարգեւն ինծի համար ո՛չ միայն ուրախութիւն է, այլ նաեւ պատիւ, խթան:
– Պատերազմն, ինքնին, մեծ ցաւ է, չսպիացող վէրք: Սակայն ո՞ր օրը եղած է ամենատխուր օրը Ձեզի համար, որ ընդմիշտ կը շարունակէ ապրիլ Ձեզի հետ:
– Չեմ կրնար մոռնալ, եւ երբեք չեմ մոռնար մեր անմեղ զոհերը, մեր անմեղ աշակերտները: Ինչու՞ պէտք է զոհուի 3-րդ, 6-րդ դասարանի աշակերտը, ի՞նչ է անոր յանցանքը:
Երբ կը լսէի, որ հայ մը նահատակուած է, հայ ծերունի մը տան մէջ այրուած է, ինծի համար մեծ ցաւ էր: Ինքզինքս պարտաւոր կը զգայի անպայման թաղումին ներկայ գտնուելու, անկախ անկէ` կը ճանչնայի հանգուցեալը, թէ` ոչ:
Դիւրին չէ երեւակայել այն, ինչ պատահեցաւ Հալէպ քաղաքին: Հալէպի մօտ 40 հազար հայ բնակչութենէն այսօր ընդամէնը 8 հազար հայ մնացած է: Յոյս ունինք, որ Մայր գաղութը վերստին կ’աշխուժանայ: Այն պէտք է ոտքի մնայ, կայուն, շարունակէ գործել, որպէսզի կարենայ միւս համայնքներուն ուժ, թարմ աւիւն ապահովել:
Վնասներ կրեց ո՛չ միայն Հալէպը: Անցեալին Գամիշլիի մէջ 10 հազար հայ կը բնակէր, հիմա ընդամէնը 1000-1200 ընտանիք կ´ապրի:
Դիւրին չէ այսօր Եւրոպայի, Գանատայի մէջ ցիրուցան եղած հայերը քով-քովի բերել, որպէսզի հայերէն սորվին: Սուրիոյ մէջ բոլորս միասին ենք, թաղամասերը կողք-կողքի են, մեր դպրոցներուն մէջ կրնանք մեր փոքրիկներուն հայերէն, հայկական մշակոյթ ու պատմութիւն սորվեցնել, որպէսզի կառչած մնան իրենց արմատներուն: Անգամ եթէ օտար երկիրներ ալ երթան, կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել այդ համայնքի վերականգնման ու աշխուժացման:
Թէկուզ կը լքեն Հալէպը, բայց ցաւ կը զգան, դժգոհ են, որ չեն կրնար գտնել Հալէպի ջերմ մթնոլորտը, որ մենք նախապէս կը վայելէինք: Տայ Աստուած, որ խաղաղութիւնը շարունակուի եւ խաղաղութեան աղաւնին վերադառնայ Սուրիոյ երկինք` ընդմիշտ:
– Պարո՛ն Անդրանիկ, Ձեզի համար ի՞նչ եղած է այն լուսաւոր կէտը, որ ցրած է պատերազմի մթութիւնն ու խաւարը:
– Ես լաւատես եմ, բայց չեմ կրնար չյիշել Հայոց պետականութեան մեծ դերը: Երբ կը զգաս, որ հայրենիքդ քու կողքիդ է եւ որեւէ ատեն կրնայ ձեռք մեկնել քեզի` առաւել զօրաւոր կը դառնաս: Ինծի համար ամենալուսաւոր կէտն է ասիկա:
Երկրորդ` Սուրիոյ հայկական համայնքին համար կատարուող տարատեսակ օժանդակութիւնները: Ես նաեւ այս ձեւով կ´ուզեմ շնորհակալութուն յայտնել մեր կրօնապետերուն, որոնք ջանք չեն խնայեր, որպէսզի կարենան նիւթական օժանդակութիւններ ապահովել Սփիւռքի ողջ տարածքին եւ ուղարկել Սուրիա:
Փափաքս է, որ շարունակուի այդ աջակցութիւնը: Ինչպէս Արամ Վեհափառը յայտարարեց դեռ ամիսներ առաջ, այս տարի վերականգնումի տարի է, հետեւաբար` պէտք է ընենք հնարաւոր ամէն բան, որպէսզի կարենանք վերականգնել նախ եւ առաջ մեր կրթօճախները, որպէսզի շարունակենք մեր զաւակներուն հայկական կրթութիւն տալու մեր առաքելութիւնը:
Պէտք է յիշել, որ Սուրիոյ մէջ ապրող հայ ընտանիքներ, զաւակներ կան, անոնց պէտք է պաշտպանել գործնականօրէն: Կ´ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել հայրենիքի մէջ եւ հայրենիքէն դուրս ապրող բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն մեզի:
Ամէն անգամ օրհնաբեր կ´ըլլայ այն օրը, երբ կը լսես, որ մեր հաւաքական միասնութեամբ ու օժանդակութեամբ` պէտք է լաւնայ մեր ժողովուրդի զաւակներու կեանքը:
Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան
Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»